Մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է

Ինչպէս նախորդ 7 տարիներուն, այս տարի ալ թերթիս հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութամեակին առթիւ կազմակերպուած են զանազան միջոցառումներ։

Ինչպէս նախորդ 7 տարիներուն, այս տարի ալ թերթիս հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութամեակին առթիւ կազմակերպուած են զանազան միջոցառումներ։ Անոնցմէ առաջինը կայացաւ նախորդ Շաբաթ օր, Պողազիչի Համալսարանի մէջ, հանրածանօթ Ամերիկացի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անճէլա Տէվիսի բանախօսութեամբ։                                                                                                      

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հրանդի համար, արդարութեան համար» հարթակի կողմէ պատրաստուած ցուցակը, ուր յիշուած են այս ամսուայ նախաձեռնութիւնները։

Ցանկը կը սկսի մահուան օրուայ, ժամու եւ վայրի խորհրդանշով՝ 19 Յունուար 2015, ժամը 15.00, «ԱԿՕՍ»ի խմբագրատան առջեւ, «Հոս ենք Աղբարիկ» կարգախօսով։ Հանրահաւաքը պիտի կայանայ Թաքսիմի հրապարակէն մեկնող երթի թափօրին 13.30-ին դէպի «Ակօս» շարժման անցնելով։

ՀՏՓ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղը 18 Յունուար ժամը 16.00-ին երթ մը կազմակերպած է Գուրթուլուշ թաղէն մինչեւ Փանկալթիի մեթրոյի կայանին մուտքը, ուր պիտի կատարուի մամլոյ յայտարարութիւնը։ Ապա վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւն պիտի կատարուի կուսակցութեան Շիշլիի շէնքին մէջ։

ԷօՏՓ կուսակցութեան Իսթանպուլի վարչութիւնը 16 Յունուար Ուրբաթ երեկոյ Քէնթէր թատրոնի մէջ կը կազմակերպէ ոգեկոչման հանդէս մը, ուր բացի երաժշտական յայտագրէն, ելոյթ կ՚ունենան Պիլկէ Սէչքին Չէթինքայա, Պուրհան Սէօնմէզ, Էրճան Քէսէլ, Իսմաիլ Սայմազ, Մասիս Քիւրքճիւկիլ, Նէտիմ Շէնէր, Սայաթ Թէքիր եւ Եդուարդ Տանձիկեան։

Նոյն օրը ժամը 19.00-ին Բերայի Կանանչ Տան մէջ ալ «Խտրականութիւն եւ ատելութեան պատգամ» խորագրով պիտի զեկուցեն լրագրողներ՝ Մուրատ Մըհճը եւ Ատնան Կէնճ։

Վերջին տարիներուն Թաքսիմի հրապարակին վրայ ցեղասպանութեան զոհերու համար յիշատակման միջոցառումներ կազմակերպելով ծանօթ «Տուր Տէ» հարթակն ալ Հրանդը ոգեկոչելու արշաւին կը մասնակցի 17 Յունուար Շաբաթ, ժամը 16.00-ին Ճէզայիր շէնքի մէջ կազմակերպած ասուլիսով։ Այս միջոցառման ատենախօսներն են՝ Ճէնկիզ Աքթար, Ճիւնէյթ Սարըեաշար, Էրէն Քէսկին, Կարօ Փայլան, Մելէք Ուլակայ, Շէնօլ Քարաքաշ, Ուֆուք Ուրաս եւ Եդուարդ Տանձիկեան։

Անատոլու Մշակոյթի եւ Ուսումնասիրութեան Միութիւնը «ԱՔԱ-ՏէՐ» իր բազմաթիւ մասնաճիւղերով կը յիշատակէ Հրանդ Տինքը։ Իսթանպուլի մասնաճիւղի միջոցառումը կը կայանայ 18 Յունուար Կիրակի ժամը 13.00-ին Իսմաիլ Պէշիքչի Հիմնադրամի մէջ։ Այս միջոցառման երկու նիստերու ատենախօսներն են Այշէ Հիւր, Թումա Չէլիք, Բագրատ Էսդուգեան, Թէմէլ Տէմիրէր, Ֆիլիզ Գօչալի, Եաշար Կիւվէն եւ Ալի Քէնանօղլու։

Պաքըրգիւղցիներ թաղի Ազատութեան Հրապարակի վրայ 19 Յունուար ժամը 19.30-ին կը ոգեկոչեն Հրանդ Տինքը «Կ՚ոգեկոչենք մեր հարեւանը» խորագիրով։

Հրանդի Տարտանելաբնակ ընկերներն ալ որոշած են 19 Յունուարին մէկտեղուիլ քաղաքի Ժամացոյցի Աշտարակին առջեւ եւ հոն 1.500.000 +1 վերտառութիւնով շաղկապել Հրանդը Մեծ Եղեռնի զոհերուն հետ։

22 Յունուարին (Գատըգիւղ) Քարկարթի մէջ Իւմիտ Քըվանչ պիտի ներկայացնէ ոճիրէն ետք շարունակուող գործընթացը։

Մայրաքաղաք Անգարա եւս կը մասնակցի Հրանդ Տինքի ոգեկոչման արշաւին։ Միջին Արեւելքի Թէքնիք Համալսարանի մէջ թերթիս խմբագիրներէն Սարգիս Սերովբեան եւ Բագրատ Էսդուգեան ելոյթ պիտի ունենան։

«Այլ հեծանիւ» հարթակի անդամները Հրանդ Տինքի անունը խորհրդանշան համարելով կը յիշատակեն բոլոր սպաննուած լրագրողները։ Հարթակը այս շրջագծով 18 Յունուար Կիրակի օր ժամը 11.00-ին Եիւքսէլ Փողոցի վրայ գտնուող Մարդու Իրաւունքներու յուշարձանի առջեւէն հեծանիւներով շրջագայութիւն մը կը կատարեն Ուղուր Մումճու, Պահրիյէ Իւչօք, Մուամմէր Աքսոյ, Ահմէտ Թանէր Քըշլալըի բնակարաններուն գտնուած փողոցներու միջեւ։

Իզմիր եւս անմասն չէ մնացած։ 14 Յունուար Չորեքշաբթի երեկոյ «Հրանդի Համար արդարութիւն կը պահանջենք» բնաբանով ելոյթ կ՚ունենան Եըլտըզ Ռամազանօղլու եւ Էրօլ Պաքըրճըօղլու։ Ֆէրհատ Քէնթէլ եւ Զէրրին Քուրտօղլու ալ 15 Յունուարին կը շարունակեն այդ նոյն բնաբանով։ Իզմիրի մէջ 16 Յունուարին կը ցուցադրուի Իւմիտ Քըվանչի նկարահանած «19 Յունուարէն 19 Յունուար» վաւերագրական ֆիլմը։ Ֆիլմի ցուցադրութենէն վերջ բեմադրիչ Քըվանչ կը զրուցէ ներկաներուն հետ։ 17 Յունուարը դարձեալ ֆիլմի ցուցադրութեան նախաձեռնութիւն մըն է, ուր ներկաները կը դիտեն Հրանդ Տինք Հիմնադրամի «Խղճի ֆիլմեր» շարքէն ընտրանի մը։

Պուրսա, Սէթպաշը Մահֆելի մէջ 19 Յունուար ժամը 18.00-ին ոգեկոչման ծրագիր մը պատարստուած է։

Տիյարպէքիրի Խաղաղութեան Խորհուրդը 19 Յունուարի երեկոյեան կազմակերպած է ասուլիս մը, որուն կը մասնակցին Սապիհ Աթաչ, Տոքթ. Սէլչուք Մըզրաքլը եւ Բագրատ Էսդուգեան։ «Ճիկէրխուն» Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ կայանալիք այս միջոցառման իրենց երգերով պիտի մասնակցին Ուտի Երուանդ Պոսթանճը եւ Ստեփան Մուսթաֆա Իլհան։

Նշենք որ Հրանդ Տինքի ոգեկոչման միջոցառումները չեն սահմանուած Թուրքիոյ քաղաքներով։ Լոնտոնի, Լիոնի, Վիաննայի, Մասաչուսէթի, Օթթաւայի, Թորոնթոյի, Լոս Անճէլըսի, Պեռլինի, Պրիւքսէլի, Փարիզի եւ Շթութկարտի մէջ ալ զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ տարբեր բնոյթի միջոցառումներով կը յիշատակեն «Ակօս»ի հիմնադիր խմբագրապետը։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ