Կը վերանորոգուի Մալաթիոյ Ս.Երրորդութիւնը

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան 21 Յունուարին իսթանպուլաբնակ մալաթիացիներու հայրենակցական միութեան Բ. ատենապետ Սարգիս Չիզմէճի եւ անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզ ու Սէրտար Պոյաճըի ընկերակցութեամբ այցելած է Մալաթիա։ Արամ Սրբազան յատուկ այցելութիւն մըն ալ տուած է քաղաքի կուսակալ Սիւլէյման Քամչըի։

Այժմ ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ կը տեղեկացնէ թէ յառաջիկայ Յունիս ամսուայ մէջ կը սկսի քաղաքի «Թաշխորան» անունով ծանօթ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը։ Պատուիրակութիւնը Մալաթիա կեցութեան շրջանին այցելած էր նաեւ քաղաքի «Վէնք» կոչուած մատուռը, ուր արդէն կը շարունակուէին գրեթէ աւարտին հասած վերանորոգման աշխատութիւններ ։

Սրբազանը եւ իր ընկերակիցները Հոգեհանգիստի կարգ կատարեցին Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատան նորակառոյց մատրան մէջ։ Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան Մալաթիացի սակաւաթիւ հայերու կողքին Էլազըղէն ժամանած հայերու 15 հոգինոց խումբ մըն ալ։ Վերանորոգման ծախսերը պիտի ապահովուին Մալաթիոյ կուսակալութեան կողմէ։ Վերաշինութեան նախագիծը պիտի պատրաստեն Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Կարպիս Էվեափան։