Տոհմագրի Նախարարութիւնը

Անգամ մը եւս դատական խնդրի կը վերածուի փոքրամասնութեան պատկանող դպրոցներու աշակերտներուն արձանագրութեան հարցը։ Արդարեւ Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութիւնը մերժած է Իսթանպուլի հայ վարժարաններ յաճախող խումբ մը աշակերտի արձանագրութիւնը։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ uygargultekin@agos.com.tr

Անգամ մը եւս դատական խնդրի կը վերածուի փոքրամասնութեան պատկանող դպրոցներու աշակերտներուն արձանագրութեան հարցը։ Արդարեւ Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութիւնը մերժած է Իսթանպուլի հայ վարժարաններ յաճախող խումբ մը աշակերտի արձանագրութիւնը։ Կրթական Նախարարութիւնը այս արգելքը կը յենու 5580 թուակիր յատուկ ուսման հաստատութիւններու մասին օրէնքին, ըստ որու փոքրամասնութիւններու պատկանող դպրոցներու մէջ կրնան ուսանիլ միայն այդ խմբակին պատկանող աշակերտները։

Այս մասին դիմում կատարեցինք քաղաքի Կրթական տնօրէնութեան, որոնք հաստատեցին տոհմի դրութիւնը։ «Մենք աշակերտներու արձանագրութիւնը վաւերացնելու համար կը դիմենք անոնց տոհմային գիտելիքներուն։ Հայ, յոյն կամ հրեայ դպրոցներու աշակերտներուն համար կը դիմենք Անձնագիրերու տնօրէնութեան, քանի որ մենք մեր ձեռքին մէջ չունինք տոհմային տուեալներ»։

Նշենք որ այս նիւթը առաջին անգամ օրակարգի եկած էր 2013-ին եւ մանկապարտէզի աշակերտի մը արձանագրութիւնը ջնջուած էր նոյն պատճառաբանութեամբ։ Այդ ժամանակ ծնողքը դիմած էր դատարան եւ այդ գործընթացի մէջ ալ առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական փաստաթուղթի մը վրայ նշուած էր տոհմային գաղտնագիրի դրութիւնը։ Կրթական տնօրէնութեան պաշտօնական փաստաթուղթին վրայ կը կարդացուէր «հայ քաղաքացիներու տոհմային գաղտնագիրը 2 է» բացատրութիւնը։

ՎԱՏԻՓ հարթակի կրթական յանձնախումբի անդամներէն Կարօ Փայլան խիստ հակազդեցութիւն ցուցաբերեց այս կիրարկումին եւ պահանջեց որ նախարարութիւնը հրաժարի այս ընթացքէն։ «Աշակերտներուն հայ դպրոց արձանագրուելու մասին նախարարութեան միջամտութիւնը ամբողջովին անհիմն է։ Այդ մասին որոշումը պէտք է թողուն դպրոցներուն։ Տնօրէնները կամ խնամակալ մարմնի կազմելիք յանձնախումբը պէտք է լիազօրուած ըլլայ տուեալ աշակերտը ընդունելու խնդրին մէջ»։

Նախարարութեան այս կիրարկումէն տուժող ընտանիքները կը պատրաստուին միասնաբար օրինական պայքար տանելու։ Անոնց իրաւապաշտպանն է Իսմաիլ Ճէմ Հալավուրթ, որ 2013-ի դէպքին ալ փաստաբանն էր։ Հալավուրթ եւս անօրէն կը համարէ սոյն կիրարկումը։ «Որեւէ օրինական հիմք մը չունեցող ցեղապաշտ, խտրական եւ կամայական կիրարկում մըն է։ Կը սահմանափակուի ուսանելու իրաւունքը։ Ուսման իրաւունքը երաշխաւորող համաշխարհային համաձայնութիւններ կան։ Նախորդ դատի ընթացքին դատարանը բացայայտ կերպով վճռած էր թէ այս կիրարկումը օրինական չէ։ Նախարարութիւնը այդ վճիռէն ետք փոխանակ իր կանոնագրութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու, հայրենակիցները կը չարչարէ դատարաններու դրան առջեւ»։

Հալավուրթ ալ կը ձայնակցի Կարօ Փայլանի արձանագրութիւնները դպրոցի վարչութեան թողելու պահանջին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ


Yazar Hakkında

Ույգար Գյուլթեքին