Յովհաննէս Թ. Կոլոտ յիշատակուեցաւ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նախորդ 14 Փետրուար Շաբաթ օր հոգեհանգստեան արարողութիւնով մը յիշատակուեցաւ Հայոց Թուրքիոյ 49-րդ Պատրիարք երանաշնորհ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Բաղիշեցի։

Պէսսէ Քապաք

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նախորդ 14 Փետրուար Շաբաթ օր հոգեհանգստեան արարողութիւնով մը յիշատակուեցաւ Հայոց Թուրքիոյ 49-րդ Պատրիարք երանաշնորհ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Բաղիշեցի։

Յովհաննէս Բաղիշեցին ծնած է 1678-ին Պիթլիս քաղաքի մէջ։ Իր հոգեւոր սնունդը առած է իր ծնած Բաղէշի Ամրտոլու համբաւաւոր վանքին մէջ, աբեղայ ձեռնադրուած՝ 1698-ին, տակաւին 37 տարեկան վարդապետ, իր վարչական կարողութիւններուն եւ պայծառամտութեան պատճառաւ 1715-ին Պատրիարքական Աթոռ է բարձրացած։ Վախճանումէն 274 տարի վերջ իր ազգանուէր ու բարեսէր գործունէութիւններուն շնորհիւ դեռ սիրով յիշատակուիլը արդէն իսկ ցոյց կու տայ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցիին Հայ ժողովուրդի սրտին մէջ գրաւած տեղը։

Այս տարուան Հայր Զատիկ Պապիկեանի նախագահած Հոգեհանգստեան արարողութեան եւ սիրոյ սեղանին ներկայ էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։