Պարոն Սերովբեան ոչ եւս է

Մեր թերթին պատմութիւնը, անոր սիւնը, հայերէն էջերու խմբագիրը եւ մեր ամէն ինչը, Սարգիս Սերովբեանը մեզմէ կը բաժնուի 28 Մարտ, Շաբաթ երեկոյեան: Յարգանքով կը խոնարհինք Սարգիս Սերովբեանի յիշատակին առջեւ, ան Ակօսին միաձուլուած խորհրդանիշ մըն էր: Խոր վիշտով կը ցաւակցինք ընտանիքին եւ բոլոր սիրելիներուն հետ:

1935-ին ծնած Սարգիս Սերովբեանը, միջնակարգէն ետք կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, մէկ կողմէն կ'աշխատակցի զանազան օրաթերթերու եւ պարբերականներու: Հրանդ Տինքի առաջարկին հիման վրայ մաս կը կազմէ Ակօս շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբակին, ստանձնելով հայերէն էջերու խմբագրութիւնը: Այդ օրէն ի վեր ղեկավարած է թերթին հայերէն բաժինը: Սերովբեան ամուսնացած է, եւ ունի երկու զաւակ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ