PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Սուղ կ՚արժէ մեր Մայիս 1-ը

«Այդ մենք ենք գա­լիս, մենք՝ բա­նուոր­ներս» կ՚ըսէր բա­նաս­տեղծ Շու­շա­նիկ Ղուրկի­նեան իր այնքան նշա­նաւոր դար­ձած քեր­թուածին մէջ։

Տար­բեր հե­ռան­կարնե­րով, տար­բեր նպա­տակ­նե­րով ալ ըլ­լայ, այս օրե­րուն հզօր ձայ­նով ան­գամ մը եւս կը լսուի նոյն շեշ­տադրու­մը «Այդ մենք ենք գա­լիս, մենք՝ բա­նուոր­ներս»։ Նոյն վճռա­կամու­թիւնը կայ անոնց յայ­տա­րարու­թեան մէջ։ «Չենք զի­ջեր, չենք հրա­ժարիր Թաք­սի­մի Հրա­պարա­կէն» կ՚ըսեն անոնք իրենց արհմիու­թիւննե­րու մի­ջոցաւ։

Ինչպէս յայտնի է բո­լորին, ԱՔՓ-ի կա­ռավա­րու­թիւնը այս տա­րի ան­գամ մը եւս ար­գի­լեց բա­նուոր­նե­րու հա­մաշ­խարհա­յին տօ­նը, Մա­յիսի 1-ը Թաք­սի­մի Հրա­պարա­կին վրայ նշե­լու որո­շու­մը։ Աւե­լի ճիշդ խօս­քով ար­գի­լեց ուղղա­կի Մա­յիս 1-ի տօ­նակա­տարու­թիւնը։ Իմաստ չու­նի այդ օրը պաշ­տօ­նական կեր­պով ոչ աշ­խա­տան­քա­յին օր հռչա­կել, երբ ի զօ­րու է նման ար­գելքը։

Կա­ռավա­րու­թիւնը խիստ կը սխա­լի, երբ կը կար­ծէ թէ իր կա­մայա­կան ցուցմունքնե­րով կրնայ ուղղու­թիւն տալ ժո­ղովուրդի լայն խա­ւերու պա­հան­ջին։ 1977 թուակա­նէն այս կողմ երկրի իշ­խա­նու­թիւնը ստանձնած բո­լոր կա­ռավա­րու­թիւննե­րը փոր­ձե­ցին ար­գի­լել Մա­յիս 1-եան տօ­նակա­տարու­թիւնը։ Այդ ար­գի­լելու պատ­րուակը քա­ղեցին նոյն ինքն պե­տական գոր­ծիչնե­րու կող­մէ 1977-ին բե­մադ­րուած դա­ւադ­րութե­նէն։ Այդ տա­րի պե­տու­թեան գաղտնի գոր­ծա­կալու­թիւննե­րու կող­մէ ծրագ­րեալ յար­ձա­կում գոր­ծադրուած էր Թաք­սի­մի Հրա­պարա­կը լեց­նող մօտ մէկ մի­լիոն ցու­ցա­րար­նե­րու դէմ։ 34 բա­նուոր­ներ զո­հուե­ցան այդ օր։ Եւ այդ թուակա­նէն ետք Մա­յիս 1-եան ցոյ­ցե­րը ու­նե­ցան յա­տուկ բնոյթ։

Ճիշդ ալ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան դա­տավա­րու­թեան նման, երկրի ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գը մին­չեւ օրս չէ կրցած յստա­կաց­նել այդ դա­ւադ­րութեան հե­ղինակ­նե­րը։ Բայց դա­տարան­նե­րու թե­րացու­մը նշա­նակու­թիւն չու­նի։ Ժո­ղովուրդը ինչպէս Հրանդ Տին­քի խնդրին մէջ, նոյնպէս առա­ջին վայրկեանէն գի­տէ 1977-ի գոր­ծո­ղու­թեան տե­ղի տուող քա­ղաքա­կան միտ­քը։ Եւ բո­լոր հա­լածանքն ալ ուղղուած է այդ մտքին։ Այս հանգրուանի մէջ նշա­նակու­թիւն չու­նի ատրճա­նակը տրա­քողը։ Ի վեր­ջոյ բո­լորս գի­տենք որ, եթէ բե­մադ­րուած է նման ոճիր, ան­պայման կը ճա­րուի չա­րագործ դե­րակա­տարը։

Բա­ցառու­թիւնը ապ­րուեցաւ չորս տա­րիներ առաջ եւ 2010-11-12 թուական­նե­րուն, երբ ԱՔՓ-ի կա­ռավա­րու­թիւնը ար­տօ­նեց բա­նուոր­նե­րու Թաք­սիմ մուտքը։ Այդ երեք տա­րինե­րը ի տար­բե­րու­թիւն նա­խորդ եւ յա­ջորդ տա­րինե­րուն, ան­ցաւ բո­լորո­վին տօ­նական տրա­մադ­րութեան մէջ։

Եթէ բա­նուոր­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն ըն­կե­րու­թեան տու­ժած խա­ւը, բնա­կան է որ այդ տու­ժա­ծու­թեան դէմ բո­ղոք բարձրաց­նե­լու ամե­նաբ­նա­կան գե­տինը պի­տի դառ­նայ Մա­յիս 1-ի ցոյ­ցե­րը։

Իսկ նման քննա­դատու­թե­նէ կամ բո­ղոքէ խու­սա­փելու հա­մար տօ­նակա­տարու­թիւնը ար­գի­լել, Թաք­սի­մի Հրա­պարա­կը ան­մարդաբ­նակ տա­րած­քի վե­րածել եւ ի վեր­ջոյ ամա­յի տա­րածք մը այս զան­գուածա­յին ցոյ­ցին տրա­մադ­րել ու­րիշ ոչ մէկ նշա­նակու­թիւն ու­նի, եթէ ոչ հրահ­րել ոս­տի­կանու­թեան հետ բա­խումնե­րը։

Այս օրե­րու զա­նազան զար­գա­ցումնե­րը սա­կայն ար­դէն ապա­ցոյց են որ կա­ռավա­րու­թիւնը, յատ­կա­պէս ալ հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Էր­տո­ղան, օգուտ կը գտնեն հա­սարա­կու­թիւնը սրե­լու եւ նոր բա­խումներ ապա­հովե­լու մէջ։ Ըստ երե­ւոյ­թի կը պա­տահի ան­խուսա­փելին եւ բա­նուոր­նե­րը ու ոս­տի­կան­նե­րը կ՚առ­ճա­կատուին քա­ղաքի զա­նազան կեդ­րոննե­րուն վրայ։

Հիմ­նադրու­թե­նէն ի վեր շեղ կա­ռու­ցուած պե­տու­թե­նէ մը ինչպէ՞ս կա­րելի է ու­ղիղ որո­շումներ ակնկա­լել։ Եր­կի­րը ար­ժա­նի է լա­ւին, բայց լաւ ըսուածը բա­ւական սուղ կ՚ար­ժէ մեր մօտ։