Նազարեան առանձինն չէր

2012-ի Դեկտեմբեր ամսուն Պոլսոյ Սամաթիա հայաշատ թաղի մէջ տարեց հայ կիներու ուղղեալ իրարայաջորդ յարձակումները խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած էին թրքահայ հասարակութենէ ներս։ 28 Դեկտեմբեր 2012-ին Մարիցա Քիւչիւք իր տան մէջ սպաննուած էր բիրտ յարձակումէ մը ետք։

Ոստիկանութիւնը միջոց մը ետք այս ոճիրին որպէս հեղինակը ձերբակալեց Մուրատ Նազարեան անուն հայ մը, որ ընդմիշտ կը մերժէր իրեն վերագրուած ոճիրը։ Նազարեանի պաշտպանութիւնը ստանձնող փաստաբան Էրէն Քէսքին առաջին օրէն կասկածով մօտեցաւ ոստիկաններու պնդումներուն եւ փորձեց ապացուցել թէ այդ ոճիրի ետին կային նաեւ ուրիշներ։ Արդարեւ Դատական Բժշկութեան բաժնի տեղեկագիրը կ՚արդարացնէ փաստաբանի պնդումը, քանի որ սոյն բաժնի պիյոլոժիի մասնագիտութեան ճիւղը քննարկելով իրեն յանձնուած ծածկոցը, կը պարզէ որ այդ ծածկոցի վրայ մէկէ աւելի անձերու DNA-ի հետքեր յայտնաբերուած է։

Էրէն Քէսքին, այս վերջին զարգացումէն յետոյ կը կրկնէ իր այն վարկածը թէ ոստիկանութիւնը ոճիրը Նազարեանին բեռցնել կ՚աշխատի։ «Իրենք դէպքի վայրը կատարած հետախուզական քննութեան ընթացքին չէին նկատած արիւնոտ այս ծածկոցը։ Մենք ենք որ աւելի ետք այդ ծածկոցը իբր փաստ դատարան բերինք եւ պահանջեցինք քննարկումը։ Հիմա յստակօրէն գիտենք որ այս ոճիրը մութ ծալքեր ունի եւ Մուրատ Նազարեան առանձինն չէր այդ ոճիրի պահուն»։  

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ

Yazar Hakkında

Ույգար Գյուլթեքին