PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Ալ չենք հանդուրժեր

Համալսարանէ վերադարձի ճանապարհին, նախ բռնաբարուեցաւ ու ապա երբ դիմադրեց դաժանօրէն սպաննուեցաւ 20-ամեայ երիտասարդուհի Էօզկէճան Ասլան։

Թուրքիոյ մէջ կիներու ուղղեալ բռնութիւնը եւ ոճրագործութիւնը վերջին տարիներուն զգլխեցուցիչ աճ կը ներկայացնէ։ Կնոջական կազմակերպութիւններ յարատեւօրէն ահազանգ կը հնչեցնեն երկրէ ներս տիրող հայրիշխանական մտայնութեան դէմ։ Բայց անոնց ձայնը նուազ լսելի կը դառնայ բաղդատմամբ իշխանութիւններու պահպանողական, հետզհետէ յետադիմական կրօնաբնոյթ պատգամներու դիմաց։

Երկար տարիներէ ի վեր վարչապետ եւ վերջերս ալ Հանրապետութեան նախագահ ըլլալով կրօնամետ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Թայյիպ Էրտողան կարծես իր ելոյթներով խորհրդանշանը դարձած է հասարակութեան մէջ կնոջ դերակատարութիւնը նուաստացնելու գործին։ Ան կինը դուրս կը հանէ անհատի հանգամանքէն ու կը վերածէ մօր, ամուսնոյն օժանդակողի, ընտանիքը դաստիարակողի կերպարներու։

Այս է պատճառը որ Էօզկէճան Ասլանի սպանութիւնը բաժակը յորդեցնող կաթիլի վերածուեցաւ։ Բովանդակ երկրէ ներս իսկոյն ծաւալեցան զանգուածային բողոքի ցոյցեր։ Անշուշտ որ այդ ցոյցերը առաջին հերթին ուղղուած էին մարդասպանին, բայց բոլոր երկրի բնակչութիւնը, ներառեալ իշխանական շարքերը շատ լաւ գիտէին, թէ այդ բողոքը ուղղուած էր նաեւ տիրող կնատեաց քաղաքականութեան։ Այս հանգրուանին բնաւ նշանակութիւն չունեցան վարչապետին, նախագահին եւ այլ կառավարական գործիչներու ոճիրը մեղադրող յայտարարութիւնները։

Միջոց մը առաջ կառավարութեան նախկին բանբեր, ԱԳՓ կուսակցութեան առաջատար դէմքերէն Պիւլէնդ Արընչ թղթակիցներու հետ զրոյցի մը ժամանակ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած էր ըսելով որ երկրի բնակչութեան կէսը ատելութեամբ լեցուն է իրենց նկատմամբ։

Դժբախտաբար ճիշդ է Արընչի հաստատումը։ Բայց նշենք թէ այս իրողութեան պատասխանատուութիւնը կը վիճակի իր կուսակցութեան։ ԱԳՓ-ականները երկար ժամանակ ապաւինեցան իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած համակրանքին։ Ճիշդ է որ այդ համակրանքը վերջին 12 տարիներու բոլոր ընտրութիւներուն իրենց պարգեւեց յստակ եւ անժխտելի յաղթանակներ։ Իսկ հիմա ի տարբերութիւն նախորդ շրջաններու, օրըստօրէ կ՚աւելնայ ատողներու թիւը։ Ճիշդ է որ ատողներ միշտ կային, բայց զանգուած մըն ալ ընտրութիւններու պահուն ձայն չի տալով հանդերձ ԱԳՓ-ի, համբերութեամբ կը սպասէր անոր խոստումներուն իրականացումը։ Մանաւանդ ազատամիտներու հոսանքը կը զօրակցէր այս կրօնամետ շարժումին, յուսալով որ անոնք պիտի կրնան գահընկեց ընել բոլոր այն տարրերը, որոնք կը խորհրդանշեն Հանրապետական Թուրքիոյ խորունկ եւ խորքի ծալքերը։ Օրինակ բանակին քաղաքական դաշտէն մեկուսացումը կ՚ողջունուէր ժողովուրդի լայն խաւերու կողմէ։ Այդ պահուն նշանակութիւն չունէր թէ անոնք ԱԳՓ-ին կը զօրակցէին, թէ ոչ։

Մարքսական փիլիսոփայութիւնը իր տիալէքթիք համոզումին մէջ կ՚ըսէ թէ ամէն ինչ իր մէջ կը զարգացնէ նաեւ զինք փճացնողը։

Եթէ այսօր զբօսայգիի մը բռնագրաւման, հանքահորի մը մէջ բանուորներու մահուան կամ քսանամեայ երիտասարդուհիի մը բռնաբարման դէմ ժողովուրդի հակազդեցութիւնը այսքան համատարած ու սաստիկ է, ԱԳՓ-ականներ եւ մանաւանդ Նախագահ Էրտողան պարտին իրենց վարած քաղաքականութիւնը անգամ մը եւս աչքէ անցնել։

Երկիրը մերն է եւ չենք հանդուրժեր խորտակուելուն։