Տպաւորութիւններ երազային Պէյրութէն

Լիբա­նանի մայ­րա­քաղա­քը հայ իրա­կանու­թեան, յատ­կա­պէս գրա­կան ար­տա­յայ­տութիւննե­րուն մէջ, Պոլ­սոյ հետ կը բաժ­նէ «երա­զային» մակ­դի­րը։ Թե­րեւս որոշ գրող­ներ Փա­րիզի նկատ­մամբ ալ նոյն մեր­ձե­ցու­մը ու­նե­նային։ Բայց գո­նէ մեր ըն­կա­լու­մին մէջ միշտ կար այդ «երա­զային Պէյ­րութ» կո­չու­մը։ Եւ ահա «Մի­ջին Արե­ւել­քի Օդա­յին Գի­ծերու» ինքնա­թիռը 9 Ապ­րիլ, Հինգշաբ­թի ցե­րեկուայ ժա­մերուն կը հա­ւաքէր իր անիւ­նե­րը Եշիլ­գիւղի օդա­կայա­նի վազ­քուղիէն դէ­պի պա­րապու­թիւն, մօտ մէ­կու­կէս ժա­մուայ թռիչ­քով մեզ հասցնե­լու հա­մար այդ երա­զային քա­ղաքը։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com

Լիբա­նանի մայ­րա­քաղա­քը հայ իրա­կանու­թեան, յատ­կա­պէս գրա­կան ար­տա­յայ­տութիւննե­րուն մէջ, Պոլ­սոյ հետ կը բաժ­նէ «երա­զային» մակ­դի­րը։ Թե­րեւս որոշ գրող­ներ Փա­րիզի նկատ­մամբ ալ նոյն մեր­ձե­ցու­մը ու­նե­նային։ Բայց գո­նէ մեր ըն­կա­լու­մին մէջ միշտ կար այդ «երա­զային Պէյ­րութ» կո­չու­մը։ Եւ ահա «Մի­ջին Արե­ւել­քի Օդա­յին Գի­ծերու» ինքնա­թիռը 9 Ապ­րիլ, Հինգշաբ­թի ցե­րեկուայ ժա­մերուն կը հա­ւաքէր իր անիւ­նե­րը Եշիլ­գիւղի օդա­կայա­նի վազ­քուղիէն դէ­պի պա­րապու­թիւն, մօտ մէ­կու­կէս ժա­մուայ թռիչ­քով մեզ հասցնե­լու հա­մար այդ երա­զային քա­ղաքը։

«Նոր Զար­թօնք» հար­թա­կի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Սա­յաթ Թէ­քիրի հետ հրա­ւիրուած ենք Զա­ւարեան ու­սա­նողա­կան միու­թեան կող­մէ, մեր լի­բանա­նահայ քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայրնե­րուն Պոլ­սոյ այժմու հա­մայ­նա­պատ­կե­րը փո­խան­ցե­լու հա­մար։ Բա­ւական եր­կար տա­րիներ շա­րու­նա­կուող մե­կու­սա­ցում մը կար եր­կու գա­ղութնե­րուն մի­ջեւ, որ վեր­ջին տա­րինե­րուն զգա­լիօրէն շրջուած է։ Թափ ստա­ցած են փո­խադարձ այ­ցե­լու­թիւննե­րը, որոնց հե­տեւան­քով թէ Պէյ­րութի, թէ Պոլ­սոյ մէջ հե­տաքրքրու­թիւնը մեծ­ցած է մէկզմիւ­սի նկատ­մամբ։ Այդ հե­տաքրքրու­թեան առա­ջին ար­գա­սիքը եղաւ Պոլ­սոյ Վար­դա­նանց երգչա­խումբի լի­բանա­նեան հիւ­րա­համեր­գը։ Այս հան­դի­պու­մը, շնոր­հիւ Վար­դա­նան­ցի կա­տարո­ղական բարձր կա­րողու­թեան, ա՛լ աւե­լի հրահ­րեց պոլ­սա­հայու­թեան շուրջ ծա­ւալող հա­մակ­րանքը։ Սա վեր­ջին տա­րինե­րուն եթէ ոչ հաս­տա­տու­թիւննե­րու գծով, գէտ ան­հա­տական, բա­րեկա­մական կա­պերով մենք ալ առի­թը ու­նե­ցած էինք Լի­բանա­նէն ժա­մանած երի­տասարդնե­րու հետ շփուելու։ Տպա­ւորուած էինք այդ տղոց պատ­րաստուածու­թե­նէն։ Տե­ղեակ էին իրենց մայ­րե­նիին, կը գի­տակ­ցէին ազ­գին պատ­մութեան, բայց նաեւ հա­ղոր­դա­կից էին հա­մաշ­խարհա­յին նոր ըն­կա­լումնե­րուն։ Կաս­կած չկայ որ անոնց Պոլ­սոյ նկատ­մամբ ու­շադրու­թեան աճին մէջ կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած էին 2013 Մա­յիսի Թաք­սի­մեան ցոյ­ցե­րը եւ այդ շար­ժումին մէջ հայ երի­տասար­դութեան գոր­ծոն եւ հա­յեցի ներ­կա­յու­թիւնը։ Ահա այսպի­սի մթնո­լոր­տի մը մէջ է, որ մեծ յու­զումով կ՚անցնէինք այդ կարճ օդա­յին ճա­նապար­հը, մեզ հրա­ւիրող­նե­րու հետ հան­դի­պելու ան­համբե­րու­թեամբ։

Օդա­կայա­նէն դուրս գա­լով դէմ­հանդի­ման մնա­ցինք իրենց բա­րեկամ­նե­րը դի­մաւո­րելու եկած բազ­մութեան մը հետ։ Ոմանք դի­մաւո­րելու եկած էին օտար մը, որուն ու­շադրու­թիւնը գրա­ւելու հա­մար ան­ձա­նուն մը, կամ ըն­կե­րու­թեան անուն մը կրող թուղթեր կը պար­զէին։ Այս բազ­մութեան մէջ նկա­տեցինք զոյգ մը «հա­յու աչեր»ու ջեր­մութիւ­նը։ Չէինք սխա­լած, Զա­ւարեանի երի­տասարդ սա­ներն էին, որոնք մեզ իս­կոյն տա­րին իրենց հա­մար խիստ հա­րազատ վայր մը՝ «Հայ­կա­զեան Հա­մալ­սա­րան»։

Հա­մալ­սա­րանաը հարստու­թիւն է

Հայ­կա­զեան Հա­մալ­սարնի մէջ մեր առա­ջին այ­ցե­լավայ­րը եղաւ Հայ­կա­կան Սփիւռքի Ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու Կեդ­րո­նի վա­րիչ՝ Անդրա­նիկ Տա­գէսեանի գրա­սենեակը։ Մեր առա­ջին հան­դի­պումն է այս, բայց կը ող­ջա­գու­րուինք կա­րօտա­կէզ հա­րազատ­նե­րու նման։ Տա­գէսեան բա­ցատ­րութիւններ կը փո­խան­ցէ իր իսկ պաշ­տօ­նավա­րած ԲՈՒՀ-ի պատ­մութեան եւ այժմու յատ­կութիւննե­րուն մա­սին։ Իրա­րու հա­րեւա­նու­թեամբ հինգ ան­ջատ շէն­քե­րէ բաղ­կա­ցող կա­ռոյց մըն է Հայ­կա­զեան Հա­մալ­սա­րանը, ուր երկրի զա­նազան ազ­գութիւննե­րուն պատ­կա­նող 900 աշա­կերտներ կ՚ու­սա­նին։ Իսկ մենք ալ մեր կար­գին տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցենք Իս­թանպու­լի կրթա­կան հա­մակար­գէն, քա­ղաքիս հայ դպրոց­նե­րուն դի­մագրա­ւած բար­դութիւննե­րէն եւ ձեռքբե­րած յա­ջողու­թիւննե­րէն։ Կը խօ­սինք ան­ցեալի ու ներ­կա­յի մա­սին։ Ան­ցեալն ալ կը բաժ­նենք եր­կու հա­տուա­ծի՝ նա­խաեղեռնեան եւ յե­տեղեռ­նեան շրջան­նե­րու սահ­մա­նու­մով։ Կը հա­մաձայ­նինք եր­կու օր ետք Այնճա­րի մէջ կրկին մէկ­տե­ղուե­լու խոս­տումով եւ կը հե­ռանանք Անդրա­նիկ Տա­գէսեանի գրա­սենեակէն դէ­պի Հայ­կա­զեանի գրա­դարան­նե­րը։

Գրա­դարա­նը աւե­լի մեծ հարստու­թիւն է

Եթէ հա­մալ­սա­րանը քա­ղաքի մը աչ­քի լոյսն է, կաս­կած չկայ որ գրա­դարանն ալ հա­մալ­սա­րանի մը աչ­քին լոյսն է։ Հայ­կա­զեանի հա­յագի­տական բաժ­նի գրա­դարա­նին մէջ տես­նե­լով պատ­մա­կան հնա­գոյն հա­տոր­ներ, կը տա­րուինք այս խոր­հուրդնե­րով։ Հա­ճելի անակնկալ մըն էր նկա­տել, որ գրա­դարա­նը կը կրէ մեր այնքան ժո­ղովրդա­կանա­ցած սի­րեր­գակ բա­նաս­տեղծին՝ Տէ­րեանի անու­նը։ Կամ առա­ջին հեր­թին մենք այդպէս կար­ծել կը սի­րենք, քա­նի որ չենք անդրա­դար­ձած որ այս Տէ­րեանը ոչ թէ մեր սի­րելի Վա­հան Տէ­րեանն է, այլ գրա­դարա­նի գլխա­ւոր նուիրա­տու մի Տէ­րեան։

Գրա­դարա­նի պա­տաս­խա­նատու Վե­րա Կոս­տա­նեան ման­րա­մասն տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցէ հա­յագի­տական բաժ­նի գրա­դարա­նի մա­սին։ Կը խոս­տա­նանք «Ակօս»ի կազ­մուած հա­տոր­նե­րը ուղղար­կե­լու։ «Ըն­դերցե­լու հա­մար չէ որ կ՚ու­զենք։ Մենք ձեր այնքան յա­ջող Անտրո­յիտ կի­րար­կումին շնոր­հիւ օրըս­տօ­րի կը հե­տեւինք թեր­թին։ Ճիշդ է որ թրքե­րէն չեմ կրնար կար­դալ, բայց հա­յերէն եւ անգլե­րէն տար­բե­րակը բա­ւարար է ին­ծի հա­մար» կ՚ըսէ Տի­կին Վե­րա Կոս­տա­նեան։

Կ՚իջ­նենք ներ­քե­ւի յար­կը, ուր տե­ղադրուած է հա­մալ­սա­րանի ակա­դեմա­կան «Պար­սումեան» գրա­դարա­նը։ Այստեղ կը տի­րէ լե­զու­նե­րու զա­նազա­նու­թիւնը։ Իրենց գի­տական

նիւ­թե­րէն զատ՝ գիր­քե­րը նաեւ բաժ­նուած են ըստ լե­զու­նե­րու։ Այստեղ ալ մեզ կը դի­մաւո­րէ Տի­կին Սո­նիա Սիս­լիեան, որ պա­տաս­խա­նատուն է ակա­դեմա­կան գրա­դարա­նի։ Եր­կու գրա­դարան­նե­րու մէջ ալ մեզ խիստ հե­տաքրքրող նմոյշներ կա­յին, որոնցմէ բաժ­նուելու կը դժուարա­նայինք։ Բայց մե­զի ու­ղեկցող երի­տասարդնե­րը ժա­մանա­կի բեր­մամբ մտա­հոգու­թիւններ ու­նին։ Նախ­քան պան­դոկ տե­ղաւո­րուիլ, անոնք նա­խատե­սած են Հա­մազ­գա­յինի վար­չա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ հան­դի­պում մը եւս։

Անուննե՜ր, անուննե՜ր, անուննե՜ր

Մեր երի­տասարդ հիւ­րընկալ­նե­րու հետ հան­դիպման առա­ջին պա­հէն իսկ բա­րի նա­խան­ձով կը լսենք անոնց ան­թե­րի եւ առինքնող արեւմտա­հայե­րէնը։ Մեր հիացու­մը կը կրկնա­պատ­կուի՝ իրենց անուննե­րուն ծա­նօթա­նալով եւս։ Շա­ղիկն էր օդա­կայա­նի մէջ մեզ դի­մաւո­րող հա­յու աչ­քե­րով աղ­ջի­կը։ «Մայրս Մե­ծարեն­ցի քեր­թուածէն ներշնչուելով դրած է անունս» կ՚ըսէ Աքասիան։ Կա­րինը լրջու­թեան մէջ շող­շո­ղուն ման­կա­մար­դուհի մըն է։ Հա­պա Արե­ւի՞կը։ Եթէ այսքան կան­խաւ հա­մոզուինք որ մեր ժո­ղովուրդը շատ բա­ներ պի­տի վա­յելէ այս երի­տասարդնե­րու շնոր­հիւ, չեմ գի­տեր որ ար­դեօք ծանր բեռ մը դրած կ՚ըլ­լանք այս երի­տասարդնե­րու ու­սե­րուն։ Շու­տով կը ծա­նօթա­նանք նաեւ Արա­զին հետ։ Կրկին հա­րազա­տու­թեան զգա­ցում մը։ Եւ դեռ կան տղա­քը։ Խա­չիկը, Պեր­ճը, Սա­գօն, Հրա­կը եւ դեռ տաս­նեակ­նե­րով Զա­ւարեան Ու­սա­նողա­կան Միու­թեան ան­դամներ։ Երա­զային Պէյ­րութը իրենց շնոր­հիւ ալ աւե­լի կը շեշ­տուի մեր զգա­ցումնե­րուն մէջ։

Հա­մազ­գա­յին այ­ցե­լել կը նշա­նակէ նաեւ լի­բանա­նահա­յու­թեան ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան կեան­քի տա­ճարը այ­ցե­լել։

ՀՅԴ-ի մշա­կու­թա­յին գոր­ծունէու­թիւնը, «Ազ­դակ» օրա­թեր­թը, «Վա­նայ Ձայն» ռա­տիօկա­յանը, «Փիւ­նիկ» սրա­հը, Հա­մազ­գա­յինի գրա­խանու­թը մէկ­տե­ղուած են Շաղ­զո­յան կեդ­րո­նին մէջ, որ լոկ իր կա­ռոյ­ցով իսկ հմա­յիչ է հայ ան­հա­տի հա­մար։

Այստեղ մեր երի­տասարդ հիւ­րընկալ­նե­րը հան­դի­պում մը ծրագ­րած էին Հա­մազ­գա­յինի վար­չա­կան­նե­րուն հետ։ Ու­րա­խու­թեամբ տե­սանք որ զա­նազան նիւ­թե­րու շուրջ մեր հա­մոզումնե­րը կը հա­մընկնէին։ Կ՚ար­ժէր ան­գամ մը եւս վե­րատե­սու­թեան են­թարկել դաշ­նակցու­թեան մա­սին մեր նա­խապա­շարումնե­րը։ Խօ­սակ­ցութիւննե­րէն կը պար­զուի թէ մեր կան­խա­կար­ծութիւ­նը բո­լորո­վին ալ ան­հիմն չէ, բայց միւս կող­մէ կայ շատ կա­րեւոր մտա­յին յե­ղաշրջման երե­ւոյթ մը։ Ի վեր­ջոյ հայ ժո­ղովուրդի օրա­կար­գին վրայ կան հա­մահայ­կա­կան բնոյ­թով բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ, որոնք կը պա­հան­ջեն գեր­կուսակ­ցա­կան մեր­ձե­ցում։

Այս հանգրուանին ան­գամ մը եւս յի­շեցինք պոլ­սա­հայու­թեան գէթ ազ­գա­միջեան պա­ռակ­տումնե­րէ խու­սա­փելու մի­տու­մով կու­սակցու­թիւննե­րը ատող մտայ­նութիւ­նը։ «Իրա­րու եկե­ղեցի ան­գամ չեն եր­թար։ Բա­րեբախ­տա­բար մեր երկրին մէջ ար­գի­լուած են ազ­գա­յին կու­սակցու­թիւննե­րը» կ՚ըսէին մեզ նա­խոր­դող սե­րունդի մար­դիկ։ Եթէ յի­շենք սփիւռքի եղ­բայրաս­պան տա­րինե­րը, կրնանք որոշ չա­փով իրա­ւացի գտնել այդ հա­մոզու­մը։ Սա­կայն հարկ է նշել որ նման առի­թի մը բա­ցակա­յու­թիւնը տե­ղի տուած է քա­ղաքա­կան մտքի թե­րաճու­թեան։ Յար­գե­լով բա­ցառու­թիւննե­րը կրնանք ըսել որ պոլ­սա­հայու­թեան ըն­կե­րային կեան­քը ձե­ւաւո­րողը մի­ջակ խա­նութպա­նի մը տես­լա­դաշ­տով սահ­մա­նուած է։ Բնա­կանա­բար այդ սահ­մա­նափա­կու­թե­նէն դժուար թէ ծա­գի ժա­մանա­կի հետ ձե­ւափո­խուող, բազ­մա­տեսակ խնդիր­նե­րը ըն­կա­լող եւ մեկ­նա­բանող միտ­քեր։ Պար­տինք նշել երե­ւոյթ մը եւս։ Սոյն ցամ­քա­ծու­թեան եւ մի­ջակու­թեան մէջ բա­ժին ու­նի նաեւ ար­տա­գաղթ կո­չուած ախ­տը։ Ախտ մը՝ որ կը սպառ­նայ նաեւ լի­բանա­նահա­յու­թեան։ Պոլ­սոյ նման Պէյ­րութի հա­յու­թիւնն ալ բռնած է Արեւմտեան եր­կիրնե­րու ճամ­բան, որ կը տա­նի ու­ծացման։

Վա­յելել պոլ­սա­հայու մտեր­մութիւ­նը

Մեր սի­րելի հիւ­րընկալ­նե­րը բծախնդրու­թեամբ մշա­կած էին այս քա­նի մը օրուան այ­ցե­լու­թեան նա­խագի­ծը։ Չէին ու­զած որ բաց­թո­ղում մը ըլ­լայ եւ մենք, այդ եր­կու-երեք օրե­րու ըն­թացքին, կա­րելի չա­փով շատ մարդկանց հետ հան­դի­պինք։ Ան­շուշտ որ ամէն մի նոր ծա­նօթու­թիւն նոր յայտնու­թիւն մըն էր մե­զի հա­մար։ Իսկ ար­տա­կար­գօ­րէն հա­ճելի եղաւ տիար Գրի­գոր Կէօք­ճեանի հետ մեր հան­դի­պու­մը։ «1955 թուի 6-7 Սեպ­տեմբե­րի դէպ­քե­րէն ետք հայրս որո­շեց Թուրքիայէն հե­ռանալ։ Սկիզ­բը անցման կէտ մը պի­տի ըլ­լար Լի­բանա­նը դէ­պի Գա­նատա նպա­տակադ­րած մեր ու­ղե­ւորու­թեան մէջ։ Ապա Գա­նատա­յի բա­րեկամ­նե­րէն եկած նա­մակ­նե­րը տես­նե­լով հրա­ժարե­ցանք այդ միտ­քէն եւ դար­ձանք լի­բանա­նահայ»։ Այս նա­խադա­սու­թիւննե­րով կը բա­ցատ­րէ պա­րոն Գրի­գոր իր պէյ­րութա­հայ դառ­նա­լու ոդի­սակա­նը։ Եթէ Այնթապ­ցին, Մա­րաշ­ցին, Ուրֆա­ցին, Տի­յար­պէ­քիր­ցին կամ Ատա­նացին իրենց տե­ղական սո­վորու­թիւննե­րը պա­հած են այս գաղ­թա­վայ­րի մէջ, ինք ալ կա­տարեալ կեր­պով պա­հած է պոլ­սա­հայու յա­տուկ վարքն ու կեն­ցա­ղը։ Իրեն կ՚ըն­կե­րակ­ցի ազ­նուափայլ ու­սուցչու­հի մը, տի­կին Վե­րա, որ մի­ջոց մը առաջ այ­ցե­լած է Իս­թանպուլ եւ խոր տպա­ւորու­թիւններ ու­նե­ցած մեր քա­ղաքէն եւ յատ­կա­պէս ալ քա­ղաքի հա­յու­թե­նէն։ Օն­նո­յի ճա­շարա­նը մէկ­տե­ղուած ենք։ Մե­զի մա­տու­ցող մի­ջին տա­րիքով կի­նը կը զգու­շացնէ ըսե­լով, թէ իրա­կանու­թեան մէջ Գուրգէ­նի ճա­շարանն ենք, իսկ Օն­նօն Գուրգէ­նի լու­սա­հոգի հայրն է։ Հոս եւս ժա­մանա­կը կը դա­ւաճա­նէ մեզ, ընդհա­տելով մեր այդքան հա­ճելի զրոյ­ցը։ Տեղ ու­նինք հաս­նե­լու։

Խօ­սիլ սրուած հե­տաքրքրու­թեան մէջ

Վե­րադար­ձած ենք Հա­մազ­գա­յինի «Փիւ­նիկ» սրա­հը։ Ըն­դարձակ սրահ մըն է այս, որ կը հիւ­րընկա­լէ մօ­տաւո­րապէս 150 հե­տաքրքիր լի­բանա­նահա­յեր, որոնք եկած են մեզ­մէ լսե­լու Պոլ­սոյ մա­սին։ Սա­յաթի հետ կը դա­սաւո­րենք մեր ար­ծարծե­լիք նիւ­թե­րը եւ հե­զու­թեամբ կը սա­հի մեր փոխ­նի­փոխ զե­կոյցնե­րը։ Զե­կոյ­ցի աւար­տին ժո­ղովա­վար Խա­չիկ կը դժուարա­նայ հար­ցումնե­րու տա­րափը դա­սաւո­րելու։ Քա­նի մը ան­գամ կը հար­կադրուի «վեր­ջին եր­կու հար­ցումնե­րը» ըսե­լու, միշտ ու­նե­նալով յա­ւելեալ եւս եր­կու հար­ցումներ։

Ամօ­թով մնա­ցինք
Թո­րոս Թո­րանեանին

Այդ օր մեզ լսե­լու եկող­նե­րուն մէջ է նաեւ շատ սի­րելի ու հա­րազատ դէմք մը՝ Թո­րոս Թա­րանեանը։ Կա­րօտով կը գրկենք զի­րար։ 87 ամեայ այս երի­տասար­դը տխուր օրեր է որ կ՚ապ­րի այս շրջա­նին։ Ան վեր­ջերս կորսնցուց իր 60 տա­րուայ սի­րածը՝ Ար­մի­նէն եւ զրկուեցաւ հա­րազատ քա­ղաքէն՝ Հա­լէպէն։ «Փախստա­կանի դիր­քի մէջ եմ այստեղ։ Աղջկանս քով կը մնամ եւ չեմ կրնար Պէյ­րութէն դուրս ել­լել» կ՚ըսէ ան։ Ամօ­թով ենք իր հան­դէպ։ Պէտք էր մենք զինք այ­ցե­լէինք։ Բայց Թո­րանեան չկա­րեւո­րէր նման թե­րացու­մը։ Ան ալ մեզ կը դի­տէ իբ­րեւ հա­րազատ եւ ամէն ջանք կը վատ­նէ, որ­պէսզի յա­ջորդ օր կրկին միասին ըլ­լանք։ Կը յա­ջողի ալ։ Շա­բաթ օրն է եւ մենք վե­րադար­ձած ենք Այնճա­րէ։ Հիւ­րա­նոցի մէջ կ՚այ­ցե­լէ մեզ։ Թուղթեր նա­մակ­ներ բե­րած է իր հետ։ Պա­տուէր­ներ ու­նի։ Եւ այդ գի­շեր մին­չեւ ուշ ժա­մեր բո­լորս միատեղ կ՚ապ­րինք Թո­րոս Թո­րանեանի մտեր­մութիւ­նը։ Նոյն ժամերուն մեզ կ՚այցելէ նաեւ վաղեմի բարեկամ մը, ԱՌՉԿ-ի ներկայացուցիչ Ալեքսան Քէօշկերեան։

«Կ՚երածդ, խմածդ քե­զի մնայ, տե­սածդ պատ­մէ» կ՚ըսեն։ Ես ալ այդպէս ընել կը փոր­ձեմ եւ կ՚ափ­սո­սամ որ զանց առած եմ տե­սած­նե­րուս իսկ կա­րեւոր մա­սը։ Բայց ոչինչ, այնքան խոր տպա­ւորուած եմ որ իմ տե­սած չա­փով Պէյ­րութէն եւ իմ ճանչցած չա­փով պէյ­րութա­հայէն, վստահ եմ ապա­գային մի գու­ցէ ու­րիշ խո­րագիր­նե­րու ներ­քեւ այս էջե­րու վրայ կ՚ար­տա­յայ­տուիմ այդ ոգե­ւորու­թեան դրսեւորումներով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ