Յոյսի նոր տարածք մը Հրանդ Տինք հիմնարկէն

Հրանդ Տինք հիմնարկը եւ «Ակօս» շաբաթաթերթը փոխադրուած են նոր աշխատավայր մը, ուր նախապէս կը գործէր հայկական վարժարան՝ «Անարատ Յղութիւն»ը։

Հրանդ Տինք հիմնարկը եւ «Ակօս» շաբաթաթերթը փոխադրուած են նոր աշխատավայր մը, ուր նախապէս  կը գործէր հայկական վարժարան՝ «Անարատ Յղութիւն»ը։

Հիմնարկը անցնող կարճ ժամանակի ընթացքին գերազանցեց իր աշխատութիւններու զանազանութիւնը եւ որակը, որու հետեւանքով անբաւարար կը մնար նախորդ գրասենեակը։ Տարբեր նախագիծերու ուսումնասիրութեան համար աշխատող կազմը անհրաժեշտութիւն դարձուցած էր աւելի լայն տարածքի մը շահագործումը։ Բացի հիմնարկի եւ խմբագրատան աշխատակազմէն, շատեր կը դիմեն այս երկու հաստատութիւններուն, իրենց անհատական ուսումնասիրութիւններուն համար։ Այժմ դռները բաց են բոլոր այն երիտասարդութեան դիմաց, որոնք պիտի կրնան օգտուիլ գրադարանէն, արխիւէն, ժողովասրահէն եւ գրասենեակներէն։

Նոր շէնքը շնորհիւ, հիմնական վերանորոգութեան օժտուած է հիմնարկի եւ թերթի աշխատութիւններու յարմարութիւն ընծայող բաժանմունքներով։

Սոյն պահանջը հիմնարկին կը թելադրէր հետզհետէ ինստիտուտի մը ծառայութիւնները ստանձնել։ Այս անխուսափելի առաքելութիւնը դիմագրաւելու համար եւս, անհրաժեշտութիւն մըն էր աւելի լայն աշխատատեղի մը փոխադրուել։

Ներկայ դրութեան մէջ հիմնարկի նախկին վայրը պիտի շարունակէ իր առաքելութեան, վերածուելով յիշողութեան թանգարանի մը։ Արդարեւ հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցներուն օրուայ պատգամը ապագային ալ պիտի փոխանցուի նոյն պատշգամէն։ 

Իր նոր կեդրոնատեղիէն, հիմնարկը պիտի շարունակէ զարկ տալ Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհի ժողովրդավարացման, ազատ խօսքի իրաւունքի եւ մարդկային իրաւանց զօրացման իր աշխատանքին։ Հայկական ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի տարելիցին, հիմնարկը ծրագրած է աշխատիլ ի յայտ բերելու արմատախիլ եղած, ոչնչանալու շեմին հասած ազգի մը մշակոյթը ու անոր գիտական, հասարակական եւ արուեստագիտական ներդրումները՝ գիտական մեթոտներով, ակադէմական հետազօտութեամբ եւ բանաւոր պատմութեան սերտողութեամբ։

Նոր կեդրոնէն ներս «Ակօս» շաբաթաթերթն ալ նոյն հոգիով պիտի շարունակէ մասնակից ըլլալ այս մշակոյթի կենդանութեան եւ կենսունակութեան։ Չորս յարկանի շէնքը, ընդհանուր 800 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ, գրասենեակներու կողքին, կը պարունակէ արխիւներու պահոց, գրադարան, ցուցասրահ, 80 հոգի տարողութեամբ ժողովասրահ, հանդիպումներու սենեակներ, բակ եւ պատշգամ։ Անարատ Յղութիւն կեդրոնէն, «Ակօս» եւ Հրանդ Տինք հիմնարկը նորոգուած խանդավառութեամբ պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, յուսալով ներշնչել նոյն սկզբունքները կիսող կազմակերպութիւնները, խմբաւորումները եւ անհատները։

Սարգիսէն նուէր մը կեդրոնին…

Անարատ Յղութիւն վարժարանը փակած էր դռները աշակերտներու թիւին նուազեցման պատճառով՝ Հիմնարկը կու գայ որպէս վարձակալ, 20 տարուան համաձայնութեամբ մը, իր գործունէութիւնը հոսկէ շարունակելու, եւ նորարար ինքնութեամբ մը գործելու կրթութեան ու գիտութեան ասպարէզներուն մէջ։ Ժամանակակից արուեստի առաջաւոր դէմքերէն Սարգիս, որ Թուրքիան պիտի ներկայացնէ Վենետիկի պիէնալին, շէնքի ցուցասրահին նուիրած է մնայուն արուեստի գործ մը։ «Ոսկեայ պատկեր» խորագիրով գործը, մաս կը կազմէ Սարգիսի Վենետիկի պիէնալի Թուրքիոյ տաղաւարին մէջ ներկայացուած ստեղծագործութեան։ Գործը կը խորհրդանշէ լուսաւոր եւ փայլուն ապագայի յոյսը։