Նորոգութիւն Քահանայից Տան

Երկար տարիներէ ի վեր անգործածելի դարձած «Քահանայից Տուն»ը։այժմ բծախնդիր վերանորոգութիւն մը կ՚ապրի։ Այժմ նախկին վեց անջատ տուները կը միացուին մէկ ամբողջական կառոյցի, որու աւարտին երբեմնի Քահանայից Տունը պիտի վերածուի պութիք հիւրանոցի։

ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

baruyr@agos.com.tr

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը կարեւոր ազդակ մը եղած է որ Գումգաբու թաղը պոլսահայ իրողութեան մէջ յատուկ նշանակութիւն ունենայ։ Պատրիարքարանով, Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիով, Պէզճեան Մայր Վարժարանով եւ երբեմնի հոծ հայկական բնակչութիւնով մշակութային ժառանգի ամբողջականութիւն մըն է հին քաղաքի այս թաղը։ Տարիներու հոլովոյթով թաղի դիմագիծը փոխուած, բնակիչներ ուրիշ թաղեր փոխադրուած ու երբեմնի ուրախ Գումգաբուն աշխատանոցներու, առեւտրականութեան հսկայ եւ անկազմակերպ շուկայի մը վերածուած էր։ Այս ամբողջութեան մէջ հէք անտէրութեան մը մատնուած էր եկեղեցւոյ հարեւան «Քահանայից Տուն»ը։ Այս շէնքը, որ սեփականութիւնն է Մայր Եկեղեցւոյ թաղականութեան, կառուցուած էր այս եկեղեցիէ ներս գործող քահանաներու բնակութեան եւ հիւրաբար քաղաքս ժամանած հոգեւորականներու իջեւանելուն համար։ Երկար տարիներէ ի վեր անգործածելի դարձած շէնքը այժմ բծախնդիր վերանորոգութիւն մը կ՚ապրի։ Այժմ նախկին վեց անջատ տուները կը միացուին մէկ ամբողջական կառոյցի, որու աւարտին երբեմնի Քահանայից Տունը պիտի վերածուի պութիք հիւրանոցի։

Շէնքի վերաշինութիւնը ստանձնած է ծանօթ գործատէր Նորայր Իշլէր։ Իսկ ճարտարապետութիւնը կը կատարէ Սասնուհի Մուշլուեանի գլխաւորած մասնագէտներու խումբ մը։ Իշլէր, որ միաժամանակ կը վարէ Իսթանպուլի Ոսկերիչներու Կաճառի նախագահութիւնը, մեծ կարեւոութիւն կ՚ընծայէ այս նախագծին։ «Մեծ բծախնդրութեամբ մօտեցած ենք վերանորոգման աշխատանքին, քանի որ ան մեր անցեալի պատկանելութեան նմոյշն է եւ մշակութային ժառանգ մը։ Բայց կայ ուրիշ յատկութիւն մը եւս։ Մեր թաղական խորհուրդներու վարիչները նման բնոյթով աշխատութիւններու ընթացքին չեն վստահիր հայ գործարարներուն։ Այս նախագիծով կ՚ուզենք այդ կանխակարծիքը տապալել։ Եօթը հազար անդամներ ունեցող Իսթանպուլի Ոսկերիչներու Կաճառի մէջ 300 հայերու մէկտեղումով ապացուցեցինք թէ ինչեր կրնանք ընել։ Ուրեմն ինչո՞ւ համար նոյն մէկտեղումով կարեւոր գործեր չկատարենք մեր համայնքային հաստատութիւններէ ներս ալ։ Ալ ժամանակը եկած է որ խրախուսենք նաեւ մեր համայնքի նախաձեռնողները»։

Պէշիքթաշի մէջ Տոլմապահջէյի Պալատի կառուցման ժամանակ աշխատող բանուորներու կեցութեան համար Պալեաններու կողմէ կառուցուած «Աքարէթլէր»ը վերանորոգուելով դրական առումով փոխած էր թաղին դիմագիծը։ Նոյնը կ՚ակնկալուի նաեւ Գումգաբուի Քահանայից Տունին համար։ Այս է պատճառը որ թաղեցիներն ալ ոգեւորութեամբ կը հետեւին շարունակուող շինարարական աշխատութեան։ Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիր տեղւոյն վրայ քննարկած է շինութիւնը եւ յոյս յայտնած որ ան օրինակ կ՚ըլլայ նմանաբնոյթ այլ վերանորոգման աշխտութիւններուն ալ։

Շինութիւնը աւարտած պիտի ըլլայ ամառուան ամիսներուն եւ հիւրանոցը պիտի գործէ 18 սենեակներով եւ 150 հոգիի սպասարկելու տարողութիւն ունեցող ճաշարանով։  

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ