Մշակութային Ժառանգութիւն՝ եզրեր եւ հարցադրումներ

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի 2014-էն շա­րու­նա­կուող Մշա­կու­թա­յին Ժա­ռան­գութեան ծրա­գիրը այս շա­բաթ պի­տի իրա­կանաց­նէ իր առա­ջին աշ­խա­տանո­ցը, խո­րագ­րուած՝ «Մշա­կու­թա­յին Ժա­ռան­գութիւն՝ եզ­­րեր, հար­­ցադրումներ եւ Թուրքիայէն օրի­­նակ­­ներ»։ Աշ­­խա­­­տանո­­ցը կը ձգտի երեք հար­­ցադրումնե­­րու շուրջ ար­­ծարծումներ կա­­տարել։ Ի՞նչ է մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը տար­­բեր գի­­տական ճիւ­­ղե­­­րու համար։ Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը ի՞նչ հի­­մունքնե­­րու վրայ կա­­րելի է պահ­­պա­­­նել եւ սե­­փակա­­նաց­­նել։ Ի՞նչ է Թուրքիոյ տա­­րած­­քին մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն տա­­րողու­­թիւնը եւ ի՞նչ են մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րը։

Եր­­կու օրուան վրայ տա­­րածուած աշ­­խա­­­տանո­­ցը բաղ­­կա­­­ցած է եր­­կու մա­­սերէ, առա­­ջին օրուան ըն­­թացքին տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նան վեց նիս­­տեր։ Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանի պատ­­մութեան բա­­ժինի դա­­սախօս Անէս­­թիս Վա­­սիլա­­քէրի­­սի ղե­­կավա­­րու­­թեամբ, առա­­ջին նիս­­տին կը զե­­կու­­ցէ Կիպ­­րո­­­սի Հա­­մալ­­սա­­­րանէն ժա­­մանած Թո­­մաս Սինքլէյր, որ կը խօ­­սի մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան սահ­­մա­­­նու­­մին եւ դա­­սակար­­գումին մա­­սին։ Ապա խօսք կ՚առ­­նէ Մի­­մար Սի­­նան գե­­ղարուես­­տի հա­­մալ­­սա­­­րանէն Քոր­­հան Կիւ­­միւշ, որ կը խօ­­սի մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան մա­­սին, որ­­պէս մաս­­նակցու­­թեան կի­­րառում։ Առա­­ջին նիս­­տը կը փա­­կուի Կա­­լաթա­­սարա­­յի Հա­­մալ­­սա­­­րանէն Նիլ­­կիւն Թու­­թալ Չէ­­վիրո­­նի Թուրքիոյ մէջ զբօ­­սաշրջի­­կու­­թեան քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մասին զե­­կոյ­­ցով։

Երկրորդ նիս­­տի ղե­­կավարն է Եւ­­րո­­­պա-Նոսթրա կազ­­մա­­­կեր­­պութեան Թուրքիոյ մաս­­նա­­­ճիւ­­ղէն Ըշըք Այ­­տէ­­­միր։ Առա­­ջին զե­­կոյ­­ցը Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի Ճար­­տա­­­րարուես­­տի Հա­­մալ­­սա­­­րանէն (ODTÜ) կը ներկայացնէ Չի­­տէմ Աթա­­քու­­ման, որ կը խօ­­սի Թուրքիոյ մէջ մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պատ­­մութեան, սահ­­մա­­­նու­­մին եւ ար­­ժե­­­ւորումին մա­­սին։ Երկրորդ զե­­կու­­ցողն է ճար­­տա­­­րապետ եւ վե­­րանո­­րոգու­­թեան մաս­­նա­­­գէտ Ալին Փոն­­թիօղ­­լու, որ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ Էլա­­զըղ նա­­հան­­գը որ­­պէս օրի­­նակ մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան տե­­ղեկագ­­րե­­­լու աշ­­խա­­­տութեան։ Եր­­րորդ եւ վեր­­ջին նիս­­տին Յու­­նաստա­­նէն ժա­­մանած Եւոր­­պա-Նոսթրա կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Կոս­­տաս Սթա­­մաթո­­պու­­լոս կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ Եւ­­րո­­­պա-Նոսթրա կազ­­մա­­­կեր­­պութեան գոր­­ծունէու­­թիւնը Թուրքիոյ մէջ։

Աշ­­խա­­­տանո­­ցի երկրորդ օրուան ծրա­­գիրը կը կազ­­մէ վար­­ժա­­­նիստ մը, որուն ըն­­թացքին Հիմ­­նարկի Մշա­­կու­­թա­­­յին Ժա­­ռան­­գութեան ծրա­­գիրի աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն չորս տար­­բեր պա­­րագա­­ներ իրենց աշ­­խա­­­տած մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան ցան­­կե­­­րուն ընդմէ­­ջէն։ Նիս­­տին մաս­­նա­­­կից կ՚ըլ­­լան Թուրքիոյ հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րէն բարձր կրթու­­թեան ու­­սա­­­նող­­ներ, որոնք խումբե­­րով, փրո­­ֆէօսոր­­նե­­­րու առաջ­­նորդու­­թեամբ, լու­­ծումներ պի­­տի ներ­­կա­­­յաց­­նեն մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պատ­­կա­­­նելու­­թեան, գոր­­ծա­­­ծու­­թեան, վե­­րար­­ժե­­­ւորու­­մի եւ պահ­­պա­­­նու­­թեան վե­­րաբե­րեալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ