Կէօքչէքի «գանելակ» արժանապատուութիւնը

Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչէք այս անգամ ալ հայատեաց ելոյթով մը փորձեց անարգել հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը։ Ան վերջերս դժբախտ ելոյթ մը ունեցած էր Գերմանիոյ Կանանչներու Կուսակցութեան պատգամաւոր Ճեմ Էօզտէմիրի դէմ երբ այս վերջինը Ծիծեռնակաբերդի մէջ խոնհարհած էր ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին դիմաց։ Քաղաքապետը Թուիթըրի մէջ հարց տուած էր թէ արդեօ՞ք Էօզտէմիրի արմատները հայ են։

ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ

gozdekazaz@agos.com.tr

Յաճախ իր դժբախտ ելոյթներով օրակարգ զբաղեցնող Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչէք այս անգամ ալ հայատեաց ելոյթով մը փորձեց անարգել հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը։ Ան վերջերս դժբախտ ելոյթ մը ունեցած էր Գերմանիոյ Կանանչներու Կուսակցութեան պատգամաւոր Ճեմ Էօզտէմիրի դէմ երբ այս վերջինը Ծիծեռնակաբերդի մէջ խոնհարհած էր ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին դիմաց։ Քաղաքապետը Թուիթըրի մէջ հարց տուած էր թէ արդեօ՞ք Էօզտէմիրի արմատները հայ են։ Ծանօթ հրապարակագիր Հայքօ Պաղտատ ալ այս հարցումէն մեկնելով Թուիթըրի վրայ գրեց հետեւեալը։ «Մելիհ Կէօքչէք հայ է եղեր»։ Ան դեռ շարունակեց իր թուիթները «մայրաքաղաքը հայու մը տուէր են, մեղք» եւ «քեզի հրապարակաւ հայ ըսի, եթէ կ՚ուզես դատ բաց»։ Այս թուիթներէն ետք Կէօքչէք դատ բացաւ Հայքօ Պաղտատի դէմ, ըսելով որ ան այս հարցումով արհամարհած է զինք, քանի որ հայ ըլլալը գանելակ բան մըն է։

Անարգանքի պատրուակով դատ բացուելու մասին «Ակօս»ին բացատրութիւններ տուող Հայքօ Պաղտատ, կը նշէ որ այս դատը քննարկման արժանի նիւթ մը, դարձեալ օրակարգի բերել է։ «Ցարդ բազում անգամներ իր չախորժածներուն -հա՞յ ես- հարցնող մէկու մը մասին է խօսքը։ Եթէ մէկու մը հայ ըսելը անարգանք է, Մելիհ Կէօքչէք պէտք է շատ աւելի ծանր հատուցէ։ Քաղաքական գործիչի լեզուով հայ ժողովուրդին բազում անգամներ արհամարհուած միջավայրի մը մէջ հայու մը կողմէ իրեն հայ ըսուիլը արհամարհանք համարելը ինքնին ծիծաղելի երեւոյթ է։ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու առումով ալ օրինակ հանդիսանալու արժանի պատկեր մը»։

Իրաւապաշտպան Էրտալ Տողան այս յայտարարութիւնը ցեղապաշտ յանցանք մը կը համարէ եւ խորհուրդ կու տայ որ բոլոր հայերը դատ բանան Կէօքչէքի դէմ։ «Նախքան ամէն բանէ, ցեղապաշտութիւնը եւ ատելութեան պատգամը արտասանած է պետական պաշտօնեայի իր տիտղոսին մէջ։ Այս առումով ալ Ներքին Գործոց Նախարարը պէտք է զինք պաշտօնանկ ընէ ու ապա իր դէմ դատական գործողութեան ձեռնարկուի ժողովուրդը ատելութեան դրդելու մեղադրանքով» կ՚ըսէ Էրտալ Տողան։   

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ