ՎԱՏԻՓ կազմեց տնտեսական յանձնախումբը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի զուիցերիական դրամատունէ ներս անձնական հաշիւներուն հրապարակման նոյն օրը ՎԱՏԻՓ հարթակը կը գումարէր իր հերթական նիստը, Պոլսահայ հասարակութեան պատկանող վաքըֆներու հաշիւները վերադասաւորելու համար։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի զուիցերիական դրամատունէ ներս անձնական հաշիւներուն հրապարակման նոյն օրը ՎԱՏԻՓ հարթակը կը գումարէր իր հերթական նիստը, Պոլսահայ հասարակութեան պատկանող վաքըֆներու հաշիւները վերադասաւորելու համար։ 6 Փետրուարի նիստին հարթակը ժողովականներուն ներկայացուց ելմտական յանձնախումբը, որ կը բաղկանար Պերճ Մենզիլճիօղլու, Քորայ Աշճը, Միհրան Գարագըզեան, Հերման Կիւրճեան, Մասիս Եոնթան, Մկրտիչ Քայա, Գէորգ Էրքան եւ Վարդավառ Ճաւաքէ։ Յանձնախումբը իբրեւ առաջին աշխատութիւն պիտի քննարկէ դպրոց ունեցող վաքըֆներու ելմտական ցուցակները։

ՎԱՏԻՓ-ի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առթիւ նշեց որ համայնքային հաստատութիւնները պէտք է վեր առնեն տնտեսական թափանցիկութեան սկզբունքը եւ այդ գիտակցութեամբ ալ դիւրացնեն տնտեսական յանձնախումբի աշխատութիւնները։ Ժողովի ընթացքին օրակարգի եկան նաեւ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ դպրոցներու արձանագրութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւնները, որոնց մասին Կրթական յանձնախումբը պարզեց իր մշակած կանխամիջոցները։