Պտղաբեր Ծառը

ԹԱԳՈՒՀԻ-ՔՈՒԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Սարգիս աղբարիկ

Դուն մեզի միշտ կը պատմէիր մեր հին պարտէզէն եւ հոն ինկած ծառի մը մասին։ Դուն այդ ծառին նոր կոճղը, բունը դարձար։ Միացուցիր՝ ցիր ու ցան սփռուած ճիւղերդ, մեր հողին ամենախոր եւ կենդանի արմատներուդ հետ։ Անսպառ շունչդ տալով հրաշք մը գործեցիր. մեր հին ծառը նորէն կեանք սկսաւ առնել, նոր արմատներ արձակեց, նորէն սկսաւ ծծել մեր պարտէզի բարեբեր հողին նիւթերը։ Հասցուցիր դուն այս նիւթերը ճիւղերուդ, շրջագայութիւնը ուխտաւորեցիր ծաղկեցնելով ամենաչնչին, ամենանուրբ, ամենաչոր անկիւններն անգամ։

Այո՛, դո՛ւն ուսերուդ վրայ կռեցիր այս ամէն հոգերը։ Եւ փորեցիր։ Դժոխքին մութ աշխարհէն անցա՛ր. Եօլտաշդ, աղաւնիդ փարատեցին։ Դրախտի պարտէզի դռները բացի՛ր. անոր չորս գետերուն ջուրով զօրացա՛ր. Անահիտի առուակին անմահ ջուրէն խմեցիր եւ ակօսնե՛ր բացիր, առատօրէն տուի՛ր, բաշխեցի՛ր։ Պտտցուցիր մեզի քար առ քար, առուակ առ առուակ. ատելութիւններէ ձերբազատուած, մօտեցուցիր մեզի մերիններուն եւ դրացներուն հետ։ Հասկցուցիր մեզի, թէ քարտէսի մը անշունչ տարածութիւնը չէր այս պարտէզը։

Թող գայ մէկը, թող ըսէ՛, թէ այս քու առասպելական կեանքդ երա՛զ է եղեր, իրա՛ւ չէ եղեր։ Ո՞վ։

Անհո՛գ եղիր, հանգչի՛ր հիմա դուն աղբարիկ։ Գիտե՛ս դուն. Պտղաբե՛ր էր ծառդ… Ահա մենք հոս ենք. իրականութենէ չվախնալը, չհրաժարիլը մենք գիտենք՝ շնորհիւ քեզի։

Հանգի՛ստ հանգչէ հսկայ տիտան Սարգիս Սերովբեան։