Պատմական Հայաստանի հետախուզողն էր

ԱՐՄԵՆ ԱՐՈՅԵԱՆ

Դառն կսկիծով ստացայ, բնաւ չակնկալուած, իմ սիրելի բարեկամ Սարգիս Սերովբեանի մահուան գոյժը։ Մեր բարեկամութիւնը կ՚երթայ դէպի 25 տարիներ ետ։ Տակաւին թարմ է մտքիս մէջ, երբ 1996-ին, այցելեցի «ԱԿՕՍ»ի նորակազմ խմբագրատունը։ Պրն. Սարգիս շատ հպարտ էր եւ ուրախ, ըլլալով Հրանդ Տինքի ընկերն ու գործակիցը, իբրեւ «ԱԿՕՍ» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիրը։ Պատմական Հայաստանի հետախուզող իմ ամենամտերիմ ընկերս եղած էր։ Տարիներու ընթացքին, յաճախ կը տեսնուէինք ու կը բաղդատէինք մեր յայտնաբերումները՝ Արեւելեան Նահանգներու տարածքին կատարուած մեր շրջագայութիւններէն։ Ամենէն անմոռանալին եղաւ, երբ Սեպտեմբեր 15, 2006-ին, միասին այցելեցինք մեր մտաւորականներուն Գողգոթան՝ Չանղըրը եւ Այաշ։ Իր անժամանակ բաժանումը մեծ բաց մը կը թողու իմ եւ շատ մը ուրիշներու կեանքէն ներս։ Իր յիշատակը անմոռաց պիտի մնայ մեր սրտին մէջ։