Մօտա՝ ներկայացումի մը առիթով

Կը զգաս գաղութը, իր ամբողջ ուժով ու ներուժով ու ինքնութեամբ- մինքնութեամբ։ Եկած են մարդիկը, ահա հոս են բոլորը, նոյնքան կենդանի որքան մերինները, նոյնքան բամբասող, նոյնքան հագուած շքուած, նոյնքան մրցակցային։

ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
vahaknk@agos.com.tr

Կը զգաս գաղութը, իր ամբողջ ուժով ու ներուժով ու ինքնութեամբ- մինքնութեամբ։ Եկած են մարդիկը, ահա հոս են բոլորը, նոյնքան կենդանի որքան մերինները, նոյնքան բամբասող, նոյնքան հագուած շքուած, նոյնքան մրցակցային։

Եկած են դիտելու խենթ մարդուն պատմութիւնը։ Այն մարդուն որ իրենց երգերը հաւաքեց, կամ ոչ թէ այն մարդուն, այլ այն մարդու պատկերումին։ Այն մարդը որ պատկերած էր իրենց երգերը, այժմ կը պատկերուի հոս, իրենց տղուն կողմէ։ Այս այն տղան էր որ ձուկ չէր։ Մենք իրեն անանկ ճանչցանք մեր քաղաքին մէջ։ Եկաւ մեզի ըսաւ որ մենք ձուկ չենք։ Հիմա իրեն հոս տեսնել, իր երկու ընկեր պարողներուն հետ, իր զարմիկ ջութակահարին հետ, այդ դաշնակահարին հետ, եւ այդ անուշիկ սրնգահարին հետ։ Վեց հոգիով նկար մը շինեցին բեմին վրայ։ Փազըլ մը հաւաքեցին աւելի ճիշդը։ Եւ յետոյ իրենց գրպաններէն հանեցին լուսանկարները։

Լուսանկարները շախ տուին օդն ի վեր, անոնք ինկան գետինն ի վար, տարածուեցան բեմին վրայ, ճիշդ ինչպէս որ դուն-ձուկ-չես-որ-ի գունագեղ թղթիկները կը տարածուին միջերկրականի միւս ափին։

Հոս սակայն Մարմարան է։ Ասիական կողմը։ Մօտա։ Հոս կու գաս նաւով արեւմուտքէն։ Գարագիւղէն Գատըգիւղ նաւը կ՚առնես։ Նաւամատոյցէն կը քալես դէպի վերերը, հոն է այս սրահը։ Եւ հոն են գաղութիւնները։

Գաղութի մը մաս կազմելու համար, երբ ասանկ տեղեր երթաս պէտք է հոն ծանօթներ ունենաս, թէկուզ ծանօթներդ չըլլան, պէտք է գոնէ գիտնաս ով ով է քիչ մը։ Գիտնաս ով ով է, ով ով չէ, ով որու ինչն է, ով որ շրջանակէն է, ով որու հետ չի խօսիր, ով որու մարդն է, ով որու սիրեկանն է, ով որու հետ պարկեր է։ Այսինքն եթէ տեղ մը երթաս, եւ ասոնք չգիտնաս, դուն քու վրադ խնդա՛, բան մըն ալ չես գիտեր ուրեմն։ Այսինքն կրնաս տեղ մը տարիներ ապրիլ, եւ ասոնք չգիտնալ։ Այն ատեն ինչ ըսեմ։ Չես ապրած այդ տեղը ուրեմն։

Մօտա։ Ելլելու ատեն ալ տեսած էի, իջնելու ատեն ալ տեսայ, Սուրբ Թագաւոր։ Տախտակէ զանգակատունով, ձկնորսներու շուկայի ձախին, անկիւնը։ Հոն կը կենայ կոր։ Կը նայի կոր։ Դուռն ու դարպասը, առնուազն գաղութին չափ ներկայ։ Ոչ թէ որպէս ազգային ներկայութեան խորհրդանիշ, ոչ ալ վերածնունդի, ոչ ալ գոյատեւումի։ Ասոնք պարապ բաներ են, բանասիրական աշխատանքներու համար նիւթ են, շատ շատ։ Սբ. Թագաւորը կեցած էր հոն, մօտային մէջտեղը, իր կալուածները Մօտայի ձկնորսներուն վարձու տուած, իր պատին վրայ ալ մեծ մը գրած «այստեղ ծանուցում չփակցնել»։ Կը հասկնա՞ք հոն կենալու խորհուրդը, վարձու տալու խորհուրդը, այդպէս գրելու խորհուրդը։ Կը հասկնա՞ք կենդանի ըլլալ ինչ ըսել է։ Կը հասկնա՞ք քով քովի գալու, իրարու հետ թատրոն դիտելու եւ իրարու հետ լուռ բայց բարձր ճակատով Սբ. Թագաւորին քովէն անցնելու խորհուրդը։

Այս է տարբերութիւնը։ Ու այդ տղան, հոն այդ խենթ մարդուն հաւաքած երգչախումբի նկարին չափ տուաւ։ Կը հասկնա՞ք չափ տալու խորհուրդը։

Տո՛ւր որ կու տաս Կոմիտաս, այսօր կաս, վաղը չկաս։