Իսթանպուլեան Մարտահրաւէրին Ընդառաջ

Նկարչութեան մեկնակէտը առաջին հերթին գիծն է անկասկած։ Նախնական մարդը հետք թողած որեւէ իրով՝ ածուխի, գաճի կամ կաւի միջոցաւ նախ գիծ մը գծեց քարայրի պատին վրայ։ Ապա փորձեց ընդօրինակել իր շուրջը տեսածները։ Շատ աւելի ուշ եկաւ այդ գծուածները ներկելու խորհուրդը։ Գիծը այսօր ալ գեղանկարչութեան կարեւորագոյն միջոցն է։ Եւ արուեստագէտը այս օր ալ իր շուրջը տեսածները կը վերարտադրէ գիծերով։ Անշուշտ հիմա քարայրի պատերուն տեղ կը նախընտրէ թուղթն ու մատիտը կամ կտաւն ու վրձինը։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք մերժել քաղաքի պատերը զարդարող հնարամտութիւնը՝ կրաֆիթին։ Արդարեւ կրաֆիք արուեստն ալ գեղանկարչութեան անբաժան մասնիկն է։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Իսթանպուլը բոլոր նկարիչներու համար շատ յատուկ հրապոյր ունեցող քաղաք մըն է։ Մէկ կողմէ բնութեան պարգեւած գեղեցկութիւնները՝ Վոսփորը, Իշխանաց Կղզիները, Ոսկեղջիւրը, իսկ միւս կողմէ, բազում քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու թողած պատմական ժառանգը գրաւիչ է բոլոր արուեստագէտներու համար։

Ահաւասիկ այս երկու յատկութիւններու՝ գծի ու կրաֆիք արուեստին եւ Իսթանպուլ քաղաքին խաչաձեւումը մեզ կը մէկտեղէ արժէքաւոր գեղանկարիչի մը՝ Լեւոն Լաճիկեանի հետ։

Իր գեղարուեստական տաղանդի մասին միայն մէկ վկայութիւն իսկ բաւարար է՝ ծնած է 1955-ին Կիւմրի քաղաքը։ Իսկ գեղարուեստական կուտակումին համար ալ դարձեալ բաւարար է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան ֆակուլտետի նշումը եւ յաւելեալ՝ գեղագիտութեան ասպիրանտուրան նոյն հաստատութենէ ներս։

Երբ կը խօսինք կիւմրեցի նկարիչի մասին, կասկած չկայ որ, անոր ներշնչումները կապուած պիտի ըլլան իր հարազատ քաղաքին։ Եթէ Կիւմրի հարազատ է կիւմրեցիին հապա ան ինչպէ՞ս կը դիտէ իր քաղաքի կրկնապատկերի տպաւորութիւնը թողած Կարսը։ Լաճիկեան բազմաթիւ տեսանկիւններով նկարած է Կիւմրուայ եւ Կարսի փողոցները։ Նկարած է այդ փողոցներու վրայ երկարող շէնքերը։ Իսկ գեղագիտութիւնը իրեն թելադրած է տեսածէն աւելին երեւակայել։ Զանց առած է փողոցը աղաւաղող մերօրեայ տգեղ յաւելուածները, փլաստիկ կամ ալիւմինիում յաւելուածները անգոյ համարած է եւ փողոցը դիտած իր կառուցուած ժամանակներու տպաւորութիւնով։

Նոյն մտահոգութիւնը կը տեսնենք Իսթանպուլեան բնանկարներուն մէջ։ Օրինակի համար, Վոսփորի ալիքներուն մէջ նկարուածը առագաստանաւ մըն է, փոխանակ մեր ժամանակներու տիզէլ շարժակներով օժտուած արդի նաւերու։ Արուեստագէտը անտեսած է արհեստական կերպարները, որպէսզի աւելի հեշտութեամբ թափանցէ հարազատ գեղեցկութեան։

Լեւոն Լաճիկեան իր Երեւանի, Կիւմրիի, Կորիսի անհատական ցուցահանդէսներէն ետք կը պատրաստուի Իսթանպուլեան մարտահրաւէրին, որ հաստատ թէ յաղթանակով պիտի պսակուի։