Պիթլիս վերագտաւ Սարոյեանը

Պատմաբան Արա Սարաֆեանի առաջարկով Սարոյեան ընտանիքին նախապէս բնակած փողոցը վերակոչուած էր «Ուիլեամ Սարոյեան փողոց»։ Իսկ այժմ Պիթլիսի քաղաքապետութիւնը որոշած է քաղաքի նորակառոյց գրադարանը եւս անուանակոչել աշխարհահռչակ գրագէտի անունով։

Պատմաբան Արա Սարաֆեանի առաջարկով Սարոյեան ընտանիքին նախապէս բնակած փողոցը վերակոչուած էր «Ուիլեամ Սարոյեան փողոց»։ Իսկ այժմ Պիթլիսի քաղաքապետութիւնը որոշած է քաղաքի նորակառոյց գրադարանը եւս անուանակոչել աշխարհահռչակ գրագէտի անունով։

Պիթլիսի մէջ գրադարան մը հիմնելու գաղափարը յղացած էր լրագրող Ահմէտ Թուլկար։ Արդարեւ Թուլկար Պիթլիսի մէջ Սարոյեանի անունը կրող գրադարանի մը բացման ոդիսականը պատմեց «Ակօս»ին։ «Երիտասարդ տարիքէս սկսեալ հաճոյքով կը կարդայի Սարոյեանի գործերը։ Ընկերոջս՝ Իսհակ Գարագաշի հետ միասնաբար կը հրատարակենք շաբաթաթերթ մը։ Առաջին անգամ երբ լսեցինք Պիթլիսի մէջ փողոցի մը Սարոյեանի անունով յիշատակումը մենք ալ մտաբերեցինք այդ փողոցին վրայ գրադարանի մը մասին։ Մեր այս ցանկութիւնը կիսեցինք Պիթլիսի քաղաքապետութեան համանախագահ Հիւսէյին Օլանի հետ։ Ան ալ բաժնեց մեր մտադրութիւնը եւ խորհուրդ տուաւ, որ անցեալին Սարոյեաններուն բնակած տունը վերանորոգուելէ ետք օգտագործուի իբրեւ գրադարան։ Անշուշտ այս նախաձեռնութիւնը որոշ գումարի մը կը կարօտի եւ մինչեւ որ այդ գումարը գոյանայ գրադարանը պիտի գործէ քաղաքապետարանի ցոյց տուած ուրիշ վայրի մը մէջ»։

Թուլկար կը յայտնէ թէ այժմ դրամահաւաք մը կը կատարուի, որմէ ետք Սարոյեանի կողքին այլ հայ հեղինակներու գործերն ալ ներառող գրադարանը պիտի սկսի ծառայել քաղաքի ընթերցասէրերուն եւ կը շարունակէ.- «Նշեմ, որ այս մասին մեծ պահանջք մը կայ։ Սարոյեանի գիրքերը հրատարակուած են զանազան լեզուներով։ Մենք պիտի ուզենք որ այդ գիրքերէն օրինակներ ալ գտնուին այս նորահաստատ գրադարանին մէջ։ Բացի այդ բոլորէն գրադարանը ձեւով մը թանգարանի բնոյթ ալ պիտի ունենայ, ուր պիտի ցուցադրուին նաեւ Սարոյեանի գիրքերու կողքին այս մեծ հեղինակի ընտանիքէն մնացած նմոյշներ։ Գրադարնին մէջ պիտի գտնուին նաեւ հայ գրականութեան պատմութեան եւ մանաւանդ ալ Պիթլիսի պատմութեան ձօնուած գիրքեր։ Կ՚ուզենք նաեւ ցեղասպանութեան նիւթով ալ բաժին մը ըլլայ, որու միջոցաւ կարենանք տեղեակ ըլլալ թէ Պիթլիս եւ շրջակայքին մէջ ինչեր ապրուեցան։ Մեր առջեւ վառ օրինակ մը կը մնայ Տիյարպէքիրի քաղաքապետարանի աշխատութիւնները։ Այդ աշխատութեան շնորհիւ Տիյարպէքիրի հայերը այսօր հպարտութիւն կը զգան քաղաքի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիի վերաշինութեան։ Մենք ալ կը ցանկանք այդ նոյն ոգեւորութիւնը ցոլացնենք Պիթլիսի մէջ»։

Իսկ Պիթլիսի քաղաքապետարանի համանախագահ Հիւսէյին Օլան կը կարեւորէ գրադարանի բացումին Պիթլիսի ժողովուրդին նկատմամբ ունենալիք նպաստը.- «Կրնայ ըլլալ որ մեր այս որոշումին հակառակող Պիթլիսցիներ գտնուին։ Բայց մենք այս որոշումը կը դիտենք իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու միջոց…»։        

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ