Հրաժեշտ «Ակօս»ին

Հրաժեշտի գրութիւն մըն է այս։ Հիմնարկութենէն՝ այսինքն 1996-ի Ապրիլէն սկսեալ ընթերցող, 2006-էն ի վեր գրող, 2008-էն այս կողմ աշխատող եւ 2010-էն մինչեւ այսօր ալ որպէս գլխաւոր խմբագիր «Ակօս»ին մաս կը կազմեմ։ Եկած է հրաժեշտի պահը։ Էթիէն Մահճուպեանէ փոխառած պաշտօնս կը յանձնեմ Եդուարդ Տանձիկեանին ու կը վերադառնամ թերթին հասարակ ընթերցողի դիրքիս։

ՌՈՊԷՐ ՔՈՓԹԱՇ

Հրաժեշտի գրութիւն մըն է այս։ Հիմնարկութենէն՝ այսինքն 1996-ի Ապրիլէն սկսեալ ընթերցող, 2006-էն ի վեր գրող, 2008-էն այս կողմ աշխատող եւ 2010-էն մինչեւ այսօր ալ որպէս գլխաւոր խմբագիր «Ակօս»ին մաս կը կազմեմ։ Եկած է հրաժեշտի պահը։ Էթիէն Մահճուպեանէ փոխառած պաշտօնս կը յանձնեմ Եդուարդ Տանձիկեանին ու կը վերադառնամ թերթին հասարակ ընթերցողի դիրքիս։

Հրանդ Տինքի եւ ընկերներուն մեծ ջանքերով, նուիրումով, ստեղծարար միտքով ու կամքով, համբերութեամբ ոչնչութենէ գոյացուցած «Ակօս»էն ներս խմբագրապետութեան հինգ տարին խիստ ուսուցողական փորձառութիւն մը եղաւ ինծի համար։ Այդ ժամանակաշրջանին ծանօթացած մարդիկս, ականատես եղած դէպքերս, խմբագրական կազմի վիճաբանութիւններս իրենց լաւ ու վատ կողմերով շատ բան նուիրեցին ինծի։ Դառն ու քաղցր բոլոր յիշատակները տեղ ունին սրտիս մէջ, որոնց համար երախտապարտ եմ կեանքին։

Թուրքիոյ հետզհետէ բեւեռացած, դիրքերուն առաւելագոյնս սրուած քաղաքական միջավայրի մը մէջ «Ակօս»ի նման անկախ, ինքը փոքր, բայց խորհրդանշածները շատ հսկայ թերթ մը հրատարակել, խօսքին կշիռը գաղափարին տրամաբանութիւնը եւ մտաւորական բարոյականը վեր պահել բնաւ ալ դիւրին գործ մը չէր։ «Ակօս»ի ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հաւատարիմ, ամէն տեսակ խտրականութեան դէմ դիմագիծը պահելով հանդերձ անցեալի անարդարութիւնները խաղաղատենչ ապագայի մը հեռանկարով օրակարգի բերել, մեր ապրած երկիրը աւելի ազատ, աւելի արդար տեղ մը փոխադրելու պայքարին մասնակցիլ եւ այս բոլորը ոչ միայն Թուրքիոյ սահմանումով, այլ սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանի հասարակութեան ալ դրական տեղաշարժը խթանելու բազմակողմանի պարտականութիւնը յաղթահարելը բաւական ծանր պատասխանատուութիւն մըն է։

Հարկ է խոստովանիլ որ Հրանդ Տինքին մեզմէ խլուելու ձեւը, այդ մեծ կորուստը եւ դեռ չսպիացած վէրքը շատերուն հոգեբանութեան մէջ բազմակողմանի ակնկալութիւններու տեղի տուաւ։ Այդ պայմաններուն տակ երբեմն որոշ կիրքերն ալ «Ակօս» դառնալը, «Ակօս»ի մէջ գործելը դժուարացնող ծանր բեռներ դարձան։ Մինչեւ 19 Յունուար 2007 թուականը գէթ մէկ անգամ «Ակօս»ը ձեռքը չառնողներն իսկ չէին անդրադառնար, որ ինչ մեծ անխղճութիւն կը գործէին «հին Ակօս-նոր Ակօս»ի բաղդատութիւն ընելով։ Մենք այդ բեռը մեր ճիտին պարտքը համարեցինք, եւ բազում դժուարութիւններու դէմ ջանացինք միշտ աւելի լաւ թերթ մը հրատարակել։

«Ակօս» ի սկզբանէ բոլոր ինքնութիւններու նկատմամբ յարգալիր, ամէն մէկ ինքնութեան գոյատեւելու եւ ինքզինք զարգացնելու իրաւունքը ընդմիշտ պաշտպանող, բայց գլխաւորութեամբ հայ ինքնութեան, բոլոր ինքնութիւններու հետ ալ խնդիրներ ունեցող քննադատական ոճ մը որդեգրեց։ Մենք ջանացինք այդ ոճը պահել եւ ալ աւելի խորացնել։ Անշուշտ որ սխալած պահեր ունեցանք։ Բայց կը հաւատանք թէ հիմնական բոլոր խաչմերուկներուh ճիշդ դիրք բռնեցինք ու ես այդ ուղղութեան վրայ ինծի վիճակածը կատարած ըլլալու խղճի հանգստութիւնը կը վայելեմ։

Հաստատութիւններէ ներս յարատեւութիւնը եւ այդ շարունակականութեան մէջ ալ սերնդափոխութիւնը էական է, սնուցանող ու պիտանի։ Ես ալ իմ հաշւոյս համոզուելով որ նոր բաներու ձեռնարկելու ժամը հասած է, որոշեցի բաժնուիլ «Ակօս»ի նաւավարութեան իմ այնքան սիրելի եւ յուզումնալի պաշտօնէն, զոր կը վարեմ հինգ տարիէ ի վեր։ Այդ հինգ տարիներու ընթացքին իրենց բարոյական աջակցութիւնը չխնայող եւ այդ զօրակցութիւնը հրաժարման որոշումէս ետք ալ ցուցաբերող Տինք ընտանիքին շնորհակալութիւն կը պարտիմ։ «Ակօս»ի յաջորդ խմբագրապետին մասին միասնաբար միտք բանեցուցինք։ Յստակօրէն ըսեմ որ այդ ընթացքին մէջ կարծիք հարցուցածներնուս բոլորը առաջին հերթին կը յիշէին Եդուարդ Տանձիկեանի անունը։ «Ակօս»ի մաքրամաքուր շաղախին շաղուուած այդ առաջին օրերուն ալ Եդօն մեզ հետ էր։ Ասպարէզէ ներս իր կուտակած փորձառութիւնը, մտաւորական կարողութիւնը եւ լրջութիւնը կասկած չի թողուր որ ան թերթս աւելի լաւ պայմաններու պիտի տանի։ Յաջողութիւններ կը մաղթեմ իրեն։

«Ակօս» հիմնադրութենէն ի վեր բազմաթիւ երիտասարդներու համար դպրոց մը դարձաւ։ Այդ յատկութիւնը շարունակեց իմ վարչութեանս շրջանին ալ։ Խմբագրապետի պաշտօնը երբ ստանձնեցի, 32 տարեկան էի։ Ինձմէ շատ աւելի երիտասարդ, մեծամասնութիւնը ասպարէզէ ներս առաջին փորձառութիւնները ապրող կազմի մը հետ գլուխ հանեցինք թերթը։ Միասնաբար եւ իրարմէ սորվիլով… Այս թերթին համար միասնաբար աշխատած ընկերներուս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։ Գարին Գարագաշլը եւ Ֆէրտա Պալանճար, թէ գործընկերներ եւ թէ բարեկամներ ըլլալով բեռս թեթեւցուցին, ողջ ըլլան։ Էթիէն Մահճուպեան հաւանաբար գիտնալով թէ քաղաքական առումով իր հեռապատկերէն բաւական տարբեր գիծի մը պիտի տանիմ թերթը, ազնիւ գտնուեցաւ իր աթոռը ինծի փոխանցելու։ Այդ առիթին համար անգամ մը եւս շնորհակալութիւն։

Այս սիւնակի մէջ գրել սկսած 2006 թուականին, որպէս աւարտաճառ կը պատրաստուէի ուշ Օսմանեան շրջանի կարեւորագոյն գրական եւ քաղաքական կերպարներէն Գրիգոր Զոհրապի հետ։ Զոհրապի գիրքի խորագիրէն ներշնչուելով որոշեցի սիւնակիս անունը՝ «Կեանքը ինչպէս որ է»։ Այս գրութիւնով կը վերջանայ նաեւ այդ սիւնակը։ Կը յուսամ որ ինծի տրամադրուած այդ սիւնակը խորագրին արժանի կերպով զբաղեցուցած ըլլամ։

Ուիլեամ Սարոյեանի հեքեաթները ընթերցելէ միշտ մեծ հաճոյք ստացած եմ։ Անոր գիրքերէն մէկը կը կրէր «Մի՛ երթար, բայց եթէ պայման է որ երթաս, բարեւ ըսէ բոլորին»։ Եւ ահա ես կ՚երթամ։ Ուստի բարեւ բոլորին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ