Ե. Օտեան եւ Յ. Պարոնեան՝ Պողազիչի Համալսարանին Մէջ

Պողազիչի Համալսարանի Թատերախումբը՝ «Գիշեր Մը Փերայի Մէջ» խորագրուած թատերական գործով պիտի ներկայանայ հանդիսատեսին։

Պողազիչի Համալսարանի Թատերախումբը՝ «Գիշեր Մը Փերայի Մէջ» խորագրուած թատերական գործով պիտի ներկայանայ հանդիսատեսին։ Հայ գրականութեան ամենաերեւելի երգիծաբաններէն Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ ստեղծուած թատերախաղը՝ Չորեքշաբթի Ապրիլ 8-ին ժամը 8։30-ին Տեմիր Տեմիրկիլ սրահին մէջ առաջին անգամ բեմ ելաւ։

«Գիշեր Մը Բերայի Մէջ» ներկայացումը Կիրակի Ապրիլ 12-ին եւ Երկուշաբթի Ապրիլ 13-ին ժամը 18։00-ին, ինչպէս նաեւ ամսուն 14-ի ժամը 20։30-ին եւ 15-ի ժամը 19։30-ին նոյն սրահին մէջ դարձեալ պիտի ներկայացուի։ Թատերախաղը Ապրիլ 24-ին Էսքիշեհիր Անատոլու Համալսարանի, իսկ 26-ին՝ Միջին Արեւելքի Թեքնիքական Համալսարանի թատերական փառատօններուն պիտի հիւրընկալուի։