agos.com.tr բջջայինով

«Ակօս»ի համացանցային տարբերակը agos.com.tr հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ İOS եւ Android կիրարկումներով բջջային հեռախօսներու վրայ։ Այս դրութիւններէն կարելի է օգտուիլ App Store եւ Play Store-ի միջոցաւ։

«Ակօս»ի համացանցի էջի պատրաստութիւնը ստանձնած 

«Արկեպիզ» ընկերութիւնը նոր տեղադրումին համար խուսափեցաւ բարդութիւններէ եւ մատուցեց շատ պարզ գործադրութիւն մը։ Նոր դրութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ թերթի եռալեզու յատկութեան։ Անվճար այս ծառայութիւնով «Ակօս»ի շրջօրուայ լրատուութիւնը պիտի կայանայ թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

Նոր դրութիւնը գործադրելու համար օգտուիլ՝

Android Agos

İOS Agos

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ