Հայրենագիտութիւն-Հայրենասիրութիւն 3-Քարեղէն քաղաքը՝ Բաղէշ կամ Պիթլիս

Պատմական Սալնոյ-Ձորը իր ալիքաւոր լեռներով սեղմեր է իր գրկին մէջ այդ քարեղէն քաղաքը։ Քարեղէն կ՚ըսենք որովհետեւ բոլոր տուները շինուած են մաքուր, հարթ տաշուած թխագոյն քարով։ Երեք գետեր, զանազան կողմերէ գալով եւ քաղաքի մօտակայքին միանալով կ՚անցնին ձորի անդնդային խորութեան միջով։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

sseropyan@agos.com.tr

Ով որ չի ճանաչում իր հայրենիքը, չի կարող ճշմարտապէս սիրել զայն

Րաֆֆի

Նախորդ երկու յօդուածներով մենք շրջած էինք Հայկ Նահապետին Ասորեստանէն իր գերդաստանովը եկած ու հաստատուած եւ իր ոխերիմ թշնամի Բէլի հետ տարած պայքարին անցած վայրերը, զոր աւանդապաշտ հայ ժողովուրդը այդ օրերէն կոչած էր Հաւասոր կամ Հայոց Ձոր, հաւերու, պապերու ձոր։ Իսկ այսօր ընկերակցելով Ասլանին ու Ֆարհատին, կ՚երթանք ծանօթանալ Բաղէշ քաղաքի, այլ խօսքով այն օրերու Պիթլիսին հետ։

— Հազիւ թէ կարելի է գտնել քաղաք մը, որ Բաղէշի նման ինքուրոյն ձեւ ունենայ, եւ հազիւ թէ որեւէ տեղ մը բնութիւնը ստեղծագործած է այնպիսի դիրքեր, որ քաղաքին տուած են այն ինքուրոյն ձեւը։ Պատմական Սալնոյ-Ձորը իր ալիքաւոր լեռներով սեղմեր է իր գրկին մէջ այդ քարեղէն քաղաքը։ Քարեղէն կ՚ըսենք որովհետեւ բոլոր տուները շինուած են մաքուր, հարթ տաշուած թխագոյն քարով։ Երեք գետեր, զանազան կողմերէ գալով եւ քաղաքի մօտակայքին միանալով կ՚անցնին ձորի անդնդային խորութեան միջով։ Գետի աջ ու ձախ ափերէն կը բարձրանան սանդխաձեւ թումբեր, որոնց վրայ շինուած են տուներ եւ տնկուած ծառերով կազմուած են պարտէզներ, այնպէս որ երբ ցածէն վեր նայիս, կը թուի թէ կը տեսնես Շամիրամի օդային պալատները, կախովի պարտէզներով։

Կը քալես Բաղէշի փողոցներով, յատակը քար, պատերը քար, կը մտնես պարտէզները, ցանկապատը քար, դռները քար, -եւ այդ քարեշէն աշխարհը կը սքանչացնէ քեզ իր վսեմութեամբ։ Կը նայիս դէպի ձորի անդնդային խորութիւնը։ Տուն մը միւս տան վրայ, պարտէզ մը միւս պարտէզին վրայ, աստիճանաբար կ՚իջնեն մինչեւ գետի ափերը, ուր գետեզրի բոլոր երկարութեամբ կը տարածուին քաղաքացիներու այգիները։ Նայելով այս բոլորի վրայ, սիրտդ կը բաբախէ վսեմ հպարտութեամբ, երբ կը տեսնես թէ ի՜նչպէս հայ մարդը գիտէ մաքառիլ վայրենի բնութեան հետ, գիտէ լեռներու ապառաժոտ անձկութեան մէջ իրեն համար դրախտ ստեղծել։

Միթէ այդ դրախտին կարօտը չէ՞ր, որ ալեհեր Սարոյեանին կը բերէր իր պապերուն հիմնած քաղաքը, ուր գտած էր հօրենական տունը… Ապա թէ ոչ, ի՞նչ բան պիտի մագնիսի պէս քաշեր Արամ Գարաօղլանեանին այդ քարակերտ քաղաքը, եթէ ո՛չ հայրենաբաղձութիւնը, աւելի ճիշդ բացատրութեամբ հայրենասիրութիւնը…։

***

Բաղէշը կը գտնուի չորս վանքերու պաշտպանութեան տակ։ Անոնցմէ մէկը՝ Ամլորդու վանքը կը գտնուի քաղաքի կեդրոնը, նոյնանուն թաղին մէջ։ Անկէ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ կանգնած է Գոմաց Ս. Աստուածածնի վանքը, յետոյ Աւեխու Ս. Աստուածածնի վանքը եւ խնդրակատար Ս. Աստուածածնի վանքը։ Թադէոս առաքեալը ուխտեր էր Հայաստանի մէջ հազար վանքեր հիմնել Ս. Աստուածածնի անունով. յիշեալ երեքը միայն հիմնեց Բաղէշի մօտակայքը։

Բացի չորս վանքերէն, չորս հոյակապ եկեղեցիներ քաղաքի մէջ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարեն բնակիչներուն։ Կարմրակ կոչուած եկեղեցին՝ իր մէջ կը պահէ Յ. Քրիստոսի արեան կաթիլը. ան այն աստիճան պաշտելի է, որ անոր անունով կ՚երդնուն մինչեւ իսկ մահմէտականներ։

***

Երբ  խօսեցանք կրօնական շինութեանց, վանքերու եւ եկեղեցիներու մասին, մենք կրկին ականջ պիտի տանք Ռաֆֆիի, Ասլանի բերնով ըսած խօսքերուն, զորս կ՚արտասանէ ժողովուրդին կրօնի քարոզութեան համար Հայաստան լեցուած բողոքական եւ կաթոլիկ միսիօնարներու հանդիպելով, երբ երիտասարդ Ֆարհատը նեղանալով ատոնց ատեն-ատեն կատարած անհեթեթութիւններէն ու չափազանցութիւններէն պոռթկումներ ցոյց կու տար։ Ասլան կը մտածէր, որ նրանց հալածելը ոչինչ օգտաւէտ հետեւանքի կը հասցնէ զիրենք։ Ատոր փոխարէն, համոզուած ու դաւանափոխ եղածներուն համար իրենց կը մնար աշխատիլ եւ զանոնք կրկին կապել ազգին, եթէ ոչ կրօնքով, գոնէ ազգայնական կապերով, որ աւելի ամուր է եւ հաստատուն.-

Հայոց ազգային կրօնքը

Հայերը սկսեալ ամենահին ժամանակներէն, զարմանալի ընդունակութիւն մը ունին, եթէ ոչ՝ նոր կրօնքներ ստեղծելու, բայց գոնէ օտարներէն ընդունած կրօնքներուն ազգային գոյն ու ձեւ տալու։ Հայերը, ընդունելով օտար կրօնքը, անոր վրայ կը դնեն իրենց ազգային դրոշմը, զայն կը յարմարցնեն իրենց պատմութեան, աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն եւ ցեղական յատկութիւններուն։ Այդ ազգային մեծ ձիրք է, որմէ զուրկ են շատ ազգեր։ Գերի բերելով յունաց աստուածներուն, մեր նախնիքը հայացուցին զանոնք, մինչեւ անգամ իրենց անունները փոխեցին։ Հրաւիրելով պարսից աստուածներուն, նոյնպէս վարուեցան անոնց հետ։ Քրիստոնէական եկեղեցին, որ առաքեալներու ձեռամբ հիմնուեցաւ Հայաստանի մէջ, բայց Լուսաւորչի ձեռքով բոլորովին կերպարանափոխուեցաւ։ Հայերը չմիացան ո՛չ Հռոմի եւ ո՛չ Բիւզանդիայի եկեղեցիներու հետ։

Վերջին ժամանակներուն մտաւ հայերու մէկ մասին մէջ կաթոլիկութիւնը եւ բողոքականութիւնը։ Առաջինը՝ նոյնպէս ազգային կերպարանք ստացաւ եւ դարձաւ իսկապէս հայ-կաթոլիկութիւն։ Հայերը պահպանեցին իրենց եկեղեցական վաղեմի ծէսերը, արարողութիւնները, պաշտամունքը եւ, որ ամենագլխաւորն է՝ լեզուն։ Իսկ բողոքականութիւնը հայերու մէջ ազգային գոյն չէ ստացեր, այդ պատճառաւ պէտք է աշխատիլ հեռացնելու միսիօնարներու թէ՛ ազդեցութիւնը եւ թէ ներգործութիւնը, եւ կազմել ինքնուրոյն հայ-բողոքական եկեղեցի։ Այդ կը լինի մեր գործունէութեան բուն նպատակը։

***

Կարելի՞ է չհիանալ Ռաֆֆիի վերեւի սա վերջին ճշգրիտ վերլուծումներուն, որոնք կատարուած են ասկէ մէկուկէս դար առաջ։ Նկատի ունենալով, որ մեր օրերուն դեռ նման հասունութիւն կարծես կը պակսի մեր ազգային, հոգեւորական ու մտաւորական դասերուն մէջ, կը շեշտենք թէ մենք դեռ սորվելիք շատ բան ունինք մեր իսկական ազգասէր եւ մտաւորական հեղինակներու գործերէն։

(Շար. 3)

Յառաջիկայ յօդուածով՝ Տարօն աշխարհը