Վերջապէս հայ թեկնածուներ

Ընտրու­թիւննե­րու նա­խօրեակի ամե­նակա­րեւոր իրա­դար­ձութիւ­նը ըլ­լալ կը թո­ւի Խորհրդա­րանի թեկ­նա­ծու­նե­րու անուննե­րու ճշդու­մը։ Շա­տեր շունչե­րը կտրած կը սպա­սէին այդ օրը, երբ օրի­նաւոր վեր­ջին ժամ­կէ­տը կը լրա­նար Կեդ­րո­նական Ընտրա­կան Յանձնա­խումբ յանձնե­լու հա­մար թեկ­նա­ծու­նե­րու անուննե­րը։

Ընտրու­թիւննե­րու նա­խօրեակի ամե­նակա­րեւոր իրա­դար­ձութիւ­նը ըլ­լալ կը թո­ւի Խորհրդա­րանի թեկ­նա­ծու­նե­րու անուննե­րու ճշդու­մը։ Շա­տեր շունչե­րը կտրած կը սպա­սէին այդ օրը, երբ օրի­նաւոր վեր­ջին ժամ­կէ­տը կը լրա­նար Կեդ­րո­նական Ընտրա­կան Յանձնա­խումբ յանձնե­լու հա­մար թեկ­նա­ծու­նե­րու անուննե­րը։ Այսպէս 7 Ապ­րիլ Երեք­շաբթի օր, կու­սակցու­թիւննե­րը իրենց պատ­րաստած անո­ւանա­ցան­կե­րը յանձնե­ցին եւ պաշ­տօ­նապէս յստա­կացան թեկ­նա­ծու­նե­րը։ Շատ եր­կար բա­ցակա­յու­թե­նէ մը ետք 7 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րուն կը մաս­նակցին հայ թեկ­նա­ծու­ներ ալ։ Այսպէս ՀՏՓ կո­ւակ­ցութեան առա­ջար­կած ան­դամնե­րու ցան­կին մէջ կը տես­նենք Կա­րօ Փայ­լա­նի անու­նը, իբ­րեւ Իս­թանպու­լի եր­րորդ ընտրա­տարած­քի շրջա­նի երկրորդ կար­գի թեկ­նա­ծու։

Սէ­լինա Էօզու­զուն Տողան ՃՀՓ կու­սակցու­թե­նէն կ՚առա­ջար­կէ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը, իբ­րեւ Իս­թանպու­լի եր­րորդ ընտրա­կան տա­րած­քաշրջա­նի առա­ջին կար­գի թեկ­նա­ծու։ Իսկ իշ­խող կու­սակցու­թե­նէն իր թեկ­նա­ծու­թիւնը առա­ջար­կած է Մար­գար Եսա­յեան, որ­պէս դար­ձեալ Իս­թանպու­լի երկրորդ տա­րած­քաշրջա­նէն 12-րդ կար­գի թեկ­նա­ծու։

Ներ­կայ դրու­թեան մէջ ամե­նաամուր գետ­նի վրայ նե­կայա­ցողը Սէ­լինա Էօզու­զունն է, որ գրե­թէ ապա­հոված է Խորհրդա­րան մտնել։ Իսկ Կա­րօ Փայ­լա­նի ճա­կատա­գիրը կա­պուած է իր կու­սակցու­թեան բո­վան­դակ երկրի տա­րած­քին ստա­նալիք ձայ­նե­րէն։ Ար­դա­րեւ ՀՏՓ այս ընտրու­թիւննե­րուն առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը մաս­նակցի կու­սակցու­թեան անու­նով։ Քա­նի որ նա­խորդ ընտրու­թիւննե­րուն խու­սա­փելու հա­մար տա­սը տո­կոսի անըն­դունե­լի ար­գելքէն, ան միշտ մաս­նակցած էր ան­կախ թեկ­նա­ծու­նե­րու դրու­թեամբ։ Սա­կայն կու­սակցու­թիւնը այս ան­գամ հա­մոզո­ւած է թէ կը յաղ­թա­հարէ այդ ար­գելքը եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ աւե­լի յար­մար գտած է կու­սակցու­թեան անու­նով ընտրու­թիւննե­րուն մաս­նակցել։

Նշենք որ Իս­թանպու­լի հա­յու­թիւնը, որ­պէս ընտրող­նե­րու թիւ չու­նի նոյ­նիսկ մէկ պատ­գա­մաւո­րի բա­ւարար ձայն։ Բայց քա­ղաքա­կան առու­մով խիստ կա­րեւոր է հայ թեկ­նա­ծու մը առա­ջար­կե­լու երե­ւոյ­թը։ Այս է պատճառը որ այժմ կուսակցութիւններ իրարու հետ կը մրցին նաեւ իրենց հայ թեկնածուներու միջոցաւ։