Հայուն Զատիկը

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Հայերը 1915-էն առաջ ի՞նչպէս կը տօնէին Զատիկը

Հայոց բոլոր ազգագաւառներուն մէջ Զատիկը եկեղեցական՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին կը համապատասխանէր։ Ան շարժական տօն է, այսինքն նշուելու հաստատուն թուական չունի, այլ ամէն տարի, գարնանային օրահաւասարին յաջորդող լուսնի լրման յաջորդող Կիրակի օր, այսինքն Մարտ 22-էն յետոյ 35 օրերէն Կիրակիի մը կը նշուի։

Մարդիկ կը հաւատային որ Մեծ Պահքէն վերջ բոլոր սպասումները յագուրդ պիտի ստանային ու լիովին փոխհատուցուէին։ Զատկի օրը, կ՚ըսէին, բախտ կը բաժնուի եւ ո՛վ որ այն օրը քնացած մնար, բախտէն կը զրկուէր։

Բայց միթէ կարելի՞ էր քնանալ։ Զատկական մատաղը, որ սովորաբար հասարակական էր, այսինքն գիւղին բոլոր ընտանիքներուն վճարումներով գնուած քանի մը եզները կամ ոչխարները Շաբաթ երեկոյ կը զոհաբերուէին եկեղեցիներու բակերուն մէջ ու գիշերը կ՚եփուէին կաթսաներու մէջ։ Զատկուան այս մատաղը կը կոչուէր «ախառ» եւ տարուան ամենաթանկ մատաղն էր։

Կարգ մը գիւղեր, զատկական ախառէն զատ սովորութիւն կար նաեւ «թուրքատարուկ» մատաղ ընել, որ նմանապէս հասարակական միջոցներով գնուած խոզ մը կ՚ըլլար, որու միսը ախառի հետ կը բաժնէին ժողովուրդին, իբրեւ թէ թուրքերու հանդէպ տարած յաղթանակի վկայութիւն։

Այդ օրը գիւղացիները, նախապէս կոտոշները կարմիր ներկով ներկուած եզները դաշտ կը տանէին, որպէսզի անոնք պտըտէին «Ձիւնի հետ կենակցութենէն ծոցուոր դարձած (յղացած) հողի վրայ»։ Դաշտերը կը սկսէին խնջոյքները, ապա խաղերն ու պարերը ու կը շարունակուէին կանաչ դաշտի վրայ թափուած հաւկիթի կարմիր կեղեւներէ եւ գոյնզգոյն ծաղիկներէ կազմուած գորգի վրայ ու կը տեւէին մինչեւ մութն իյնալը, յաջորդ օրերը շարունակելու պայմանաւ։

Եւ Կարմիր Հաւկիթը

Առանց խորասուզուելու հաւկիթին նուիրականացման կամ տիեզերքի նմանութեան խորհուրդներուն մէջ, նշենք որ Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի մէջ հաւկիթը խորհրդանշանն էր յարութեան ու վերածնունդին, այդ պատճառաւ ալ գարնանամուտի օրերուն, այսինքն պարսկաց Նէվրոզի կամ հայոց Զատկի առթիւ սովորութիւն էր մարդոց իրարու հաւկիթ նուիրելը։

Հաւկիթ նուիրելը, կամ թանկագին ու զարդարուն հաւկիթներ պատրաստելու աւանդութիւնը հասկնալի է, բայց հաւկիթը կարմիր ներկելու սովորութիւնը, ամէնէն առաջ ո՞ր ազգի մէջ մուտք գտած է արդեօք։ Այդ մասին Վահան Վարդապետ Տէր-Մինասեան իր «Անգիր Դպրութիւն»-Բ. Հատորին մէջ կը գրէ.- «Հաւկիթը աշխարհիս մէջ ամէն տեղ կայ, միայն կարմիր ներկը ամէն տեղ չկար։ Սա յայտնի է թէ կարմիր ներկին հայրենիքը՝ արեւելքն է, ուր կը գտնուի Որդան Կարմիր անուն բերքը, որմէ կ՚արտադրուի կարմիր ներկը եւ կը տարածուի բոլոր աշխարհը։ …Կարմիր ներկն ու հաւկիթը իրար գտեր եւ իրարու հետ այսպիսի խնամութիւն մը ըրեր են։ …Եւ որովհետեւ կարմիրն է հայոց իբր սիրական գոյն, եւ հայերն էին ի բնէ բնապաշտ, եւ բնութեան գերընտիր բերքն է Որդան-կարմիրը եւ բնութեան ծննդաբերութեանց մէջ հրաշալիքն է հաւկիթը, ուստի հայերը զայն Որդան-կարմիրով զարդարուն ընելով նուիրագործած են»…։

Զատիկ- (Մեղքերէն) Զատուիլ-Ազատուիլ

«Պասէք»ը հրեաներուն եգիպտական ծառայութենէ ազատութեան յիշատակի տօնն էր, որ կը կոչուէր եբրայեցերէն «Փեսախ» այսինքն «Ելք»։ Իսկ մեր նախնիները Պասէքը թարգմանած են «Զատիկ», աւելի բարձր բարոյական դաս մը տալու համար ժողովուրդին։ «Զատուիլ ի մեղաց», այս էր Զատիկ բառին բուն նշանակութիւնը։ Ուրեմն Հայ-քրիստոնեայ մը Զատիկն արտասանելով պիտի յիշէ թէ այլեւս գերի չէ մեղաց, զատուած, ազատուած է մեղքերու գերութենէն։