Հալաճօղլու ալ լուր չունի

Եուսուֆ Հալլաճօղլու, նշելով որ իր 15 տարուայ նախագահութեան շրջանին նման դէպք մը չէ պատահած ու ըսաւ. «Պարտաքճըի պնդածին նման գործողութիւն մը անկարելի է։ Ես պետական արխիւներու մէջ ալ որպէս բարձրաստիճան պատասխանատու պաշտօն ստանձնած եմ։ Այդ փորձառութեան յենելով կ՚ըսեմ թէ Թուրքիոյ Պատմութեան Կաճառի ոեւէ նախագահ պետական արխիւներէն փաստաթուղթ մը վերցնելով ուրիշ տեղ մը չի կրնար պահել»։

«Ակօս»ի նախորդ թիւերուն մէջ թերթիս աշխատակիցներէն Էմրէ Ճան Տաղլըօղլուի պատրաստած զգայացունց լրատուութիւնը արձագանգներ բերած էր Թուրքիոյ Պատմութեան Կաճառի շրջանակներէն։ Հոն պնդուած էր թէ Կաճառի բարձրաստիճան վարչայիններէն մէկը պետական արխիւներ մտնելով անհետացուցած էր 1915 թուին հայոց տարագրութեան վերաբերեալ զանազան փաստաթուղթեր։ Այս հրապարակումէն ետք կաճառի նախկին նախագահները՝ Մէթին Հիւլակու եւ Ալի Պիրինճի յայտնած էին որ նման դէպք մը միայն ամենավերին տնօրինութեամբ կրնայ կատարուիլ եւ իրենք այդպիսի հրաման մը չեն տուած։ «Այս պնդումը կատարող Մուրատ Պարտաքճը պէտք է յայտարարէ այդ պատասխանատուի անունը» ըսած էին նախկին նախագահները։ 

Այս յայտարարութիւններէն ետք ուշադրութիւները ուղղուեցան Կաճառի նախկին նախագահներէն, այժմ ՄՀՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Եուսուֆ Հալլաճօղլուի վրայ։ Վերջինս ալ իր կարգին մերժեց արխիւներէն փաստաթուղթեր վերցնելու եւ ուրիշ տեղ մը փոխադրելու պնդումը։ «Այս բնոյթով հարցումներուն ենթական պէտք է Պարտաքճըն ըլլայ։ Այսքան մանրամասնութիւն փոխանցելէ ետք, եթէ անուն մը հրապարակելէ խուսափի, ըրածը ո՛չ թէ յայտարարութիւն, այլ զրպարտութիւն կը համարուի» ըսաւ Հալլաճօղլու, նշելով որ իր 15 տարուայ նախագահութեան շրջանին նման դէպք մը չէ պատահած ու ըսաւ. «Պարտաքճըի պնդածին նման գործողութիւն մը անկարելի է։ Ես պետական արխիւներու մէջ ալ որպէս բարձրաստիճան պատասխանատու պաշտօն ստանձնած եմ։ Այդ փորձառութեան յենելով կ՚ըսեմ թէ Թուրքիոյ Պատմութեան Կաճառի ոեւէ նախագահ պետական արխիւներէն փաստաթուղթ մը վերցնելով ուրիշ տեղ մը չի կրնար պահել»։        

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ