PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Զգո՛յշ «միւս»ի նկատմամբ

Եթէ փորձենք առօրեայ տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական վերիվայրումներէն դուրս գալով դիտել երկրագունդը, պիտի տեսնենք որ ամէն մարդ ունի իր հալածանքի արժանի «միւս»ը։

Վերջերս Եւրոպական մայրաքաղաքներու եւ զանազան քաղաքներու մէջ կը կայանան բողոքի ցոյցեր, «ԲԷԿԻՏԱ» ընդհանուր խորագրով։ Բառը կազմուած է «Արեւմուտքի Իսլամացման դէմ հայրենասէր Եւրոպացիներ» հասցէագրումի սկզբնատառերէն։

Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը եւ համատարած գործազրկութիւնը պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ այլատեաց դիրք բռնեն իրենց ձեռք բերած ընկերային իրաւունքները կիսող «օտար»ներու դէմ։ Աջակողմեան մտածելակերպի անխուսափելի հակասութիւնն է այս երեւոյթը։ Դրամապաշտ գաղափարախօսութեան բնական հետեւանքն է գործազրկութիւնը։ Նոյն դրամապաշտ միտքը, երբ համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք իր արտադրութեան համար կարիք կը զգար յաւելեալ մարդուժի, լայն կը բանար արեւմտեան երկիրներու դռները գաղթական բանուորներու դիմաց։ Այսպէս համեմատաբար աւելի համեստ երկիրներ հանդիսացող Փորթուկալ, Իտալիա, Յունաստան եւ նախկին Եուկոսլաւիայէ մեծ թիւով գաղթական բանուորներ խուժեցին Գերմանիա, Պելճիա, Ֆրանսա, Հոլանտա եւ այլ երկիրներ։ Այդ թուականներուն մեծ թիւով թուրքիացիներ ալ աշխատանքի գացին դէպի այդ երկիրները։

Աշխատանքի համար գաղթելու այս երեւոյթը ժամանակաւոր էր շատերուն համար։ Մարդիկ քանի մը տարի տքնելէ ետք որոշ կուտակում մը ապահովելով վերադարձան իրենց տուները։ Բայց Թուրքիայէ եւ այլ իսլամ երկիրներէ եկողներ համակերպեցան այս նոր երկրի աւելի քաղաքակիրթ պայմաններուն։ Օգտուեցան այդ երկիրներու մէջ արդէն իսկ ապահովուած ընկերային բարեկարգումներէն։

Անցնող տարիներու ընթացքին դէպի արեւմտեան երկիրներ գաղթեցին նաեւ քաղաքական աքսորեալներ։ Ժամանակաւոր եկածները համակերպեցան այդ երկիրներու կարգ ու կանոնին։ Բայց մնայուն բնակութիւն հաստատածները հետզհետէ աւելի պահանջատէր դարձան իրենց կարգ ու կանոնը պարտադրելով տեղացիներուն։ Սկզբնական շրջանին լոկ մարդու իրաւունքներու սահմանումով ընկալուած այդ պահանջները ժամանակի ընթացքին վերածուեցան ճնշումի։ Հիմա այդ ճնշումի հակազդեցութիւնն է որ կը ներկայանայ «ԲԷԿԻՏԱ»ի ցոյցերով։

Նոյն օրերուն Անթալիա քաղաքի կուսակալ Մուամմէր Թիւրքէր ալ նման մերժողական դիրք մը կ՚որդեգրեր Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն փախելով Թուրքիա ապաստանած գաղթականներուն դէմ։ Կուսակալը կը խուսափէր զբօսաշրջութեան կեդրոն մը հանդիսացող Անթալիոյ փողոցներուն վրայ Սուրիացի մուրացկաններու յայտնութենէն։ Այսպէս Թուրքիա ալ Սուրիացիներու կերպարին մէջ կը գտնէր հալածանքի արժանի իր «միւս»ը։ Մտահոգիչը այն է որ Թուրքիոյ մէջ այլատեացութիւնը չի սահմանափակուիր բողոքի ցոյցերով։ Դիւրաւ կը գրգռուին զանգուածներ, որոնք պատրաստ են փողոց իջնելով լինչի ենթարկել ցանկացած միւսը։ Այս երեւոյթը ապրեցանք զանազան օրինակներով։

Նէօլիպէրալ դրամապաշտութիւնը փուլ տուաւ ազգային պետութիւն հասկացողութիւնը, բայց մարդիկ կը դժուարանան իրենց երկիրը, քաղաքները օտարներու հետ բաժնելու գաղափարին դիմաց։

Յայտնի է որ համաշխարհայնացումի այս երեւոյթը տակաւին երկար ժամանակ պիտի տանջէ, թէ տեղացիները եւ թէ եկուորները, մինչեւ որ կողմերը գտնեն միատեղ ապրելու միջոցները։