Շրջուն շիրմաքարեր

Կարապետ Պալեանի շիրմաքարին պատահական յայտնութիւնով յայտնի դարձաւ թէ շատ շատերու կողքին կորսուեր է նաեւ այս բազմավաստակ արուեստագէտի գերեզմանն ալ։ Մինչդեռ Պալեաններու ամենահմուտ ուսումնասիրողներէն Բարս Թուղլաճըի նշումներուն համաձայն Կարապետ Պալեան թաղուած էր Պէշիկթաշի Հայոց գերեզմանատան մէջ։ Թուղլաճը այս նկարը հրատարակելէն ետք կը նշէ որ տապանաքարերը կորած են։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ 
uygargultekin@agos.com.tr

Կարապետ Պալեան հեղինակն է Իսթանպուլի համայնապատկերը խորհրդանշող բազմաթիւ շինութիւններու։ Պալեաններու տոհմը Օսմանեան կայսրութեան մէջ երկար տարիներ յիշուեցաւ որպէս արքունի ճարտարապետ։ Այսպէսով անոնց վիճակեցաւ պատրաստել կոթողային բազմաթիւ շինութիւններու նախագիծերը։ Այդ շինութիւններէն առաջին հերթին յիշուածներն են Տոլմապահջէի պալատը, անոր կողքին գտնուող եւ իր ուրոյն ոճով յատուկ ուշադրութեան արժանացող Վալիտէ Սուլթան մզկիթը ու մօտակայ բլուրի վրայ բազմած Կիւմիւշսույույի Զինուորական Հիւանդանոցը։ 

Բոլոր այս շինութիւններու հեղինակ Կարապետ Պալեանի շիրմաքարին պատահական յայտնութիւնով յայտնի դարձաւ թէ շատ շատերու կողքին կորսուեր է նաեւ այս բազմավաստակ արուեստագէտի գերեզմանն ալ։ Մինչդեռ Պալեաններու ամենահմուտ ուսումնասիրողներէն Բարս Թուղլաճըի նշումներուն համաձայն Կարապետ Պալեան թաղուած էր Պէշիկթաշի Հայոց գերեզմանատան մէջ։ «Պալեան Ընտանիք» անուն ծաւալուն ուսումնասիրութեան անգլերէն տարբերակին մէջ այս տեղեկութեան կողքին կը հանդիպինք շիրմաքարի լուսանկարին, որ 1958-ին նկարահանուած է մանրանկարիչ Պերճ Էրզիեանի կողմէ։ Թուղլաճը այս նկարը հրատարակելէն ետք կը նշէ որ տապանաքարերը կորած են։

Ահա այդ շիրմաքարերէն ոմանք պատահաբար յայտնուեցան Քարթալի մէջ, քաղաքապետարանի պատկանող շինարարութեան տարածքէ մը ներս։

Շիրմաքարի յայտնութիւնը պատճառ եղաւ որ յետադարձ ակնարկ մը նետենք Պէշիքթաշի այժմ գոյութիւն չունեցող գերեզմաններուն։ Հրանդ Տինք Հիմնադրամի հայ հիմնարկներու գրաւուած կալուածներու մասին ուսումնասիրութիւնները պարփակող հատորին մէջ բովանդակալից տեղեկութիւններ կան այս ուղղութեամբ։ Գերեզմաններէն մէկուն տարածքը գնուած է Կիւրեղ Մանուէլեան կողմէ 1776 թուականին։ 1849-ին Կարապետ Ամիրա Պալեան պատերով շրջափակած է գերեզմանատան տարածքը։ Երկրորդ գերեզմանատունը կը գտնուէր այժմ Վոսփորի կամուրջին կապող երթուղիի Եըլտըզի խաչմերուկին վրայ։ Երկու գերեզմանատուներն ալ գրաւուած են եւ մէկուն տեղ այսօր կայ Պարպարոսի պողոտան, իսկ միւսին տեղ՝ Ապպասաղա զբօսայգին։

Աւելի լայն տեղեկութեան համար դիմեցինք Իսթանպուլի քաղաքապետարան եւ Պէշիքթաշի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հին ու նոր թաղականութեան, որոնցմէ չի կրցանք ստանալ համոզիչ բացատրութիւն մը։

Այժմ պիտի սպասենք, որ ո՛վ եւ երբ տէր պիտի կանգնի Քարթալ «պտըտիլ գացող» Պէշիկթաշցիներու շրջուն շիրմաքարերուն։



Yazar Hakkında

Ույգար Գյուլթեքին