Բռնակալին թաղումը

Հանրապե­տական Թուրքիոյ պատ­մութեան 1980-ական թուական­նե­րուն իր դրոշ­մը դրած չա­րագործ բռնա­կալ Քե­նան Էվ­րէն 9 Մա­յիսի գիշերուայ ժա­մերուն 98 տա­րեկա­նին կնքեց իր մահ­կա­նացուն։ Էվ­րէն մի­ջոցէ մը ի վեր կը խնա­մուէր զի­նուո­րական «ԿԱ­ԹԱ» հի­ւան­դա­նոցի մէջ։

Հանրապե­տական Թուրքիոյ պատ­մութեան 1980-ական թուական­նե­րուն իր դրոշ­մը դրած չա­րագործ բռնա­կալ Քե­նան Էվ­րէն 9 Մա­յիսի գիշերուայ ժա­մերուն 98 տա­րեկա­նին կնքեց իր մահ­կա­նացուն։ Էվ­րէն մի­ջոցէ մը ի վեր կը խնա­մուէր զի­նուո­րական «ԿԱ­ԹԱ» հի­ւան­դա­նոցի մէջ։

Ան 12 Սեպ­տեմբեր 1980-ին, երբ կը գլխա­ւորէր սպա­յակոյ­տը, իր կող­քի հրա­մանա­տար­նե­րու հետ միասին զի­նուո­րական հա­րուա­ծով մը ձեռք դրաւ երկրի վար­չութեան։ Այդ օրէն սկսեալ Թուրքիան ապ­րե­ցաւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու ոտ­նա­կոխ­ման առու­մով իր պատ­մութեան ամե­նամութ շրջան­նե­րէն մէ­կը։ Բազ­մա­հազար­ներ ձեր­բա­կալուեցան եւ դրուեցան զի­նու­րա­կան ար­գե­լանոց­ներ։ Այդ ար­գե­լանոց­նե­րը մեծ համ­բաւ ու­նե­ցան իրենց պա­տերէն ներս կա­տարուած տան­ջանքնե­րով եւ մար­դասպա­նու­թիւննե­րով։ Իշ­խա­նու­թիւնը վե­րածուեցաւ մար­դա­կեր գա­զանի մը, ուր քա­նի մը տա­րուայ մէջ մա­հապա­տիժի են­թարկուելով կա­խաղան հա­նուե­ցան 50 ընդդի­մադիր­ներ։ Այդ օրե­րէն յի­շատակ մնաց զօ­րավա­րին «մէկ աջէն, մէկ ձա­խէն կը կա­խենք» խօս­քը։ Ան աֆո­րիզմ մը եւս նուիրեց թրքե­րէնին՝ «չկա­խենք որ սնա­նե՞նք» հար­ցում։

Քե­նան Էվ­րէ­նի չա­րագոր­ծութիւ­նը սահ­մա­նուած չէր միայն իր իշ­խա­նու­թեան օրե­րով։ Շնոր­հիւ իր ու մեղ­սա­կից­նե­րու պատ­րաստած սահ­մա­նադ­րութեան, պե­տական բռնա­կալու­թիւնը վար­չա­ձեւ մը ըլ­լա­լով հա­սաւ մին­չեւ մեր օրե­րուն։ Հա­մալ­սա­րան­նե­րը զի­նանո­ցի մը կար­գա­պահու­թեան բե­րող Բարձրա­գոյն Ուսման Խոր­հուրդը (YÖK), Խորհրդա­րանի ընտրու­թիւննե­րու տա­սը տո­կոսի սահ­մա­նու­մը, ոս­տի­կան­նե­րուն մար­դասպա­նու­թեան հա­մար լայն իրա­ւաս­նութիւններ ըն­ձե­ռող օրէն­քը Էվ­րե­նի բռնա­կալու­թե­նէն մե­զի ժա­ռան­գուած­նե­րուն փոք­րիկ մէկ մասն է միայն։

Իր իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին, շնոր­հիւ ԱՄՆ-ի հո­վանա­ւորու­թեան եւ Թուրքիոյ գոր­ծա­տէր շրջա­նակ­նե­րու աջակ­ցութեան, ակա­դեմա­կան շրջա­նակ­նե­րու շո­ղոքոր­թութեան, գրա­ւոր եւ տես­լա­ւոր լրա­տուա­միջոց­նե­րու քա­րոզ­չութեան, Էվ­րէ­նը վա­յելեց նաեւ ժո­ղովրդա­կան հա­մակ­րանք։ Իր հե­ղինա­կած սահ­մա­նադ­րութեան պատ­ճա­ռով յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն ալ կա­րելի չե­ղաւ այդ շրջա­նին կա­տարուած յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը հար­ցաքննել։ Ի վեր­ջոյ ԱՔՓ կու­սակցու­թեան օրով կա­յացաւ ժո­ղովրդա­կան հան­րա­քուէ մը։ Իբր ար­դիւնք վե­րացաւ 12 Սեպ­տեմբե­րի բռնա­կալ­նե­րուն ան­ձեռնմխե­լու­թիւնը։ Շնոր­հիւ նոր դրու­թեան Էվ­րէն ու իր մեղ­սա­կից­նե­րէն զօ­րավար Շա­հին­քա­յա դա­տուե­ցան, ցկեանս բան­տարկու­թեան դա­տապար­տուեցան։ Ետ առ­նուեցան իրենց բո­լոր զի­նուո­րական աս­տի­ճան­նե­րը։ Սա­կայն Քե­նան Էվ­րէն միաժա­մանակ վա­րած էր հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հի պաշ­տօն։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ որ­քան որ ար­ժէզրկուած ըլ­լայ, հարկ եղաւ պե­տական արա­րողա­կար­գով թա­ղում կազ­մա­կեր­պել։ Ճիշդ է, կա­յացաւ պե­տական թա­ղու­մը, բայց պե­տու­թեան բա­ցակա­յու­թիւնով։ Ոչ մէկ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ մաս­նակցե­ցաւ Էվ­րէ­նի թա­ղու­մին։ Արա­րողու­թիւնը կա­տարուեցաւ միայն իրենց կամ­քէն դուրս հոն գտնուելու ստի­պուած պաշ­տօ­նեանե­րու ներ­կա­յու­թեամբ։

Պաշ­տօ­նական թա­ղու­մի հետ նոյն ժա­մերուն երկրի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ զա­նազան խմբակ­ցութիւններ այ­լընտրան­քա­յին թաղ­ման արա­րողու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­ցին իրենց նող­կանքը ու անէծ­քը յայտնե­լու հա­մար զօ­րավար Էվ­րէ­նին։

Տպա­ւորիչ է գո­յացած պատ­կե­րը, քա­նի որ շա­տեր նախ­կին բռնա­կալին մատ­նուած ար­ժեզրկու­մը օրի­նակ կը բե­րեն այ­սօր ալ բռնա­կալու­թիւն ցան­կա­ցող ժա­մանա­կակից գոր­ծիչնե­րու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ