Ժողովուրդներու բարեկամ Սերովբեանին գնահատանք

Իս­թանպու­լի մէջ գոր­ծող Պաթ­մա­նի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւն, ՊԱ­ՏԷՐ-ը յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով մը նշեց Պաթ­մա­ն գա­ւառի «քա­ղաք» կո­չուե­լու 25 ամեակը։ Մի­ջոցառ­ման հրա­ւիրուած էին հա­րեւան քա­ղաք­նե­րու հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։Ապա միու­թեան ատե­նապե­տը յու­շա­նուէր­ներ յանձնեց մե­ծարեալ­նե­րուն։ Սար­գիս Սե­րով­բեանի յու­շա­նուէ­րը յանձնուեցաւ իր որ­դիին՝ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեանին։

Իս­թանպու­լի մէջ գոր­ծող Պաթ­մա­նի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւն, ՊԱ­ՏԷՐ-ը յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով մը նշեց Պաթ­մա­ն գա­ւառի «քա­ղաք» կո­չուե­լու 25 ամեակը։ Մի­ջոցառ­ման հրա­ւիրուած էին հա­րեւան քա­ղաք­նե­րու հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։ Կազ­մա­կեր­պիչնե­րը այս մէկ­տե­ղու­մը ձօ­նած էին նաեւ Թուրքիոյ ժո­ղովուրդնե­րու բա­րեկա­մութեան։ Իբ­րեւ լրագ­րող, գրող եւ պատ­մա­բան, ժո­ղովրդա­վարութեան, խա­ղաղու­թեան եւ ժո­ղովուրդնե­րու բա­րեկա­մու­թեան ի նպաստ ծա­ռայու­թիւննե­րուն բեր­մամբ մե­ծարուեցան Ճէն­կիզ Չան­տար, Մու­րատ Պէլ­կէ, Նէ­տիմ Կիւրսէլ եւ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու վաս­տա­կաւոր աւագ խմբա­գիր, թեր­թիս անձնա­կազ­մին սի­րելի մեծ եղ­բայր, հան­գուցեալ՝ Սար­գիս Սե­րով­բեան։

Օրուայ հան­դի­սավար, հե­ռուստաէկ­րա­նի հան­րա­ծանօթ դէմ­քե­րէն Ճէմ Էօզ­էր, ոգե­ւորուած ժո­ղովուրդնե­րու բա­րեկա­մութեան խոր­հուրդէն, յայտնեց թէ ինք կի­սով հայ է եւ կի­սով չեր­քէզ։ Ապա միու­թեան ատե­նապե­տը յու­շա­նուէր­ներ յանձնեց մե­ծարեալ­նե­րուն։ Սար­գիս Սե­րով­բեանի յու­շա­նուէ­րը յանձնուեցաւ իր որ­դիին՝ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեանին։

Սա­սու­նի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւնն ալ իր կար­գին բնօր­րա­նի յա­տուկ նիւ­թե­րով նկար նուիրեց մեծարեալներուն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ