PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Օ՜ն դէպի Մարտադաշտ

Նկատի ունենալով ցեղասպանութեան դարադարձը, սոյն տարուայ առաջին օրէն իսկ մտադրած էի թէ այս սիւնակի վրայ աւելի յաճախ խորհրդածենք գաղափարական ընկալումներու շուրջ։ Թերեւս այդ բնոյթով կարգ մը յօդուածներ ալ լոյս տեսան «Մենք ու Մերոնք» խորագրի ներքեւ։

Բայց ինչպէս բոլորս տեսանք, յատկապէս Ապրիլ ամսուայ անցուդարձերը մեզ պարտադրեցին հեւ ի հեւ վազքի մը, որուն ընթացքին կարելի չէր պահ մը իսկ ամենօրեայ հոսանքէն դուրս գալ եւ խնդիրները մի քիչ աւելի հեռուէն դիտել։ Դեռ տարեմուտի օրերէն Անմոռուկ Ծաղիկը ագուցած էինք մեր լամբակին եւ կարծած թէ ան լման տարի մը մեզ պիտի մղէ դարաւոր անարդարութեան դէմ պայքարելու։ Սակայն կարելի՞ է։ Մեկուսացած կեանք մը չէ Թուրքիոյ մէջ մեր ապրածը։ Խիստ ներգրաւուած ենք երկրի ընկերաքաղաքական զարգացումներուն։ Ի վերջոյ հանրապետութեան նախագահ մը ունինք մեր վերեւ, որ օրըստօրէ աւելի համարձակ ելոյթներով կը թելադրէ բռնակալի մը դիմագիծը։ Կը դրժէ նախագահ ընտրուած պահուն կատարած երդումը։ Չի վարանիր հրապարակել կողմնակալութիւնը։ Կը հակասէ իր իսկ խօսքերով։

Հազիւ ամիս մը մնացած է նոր խորհրդարանի ընտրութեան եւ այս անգամ ի դէմ նախորդներու, հաւանական է որ երեք հայ պատգամաւորներ տարբեր կուսակցութիւններու անդամակցութեամբ մուտք գործեն խորհրդարան։ Հետեւաբար խիստ ալեկոծած է քաղաքական դաշտը։ Թրքահայութիւնը հանրապետութեան շրջանի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ է որ այսքան մեծ համեմատութեամբ կը զօրակցի ընդդիմադիր, նոյնիսկ կարելի է ըսել ծայրայեղ ընդդիմադիր կուսակցութեան մը։ Արդարեւ սկսելով մեր ընտանեկան անմիջական շրջանակներէն, ամբողջ պոլսահայ ընկերութեան մէջ ուշագրաւ հակում մը կը նկատուի ՀՏՓ կուսակցութեան հանդէպ։ Թէեւ նախորդ ընտրութիւններուն ալ այս քաղաքական հոսանքի առաջարկած անկախ թեկնածուները բաւական ձայներ հաւաքած էին հայաշատ թաղերու մէջ։ Բայց այս անգամ երբ շարժումը փոխանակ անկախ թեկնածուներու, կուսակցութեան անունով կը մասնակցի ընտրութեան, տասը տոկոսի արգելքը յաղթահարելով կրկնապատիկէն ալ աւելի պատգամաւորներ պիտի ունենայ խորհրդարանի մէջ։

Բայց միայն մօտալուտ ընտրութիւնները չեն մեր օրակարգը ձեւաւորողը։ Կէտիկփաշայի Հայ Բողոքականաց Եկեղեցւոյ սեփականութիւնը եղած Թուզլայի Մանկական Ճամբարը անգամ մը եւս փոթորկեց մեր օրակարգը։ Այս տողերու գրուած պահուն մարդու իրաւունքներու պաշտպան բազմազգի զանգուած մը փութացած է աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ մեր ձեռքէն խլուած տարածքին տէր կանգնելու համար։ Նոր Զարթօնքի երիտասարդութիւնը շարժման անցուցած է անարդարութեան դէմ պայքարող բազմութիւնները, որոնք վճռած են տարածքը գրաւելով փլուզման արգելք հանդիսանալ։ Ի դէմ «ի՞նչ կրնան ընել որ» հարցնող յետադիմական ու պահպանողական միտքին, կը կարեւորենք գաղափարապաշտ այս երիտասարդ զանգուածին դիմադրելու ու պայքարելու կորովը։ Անոնք արդէն առաջին ժամերուն յաջողեցան քանդիչ սարքերը դուրս հանել տարածքէն։ Անշուշտ որ եթէ իշխանութիւնները այդպէս տնօրինեն դիմադրողներուն կամքն ու կորովը անզօր կը մնայ պետական բռնութեան դէմ։ Ուրեմն մեզի կը մնայ կարելի չափով զօրակցիլ իրենց, առկայ եւ շարունակուող անարդարութիւնը, անարդութենէն ծագող խայտառակութիւնը հրապարակել։ Հրանդ Տինքի սպանութեան յաջորդող օրերուն «ի՞նչ կրնանք ընել» հարցուցած էինք մենք մեզի։ Այժմ մարտադաշտը Թուզլայի Քամփ Արմեն Ճամբարն է։