ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Ֆիլիզ Ալի ելոյթ մը ունեցաւ Տինքի ոգեկոչումի հաւաքին. «Յոյսը այստեղ է… Այս հողը, այս երկիրը մե՛րն է»։

Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս, Հրանդ Տինքի սպանութեան 12-րդ տարելիցին, համախմբուեցան հազարաւոր քաղաքացիներ։ Այս տարուան խօսքը արտասանեց Ֆիլիզ Ալի՝ դուստրը անուանի արձակագիր ու բանաստեղծ Սապահատտին Ալիի, որ ձերբակալուած ու անհետ կորստեան մատնուած էր 1948-ին։