ՀայՃար կ՚արդարացնէ իր առաքելութիւնը

Իսթանպուլահայ մերօրեայ ապրումներու մէջ հաճելի սովորոյթ մը դարձած է ՀայՃարի հովանաւորութեան ներքեւ Զաքարիա Միլտանօղլուի բանախօսութիւնները։ Այսպէս Միլտանօղլու նախորդ Ուրբաթ օր Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Մօտիկ ու հեռու հարեւան՝ Հայաստան» խորագրով։

Իսթանպուլահայ մերօրեայ ապրումներու մէջ հաճելի սովորոյթ մը դարձած է ՀայՃարի հովանաւորութեան ներքեւ Զաքարիա Միլտանօղլուի բանախօսութիւնները։ Այսպէս Միլտանօղլու նախորդ Ուրբաթ օր Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Մօտիկ ու հեռու հարեւան՝ Հայաստան» խորագրով։ Ինչպէս նախորդ բանախօսութիւնները, այս անգամ ալ Միլտանօղլու պաստառի վրայ կը ցուցադրէր նիւթին հետ առնչուած բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք առնուած են ՀայՃարի խումբ մը անդամներուն դէպի Հայաստան կատարած շրջագայութենէն։ ՀայՃարի նախորդ պտոյտներու նման այս վերջինն ալ ունէր որոշ չափով մասնագիտական բնոյթ, քանի որ ուղեւորները յատկապէս կ՚ուսումնասիրէին Հայաստան երկրի ճարտարապետական եւ քաղաքաշինական առանձնայատկութիւնները։

Իր բացման ելոյթին մէջ ատենապետ Նազար Պինաթլը գոհունակութիւն յայտնեց հասարակութեան այս նախաձեռնութեան նկատմամբ ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար։ Արդարեւ ընդարձակ Շիրինօղլու սրահը ամբողջովին լեցուն էր մշակութասէր զանգուածով մը։ Պինաթլը ողջունեց նաեւ Հայաստանի Ճարտարապետական Թանգարանի եւ ինստիտուտի հիմնադիր տնօրէն, ծանօթ ճարտարապետ Փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեանի ներկայութիւնը։

Բովանդակալից բանախօսութեան աւարտին Աշոտ Գրիգորեան իր երախտիքը յայտնեց զինք հիւրասիրող ՀայՃար միութեան, ապա դրուատեց միութեան աշխատութիւնները, որոնց կը հետեւի Երեւանէն։ Գրիգորեան աւելի վերջ ՀՀ Քաղաքաշինութեան եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն կողմէ պատրաստուած պատուոյ գիրեր փոխանցեց Պոլսոյ հայ ճարատարապետներ Դաւիթ Այնալըի, Գէորգ Էօզգարակէօզի, Սասնուհի Մուշլուեանի, Ժան Կավրիլոֆի եւ ՀայՃար միութեան անունով Նազար Պինաթլըի, ինչպէս նաեւ Անի քաղաքի շինարարական աշխատանքներուն համար Ալին Փոնթիօղլուի։