PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Մենք դրժողը չենք

Մարդ արարածը իր փորձութիւնները յիշողութեան մէջ պահելով վերածեց փորձառութեան։ Փորձառութիւնները փոխանցելով ալ միտքը զարգացուց եւ կերտեց մշակոյթը։ Լայն իմաստ ունեցող բառ մըն է այս։ Հիմքը կ՚առնէ հողի մշակումէն։ Պիտի մշակես հողը, որ բերք ստանաս։ Առանց եղանակներու հոլովոյթին գիտակցելու, առանց ծիլ արձակելու, ծաղկելու, պտղելու հոլովոյթը դիտելու միթէ կարելի կ՚ըլլա՞ր մշակ դառնալ։ Անգամ մը եւս կրկնենք, մշակոյթ բառը հողը մշակելու գիտութենէն ծագած է։ Պիտի ցանես, պիտի հնձես, քաղես, հերկես եւ այդ բոլորին հետ միասին պիտի համբերես որ մշակ դառնաս։

Սա մշակոյթ կերտելու հիմնական պայմանն է, բայց ոչ միակը։ Գիտենք որ երկիր չունեցող, հողին բերքը հնձելու համբերութիւն չունեցող քոչւոր ցեղերն ալ մշակոյթ կ՚ունենան։ Քանզի անասնապահութիւնն ալ ինքնին փորձառութիւններու կուտակում մըն է։ Պիտի իմանաս անասունի զուգուելու, ծնելու, աճելու ժամանակները։ Պիտի իմանաս թէ երբ բուրդը պիտի մանես, երբ կաթնատու եւ երբ ալ մսատու համարես արածած նախիրդ։ Քոչւոր ալ ըլլաս պիտի իմանաս երկիր հասկացողութիւնը։ Քանզի մշակոյթը երկիր կը պահանջէ։

Իսկ այսօր, ամբողջ համայնքի մը անունով կը փորձենք մեր գոհունակութիւնը եւ անկէ ալ աւելի, հաւատարմութիւնը խոստովանելու համար շարադրութիւններ հիւսել։ Միթէ այդ պահուն կը գիտակցի՞նք երկրի եւ անոր հետ ալ մշակոյթի բացակայութեան։

Թերթի սիւնակներուն մէջ պիտի կարդաք թէ պոլսահայոց վարիչ դասակարգը կը պատրաստուի համայնքի անունով հանդէս գալ եւ կառավարութեան յայտնել գոհունակութեան զգացումները։ Այս գոհունակութիւնը կը բացատրուի նախապէս պետական դաւադրութիւնով մը հայ ազգէն գրաւուած կարգ մը կալուածներուն այս կառավարութեան շրջանին վերադարձուելով։ Հոճա Նասրէտտինն ալ այսպէս ուրախացած էր, երբ վերագտաւ իր կորած էշը։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս անոնք ալ իրաւացի են, քանի որ այս երկրին պատմութեան մէջ մենք միշտ կորսնցնող կողմ եղանք եւ առաջին անգամ է որ այդ մեր կորսնցուցածներէն գոնէ մէկ մասին ետ կը տիրանանք։ Բայց այս բոլորը կրնա՞յ մոռացութեան մատնել «բոլորդ հայ էք, բոլորդ բիճ էք» վերտառութեան առջեւ հակահայ ատելութիւն սերմանող Ներքին Գործոց Նախարարը։ Կրնանք մոռանալ «ինծի համար կը ներէք հայ է ըսին» ընդվզող վարչապետը։ Բոլորս ալ գիտենք որ այսօր մեզմէ գոհունակութիւն ակնկալող վարչակազմը իր ամբողջ էութեամբ հայատեաց է։ Այս հաստատումը կը տեսնենք կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Մեծ հաւատարմութեամբ կը շարունակէ իր նախորդ իշխանութիւններու հայատեաց ռազմավարութիւնը։ Ան դեռ երեկ բացումը կը կատարէր նոր կազամուղի մը, որ ինչպէս նախորդները, ճարտարագիտական ճարպիկութիւնով կը շրջանցէր Հայաստանի Հանրապետութեան հողային տարածքը։

Այս համայնապատկերին մէջ մենք մեծ ակնկալութիւններ չունինք։ Ինչպէս անցեալին, այս օր ալ կը տանինք պետութեան հալածանքը։ Բայց թողէք որ չխորտակենք գոնէ մեր ազգային արժանապատուութիւնը։ Անցեալին այդ առումով ալ դժբախտ յիշատակներ ունեցած ենք։ Հիմա որ ցեղասպանութեան դարադարձը կը նշենք, թողէք մենք մեր կսկիծով յարգենք ազգիս զոհերու յիշատակը։ Ձեր բոլոր ծրագիրները սրբապղծութիւն են այս մեծ ոգեկոչման շեմին։ Անհատաբար կրնաք խոնարհիլ մինչեւ գետին։ Բայց խնդրեմ մեզ զերծ պահեցէք ձեր այդ հանդէսէն։ Որովհետեւ մենք բոլոր ժամանակներէն աւելի վեհ պիտի կանգնինք մեր պատմութեան դիմաց։