Գերմանիոյ սփիւռքը իր յաջողութիւններով ու հոգսերով

Համաշ­խարհա­յին օդագ­նա­ցու­թեան մէջ շատ կա­րեւոր խաչ­մե­րուկ մըն է Ֆրանգֆուրթի օդա­կայա­նը։ Ամէն օր աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րէ եկող բազ­մա­թիւ ինքնա­թիռ­ներ բիւ­րա­ւոր ու­ղե­ւոր­ներ կը բե­րեն հոս, որոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը միայն փո­խանցման հա­մար քա­նի մը ժա­մով կ՚այ­ցե­լէն օդա­կայա­նը, ապա կը շա­րու­նա­կեն իրենց ճամ­բորդու­թիւնը դէ­պի հե­ռաւոր այլ քա­ղաք­ներ։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ Ֆրանգֆուրթի օդա­կայա­նին մէջ կը հան­դի­պինք սո­վորա­կանէն աւե­լի մեծ տա­րողու­թեամբ ճամ­բորդա­տար ինքնա­թիռ­նե­րու։ Ի տար­բե­րու­թիւն մե­ծամաս­նութե­նէ, Ֆրանգֆուրթի օդա­կայա­նը մե­զի հա­մար անցման կէտ մը չէ, այլ հա­սան­ման վայր։ Առան­ձին չենք Իս­թանպու­լէն եկող սա­ւառ­նա­կին մէջ։ Երա­ժիշտնե­րու խումբի մը հետ կը ճամ­բորդենք, որոնք հրա­ւիրուած են մեր ալ իբ­րեւ ատե­նախօս մաս­նակցե­լիք մի­ջոցառ­ման ըն­թացքին ելոյթ ու­նե­նալու հա­մար։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Համաշ­խարհա­յին օդագ­նա­ցու­թեան մէջ շատ կա­րեւոր խաչ­մե­րուկ մըն է Ֆրանգֆուրթի օդա­կայա­նը։ Ամէն օր աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րէ եկող բազ­մա­թիւ ինքնա­թիռ­ներ բիւ­րա­ւոր ու­ղե­ւոր­ներ կը բե­րեն հոս, որոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը միայն փո­խանցման հա­մար քա­նի մը ժա­մով կ՚այ­ցե­լէն օդա­կայա­նը, ապա կը շա­րու­նա­կեն իրենց ճամ­բորդու­թիւնը դէ­պի հե­ռաւոր այլ քա­ղաք­ներ։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ Ֆրանգֆուրթի օդա­կայա­նին մէջ կը հան­դի­պինք սո­վորա­կանէն աւե­լի մեծ տա­րողու­թեամբ ճամ­բորդա­տար ինքնա­թիռ­նե­րու։ Ի տար­բե­րու­թիւն մե­ծամաս­նութե­նէ, Ֆրանգֆուրթի օդա­կայա­նը մե­զի հա­մար անցման կէտ մը չէ, այլ հա­սան­ման վայր։ Առան­ձին չենք Իս­թանպու­լէն եկող սա­ւառ­նա­կին մէջ։ Երա­ժիշտնե­րու խումբի մը հետ կը ճամ­բորդենք, որոնք հրա­ւիրուած են մեր ալ իբ­րեւ ատե­նախօս մաս­նակցե­լիք մի­ջոցառ­ման ըն­թացքին ելոյթ ու­նե­նալու հա­մար։

Մեզ դի­մաւո­րող­նե­րու ինքնա­շարժնե­րով կ՚ու­ղուինք դէ­պի հա­րաւ՝ Ման­հայմի ճա­նապար­հով Լու­տուիկ­շա­ֆըն։

Թէեւ օրը մութցած էր, բայց այդ 70 քմ. բազ­մա­շերտ ճա­նապար­հը մեզ ան­գամ մը եւս հմա­յեց ճար­տա­րագի­տական այս երկրին կա­նաչա­պատ գե­ղեց­կութեամբ։ Մեր երկրի օրի­նակէն մեկ­նե­լով մտայ­նութիւն մը գո­յացու­ցած ենք, ըստ որու ճար­տա­րագի­տու­թեան զար­գա­ցու­մը պի­տի խան­գա­րէ բնա­կան գե­ղեց­կութիւննե­րը։ Բայց Գեր­մա­նիան զար­մա­նալիօրէն կը ջրէ մեր այդ կարծրա­կար­ծի­քը, ապա­ցու­ցե­լով թէ կա­րելի է այդ եր­կուքի հա­մերաշ­խութիւ­նը ապա­հովել։ Սա­կայն կը տա­րուինք մտա­ծելու որ այդ հա­մերաշ­խութիւ­նը ապա­հովե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է հայ­րե­նի եր­կի­րը իս­կա­պէս, իրա­ւացի կեր­պով սի­րել։ Մինչդեռ մեր երկրին մէջ հայ­րե­նասի­րու­թիւնը կը բա­ցատ­րուի դրօ­շակա­սիրու­թեամբ։ Մար­դիկ կա­պուած չեն իրենց հայ­րե­նի երկրին։ Ամէն անհրա­ժեշ­տութեան դէպ­քին պատ­րաստ են հայ­րե­նի եր­կի­րը լքե­լու եւ առանց ետ նա­յելու հե­ռանա­լու։ Կ՚երե­ւի թէ ձե­ւական հայ­րե­նասի­րու­թիւն մըն է մե­րը, որ կը ներ­կա­յանայ պո­ռոտա­խօսու­թեամբ միայն։

Մեր իջե­ւանած հիւ­րա­նոցը եւս նոր խոր­հուրդներ առա­ջացուց։ Եկե­ղեցա­պատ­կան ու­սումնա­կան հա­մալի­րի մը մէկ բա­ղադ­րիչն էր այս հիւ­րա­նոցը։ Երբ Թուրքիոյ մէջ քա­ղաքա­կան հա­կաճա­ռու­թիւննե­րու նիւթ կը դառ­նայ Կրօ­նից Տես­չութիւն հաս­տա­տու­թիւնը, Գեր­մա­նիոյ մէջ այս խնդիրն ալ լու­ծուած է կրօ­նական հաս­տա­տու­թիւննե­րու հա­սարա­կական դիր­քա­ւորու­մով։ Եկե­ղեցին կապ չու­նի պե­տական պիւտճէի հետ եւ իր նա­խաձեռ­նութիւննե­րով կը հա­ւասա­րակշռէ ելմտա­ցոյ­ցը։

Յա­ջորդ օր նախ­քան կազ­մա­կեր­պիչնե­րու մեզ դէ­պի մի­ջոցառ­ման վայր առաջ­նորդե­լը, ու­նէինք քա­նի մը ազատ ժա­մեր։ Այդ պա­հը ար­ժե­ւորե­ցինք Ռուհր գե­տի հան­դի­պակած ափը գտնուող Ման­հայմ այ­ցե­լելով։ Քի­միական ար­տադրու­թեան կեդ­րոն հան­դի­սացող այս քա­ղաքին մէջ ալ կը տի­րէ ան­դորրը։ Խա­ղաղ փո­ղոց­ներ, խա­ղաղ շու­կա­ներ եւ խա­ղաղ ժո­ղովուրդ։ Սի­րելի բա­րեկամ Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լուի հետ մենք ալ մեր բա­ժինը վա­յելե­ցինք քա­ղաքի կեդ­րո­նի տօ­նավա­ճառէն գիւ­ղա­ցինե­րու տնա­կան ար­տադրու­թիւն պա­նիր­ներ ու եր­շիկներ գնե­լով։ Այս շու­կա­յին մէջ հի­ժիէնի հաս­կա­ցողու­թիւնը սահ­մա­նուած է մաք­րութեամբ միայն։ Այդ անի­մաստ փա­թեթա­ւորումնե­րէն հե­ռու, տնա­յին պայ­մաննե­րու տակ ար­տադրուած այս սննդե­ղէնը մօտ ապա­գային բո­լորո­վին պի­տի վե­րանայ մեր երկրին մէջ, քա­նի որ նոր կա­նոնադ­րութեամբ մսա­վաճառ­նե­րուն իսկ կ՚ար­գի­լուի եր­շիկ պատ­րաստել ու ծա­խելը։ Եւ ինչ զար­մա­նալի, այս բո­լորի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը կը հաս­ցէագ­րուի Եւ­րո­միու­թեան կա­նոն­նե­րուն։ Մինչդեռ ահա­ւասիկ Եւ­րո­միու­թեան սրտին մէջ այսքան դիւ­րաւ հա­սանե­լի է տնա­կան ար­տադրու­թիւնը։ Այդ քա­նի մը ժա­մուայ ըն­թացքին այ­ցե­լեցինք ցու­ցասրահ մը, ուր գե­ղան­կարչա­կան գոր­ծե­րէ աւե­լի կը ծա­նօթա­ցուէր տպուած լու­սանկար­չա­կան բնան­կարներ կամ կրա­ֆիկ գոր­ծեր։ Ներ­քին ճար­տա­րապե­տու­թեան մաս կազ­մող այս տե­սանիւ­թե­րը կը ներ­կա­յանա­յին քա­նի մը հա­զար Եւ­րո­յի հաս­նող գու­մարնե­րով։ Ապա սրա­հի մա­տու­ցո­ղը բա­ցատ­րեց այդ գի­ներու գաղտնի­քը։ «Գի­տեմ որ Թուրքիոյ մէջ այս բնոյ­թի գոր­ծե­րը շատ աւե­լի աժան են։ Բայց մենք այս գու­մա­րին մէջ կա­րեւոր բա­ժին պա­հած կ՚ըլ­լանք հե­ղինա­կին։ Լու­սանկա­րիչը իր ամէն վա­ճառուող օրի­նակով կը շա­րու­նա­կէ շա­հիլ»։ Ու­րեմն կը տես­նենք թէ արուես­տա­գէտի վաս­տակն ալ բարձր կը գնա­հատուի Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Հա­պա ար­հեստա­ւորի՞ն վաս­տա­կը։ Ափ­սոս որ աշ­խա­տող­նե­րուն վաս­տա­կը եւ կեն­ցա­ղը օրըս­տօ­րէ կը նուազի բո­վան­դակ Եւ­րո­պայի, նե­րառեալ Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Ար­դէն հա­սած է այս վեր­ջին նիւ­թի շուրջ ալ խորհրդակ­ցե­լու պա­հը։ Հա­սած ենք «Ֆրէտ­րիխ Էպէրթ Հոլ» դահ­լի­ճը, որ առա­ջին հեր­թին մեզ կը յի­շեց­նէ Իս­թանպու­լի եր­բեմնի մար­զա­համեր­գա­յին հա­մալիր «Սփոր Սէր­կի Սա­րայը»ն։

Տար­բեր սե­րունդնե­րէ քա­նի մը հա­զար մարդ հա­ւաքուած է այստեղ։ Շա­տեր շրջա­կայ քա­ղաք­նե­րէն օթօ­պիւսնե­րով կամ անձնա­կան ինքնա­շար­ժե­րով եկած։ Մա­նաւանդ օթօ­պիւ­սով եկող­նե­րը վան­կարկումնե­րով հա­ւաքա­բար կը մտնեն դահ­լիճ։ Անոնց մէջ կը հան­դի­պինք նաեւ սա­կաւա­թիւ հա­յերու, որոնց հետ ծա­նօթա­ցած ենք մեր նա­խորդ այ­ցե­լու­թիւննե­րու ըն­թացքին։ Մուտքի տա­րածքնե­րուն մէջ գիր­քե­րու տօ­նավա­ճառ­ներ կազ­մուած են։ Ըն­դարձակ տա­րածք մըն ալ տրա­մադ­րուած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ցո­լաց­նող լու­սանկար­նե­րու։ Կող­քին լայն հա­տուած մըն ալ կը գոր­ծէ իբ­րեւ խո­հանոց։ Իրա­կանու­թեան մէջ խո­հանո­ցը տա­րածուած է եր­կու բաժ­նի։ Բուն ար­տադրա­մասը դուրսն է։ Հոն վրա­նի մը ներ­քեւ կազ­մուած են երեք տէօնէ­րի օճախ­ներ։ Ման­րըուած մի­սը կ՚առա­քուի դէ­պի ներ­քե­ւի խո­հանո­ցը, ուր հա­ցերու մէջ տե­ղադ­րուելով կը մա­տու­ցուի ներ­կա­ներուն։ Մե­ղուի փե­թակի մը տպա­ւորու­թիւնը կը թո­ղուն այդ զոյգ խո­հանոց­նե­րը։ Նման պատ­կեր մը կը տի­րէ գիր­քե­րու տօ­նավա­ճառին մօտ ալ։ Կը հան­դի­պինք մարդկանց, որոնց հետ առա­ջին ան­գամ այդ պա­հուն կը ծա­նօթա­նանք, բայց առանց հան­դի­պելու կապ մը կայ մեր մի­ջեւ։ Անոնք մեզ կը ճանչնան հե­ռուստա­հաղոր­դումնե­րէն։ Իսկ մենք զի­րենք կը յի­շենք, քա­նի որ հե­ռախօ­սի վրայ բա­ցատ­րութիւններ տուած էինք իրենց Ապ­րի­լեան դէ­պի Երե­ւան ու­ղե­ւորու­թեան նա­խօրեակին։ 9 հո­գինոց խումբով գա­ցած էին Հա­յաս­տան եւ մեր հա­ղոր­դած կա­պերով բնա­կարան վար­ձած։ Կը պատ­մեն իրենց Ապ­րիլ 24-եան ապ­րումնե­րը, մեզ նուիրե­լով Վա­նաձո­րի թիւ 21 դպրո­ցի աշա­կերտնե­րուն կող­մէ պատ­րաստուած ան­մո­ռուկ ծա­ղիկ­ներ։ Աշա­կերտնե­րը իրենց պատ­րաստած ծա­ղիկ­նե­րուն ետեւ ար­ձա­նագ­րած են «Լո­ռու մարզ, Վա­նաձոր, թիւ 21 դպրոց» եւ անուն ազ­գա­նուններ։ Կ՚ու­զենք յի­շատա­կել այդ անուննե­րը՝ Բա­բայեան Ար­մի­նէ 5-րդ դա­սարան, Սու­զաննա Գրի­գորեան 5-րդ դա­սարան, Ռազ­միկ Գալստեան 3-րդ դա­սարան, Տիգ­րան Մխկեան 5-րդ դա­սարան, Սու­րէն Ալի­խանեան 4-րդ դա­սարան, Մե­լինա Քո­չարեան 2-րդ դա­սարան, Սա­մուէլ Բա­բու­րեան 2-րդ դա­սարան, Գոռ Մնա­ցակա­նեան 2-րդ դա­սարան, Տիգ­րան Մի­կոյեան 5-րդ դա­սարան, Գա­գիկ Մնա­ցակա­նեան 2-րդ դա­սարան, Ար­սէն Տու­ֆա­նեան 7-րդ դա­սարան, Մո­նիքա Պա­պիկեան 3-րդ դա­սարան, Ար­մի­նէ Յով­սէ­փեան 2-րդ դա­սարան… Դեռ եր­կար կա­րելի էր շա­րու­նա­կել անուանա­ցան­կը բայց ար­դէն կ՚ազ­դա­րարեն, պէտք է դահ­լիճ մտնենք։ 3000 նստա­տեղի տա­րողութեամբ դահ­լի­ճի մէկ եր­րորդը ընդմիշտ դա­տարկ էր։ Դա­տարկ էր, քա­նի որ միշտ կա­րեւոր բազ­մութիւն մը կը մնար դուրսը, շա­ղակ­րա­տելու, ծխե­լու, կե­րու­խումի պատ­ճա­ռաւ։

Մա­յիսի 18 թուրքիացի անուանի յե­ղափո­խական Իպրա­հիմ Քայ­փաքքա­յայի մա­հուան օրն է։ Իր գա­ղափա­րակից­նե­րը ամէն տա­րի այդ թուակա­նին կը ոգե­կոչեն «ԹԻՔ­ՔՕ» շար­ժումի առաջ­նորդը Գեր­մա­նիոյ, Տէր­սի­մի, Իս­թանպու­լի եւ դեռ զա­նազան կեդ­րոննե­րու մէջ։ Այս տա­րի տրուած ըլ­լա­լով թէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադարձն է, մի­ջոցա­ռու­մը ձօ­նուած էր նաեւ եղեռ­նի զո­հերու յի­շատա­կին։ Հան­դի­սավա­րը իր եր­կա­րաշունչ ու­ղերձին մէջ նշեց նաեւ այս հան­գա­ման­քը, հա­ղոր­դեց զա­նազան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ուղղար­կած ող­ջոյնի ու­ղերձնե­րը եւ բեմ հրա­ւիրեց այժմ հռո­մաբ­նակ օփե­րայի երգչու­հի Փէր­վին Չա­քարը։ Ծա­գու­մով Մար­տին/տէ­րիք­ցի շնոր­հա­լի երգչու­հին Նա­զէ Իշ­խա­նի դաշ­նա­մու­րի եւ Նու­նէ Տլօ­վանի ջու­թա­կի ըն­կե­րակ­ցութեամբ կա­տարեց հա­յերէն, քրտե­րէն, զա­զաերէն եւ թրքե­րէն եր­գե­րէ բաղ­կա­ցող յայ­տա­գիր մը։

Ապա կա­յացաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով մշա­կուած ասու­լի­սը, որուն ատե­նախօս­ներն էին «Փար­թի­զան» խմբա­կի հա­յազ­գի ներ­կա­յացու­ցիչ մը, Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լու եւ Բագ­րատ Էս­դուգեան։ «Փար­թի­զան»ի ներ­կա­յացու­ցի­չը նիւթ ու­նե­ցաւ հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին Թուրքիոյ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն են­թարկուած հա­լածանքնե­րը։ Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լու խօ­սեցաւ պատ­մութեան մէջ հայ-քիւրտ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մա­սին։ Իսկ Էս­դուեան վեր­լուծեց դա­րադար­ձի խոր­հուրդը։ Ան մեկ­նե­լով Թուզլա­յի ճամ­բա­րին մէջ այս օրե­րուս պար­զուած «Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի» վեր­տա­ռու­թե­նէն, խօ­սեցաւ այս աշ­խարհագ­րա­կան հա­տուա­ծի մէջ յա­րատեւ դար­ձած իշ­խա­նական բռնու­թեան մա­սին։ «Հռո­մէական կայսրու­թե­նէն Բիւ­զանդիոն, հոն­կէ ալ Օս­մա­նեան Կայսրու­թիւն եւ Հան­րա­պետա­կան Թուրքիա փո­խան­ցուած աւան­դութիւն մըն է իշ­խա­նական բռնու­թիւնը։ Սա­կայն նոյն տա­րած­քի վրայ մենք ու­նինք մի այլ աւան­դոյթ, որ Սպար­տա­կու­սէն այս կողմ յա­րատեւ է։ Դի­մադ­րե­լու կամքն է այդ, որ պատ­մութեան բո­լոր շրջան­նե­րուն կը յայտնուի մեր դի­մաց»։ Էս­դուգեան իր խօս­քե­րը աւար­տեց ըսե­լով որ հա­րիւր տա­րի անց հայ ժո­ղովուրդը զո­հի հո­գեբա­նու­թե­նէն դուրս կ՚ել­լէ միայն բռնու­թեան դէմ դի­մադ­րողնե­րուն զօ­րակ­ցութեամբ։ «Պատ­մութիւ­նը մեզ կը տա­նի այդ փոր­ձին։ Ցե­ղաս­պան միտ­քը այ­սօր կը սպառ­նայ Շեն­կա­լի մէջ Եզ­տի­ներու, Մու­սուլի մէջ ասո­րինե­րու, Քէ­սապի կամ Հա­լէպի մէջ հա­յերու, Քո­պանիի մէջ քրտե­րու։ Որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ապ­րած ժո­ղովուրդ հա­յը չի կրնար նման տա­ռապան­քի են­թարկուած­նե­րուն հան­դէպ ան­հա­ղորդ մնալ» ըսաւ Էս­դուգեան։

Վեց ժա­մուայ տե­ւողու­թեամբ մի­ջոցա­ռու­մը շա­րու­նա­կուե­ցաւ յա­ճախա­կի վան­կարկումնե­րով եւ երաժշտա­կան ելոյթնե­րով, որոնց վեր­ջին մե­նակա­տարն էր Փը­նար Այ­տընլար։ Ան որ­պէս բա­զում ան­գամներ այս մի­ջոցա­ռումնե­րու մաս­նակցող երգչու­հի, կը վա­յելէ մեծ ժո­ղովրդա­կանու­թիւն։ Դիւ­րաւ թա­փան­ցեց դահ­լի­ճի հո­գեբա­նու­թեան եւ եր­գե­րու ընդմէջ իր կա­տարած ելոյթնե­րով կրցաւ տպա­ւորել ունկնդրո­ղը։

Աւար­տին երբ ժո­ղովուրդը խումբ առ խումբ կ՚ուղղուէր դէ­պի իրենց ինքնա­շարժնե­րը, կազ­մա­կեր­պիչները լծուած էին ամ­բողջ դահ­լի­ճը զար­դա­րած իրենց նկար­նե­րը եւ վեր­տա­ռու­թիւննե­րը հա­ւաքե­լու գոր­ծին։ Այդ պա­հուն մենք ան­գամ մը եւս տա­րուե­ցանք ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան առու­մով ժա­մանա­կի խոր­հուրդին։ Իս­կա­պէս ալ պար­զուած պատ­կե­րը կը յի­շեց­նէր 1970-ական տա­րինե­րու Թուրքիոյ ձա­խակող­մեան շրջա­նակ­նե­րու հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Կար­ծես թէ Թուրքիոյ մէջ զա­նազան հաս­կա­ցողու­թիւններ տա­րինե­րու ըն­թացքին ապ­րած ըլ­լան որոշ գա­ղափա­րի շրջումներ։ Բայց սփիւռքի պայ­մաննե­րուն մէջ խնդրոյ առար­կայ չէ եղած այդ շրջու­մը։ Ժա­մանա­կը սա­ռած է ձե­ւով մը եւ մեր այժմու բա­րեկամ­նե­րը դրած է դժուար դրու­թեան մը տակ։ Անոնք ան­շուշտ որ էակա­նօրէն եւ գործնա­կանօ­րէն կ՚ապ­րին այս օրը։ Բայց զգայականօրէն եւ գա­ղափա­րական իմաս­տով կառ­չած են քա­ռասուն տա­րի առա­ջուան բար­քե­րուն։ Ապե­րախ­տութիւն պի­տի ըլ­լայ այս վի­ճակը դուրսէն նա­յելով դա­տապար­տել։ Թե­րեւս ալ օտա­րու­թեան մէջ ինքնու­թիւն պա­հելու անհրա­ժեշտ մի­ջոցն է այս կամ­քը։ Բայց չմտա­հոգուիլ կա­րելի չէ, քա­նի որ այդ վան­կարկումնե­րը կամ լո­զունգնե­րը կը փա­ռաբա­նեն նաեւ կռի­ւը եւ կրնան սխալ թե­լադ­րանքներ առա­ջար­կել երի­տասարդ սե­րունդնե­րուն։

Յա­ջորդ օր կրկին բռնած ենք Ֆրանքֆուրթի օդա­կայա­նի ճամ­բան, մին­չեւ նոր հան­դի­պում մը Գեր­մա­նիայէն եւ գեր­մա­նաբ­նակ մեր հա­րազատ­նե­րէն հրա­ժեշտ առնելու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ