PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Գիրը կը մնայ, նաեւ չգրուածը

Քաղաքակրթութեան նուաճումներու դիմաց մարդոց մտաբերած առաջին խորհուրդներէն մէկը եղաւ «աշխարհ փոքրացաւ» համոզումը։ Շոգենաւերը շատ աւելի արագընթաց էին բաղդատմամբ առագաստանաւերու։ Շոգեկառքերը նոյնպէս։ Վրայ հասաւ պէնզինով բա­նող շար­ժակնե­րը։ Ճա­նապարհնե­րը հա­մապա­տաս­խան կեր­պով աս­ֆալթա­պատուեցան եւ շա­բաթ­նե­րով հա­շուող հե­ռաւո­րու­թիւննե­րը սկսաւ օրե­րով հաշ­ւուիլ։ Իսկ գա­լով մեր օրե­րուն, այդ նոյն ճա­նապարհնե­րը կը հաշ­ւուին ժա­մերով, նոյ­նիսկ թղթա­տարու­թեան պա­րագա­յին վայրկեան­նե­րով միայն։

Աշ­խարհ փոք­րա­ցաւ եւ քրտաբ­նակ սահ­մա­նամերձ տա­րածքնե­րու մէջ զի­նուոր­նե­րու փամ­փուշտով սատ­կած քա­նի մը ջո­րիի մա­սին մար­դիկ նոյն պա­հուն մեկ­նա­բանու­թիւններ կ՚ընեն հա­տելով ով­կիանոս­նե­րը։

Մա­մուլ բա­ռը իր յօ­րինուած օրե­րուն կը բացատրէր գրա­ւոր լրա­տուա­միջոց­նե­րը։ Ապա գրա­ւորին վրայ աւել­ցաւ ձայ­նա­ւորը եւ աւե­լի ետք ալ ապ­րե­ցանք նկար­նե­րու հե­ռար­ձա­կու­մը։ Այս ոդի­սակա­նի ըն­թացքին նկա­տեցինք թէ մա­մուլ բա­ռը կորսնցուցած է գոր­ծա­ծու­թեան դաշ­տը, իւ­րացնե­լով «մե­տիա» բա­ցատ­րութիւ­նը։

Գրա­ւոր լրա­տուա­միջոց­նե­րը, երբ մա­մուլ կը կո­չուէին ու­նէին նաեւ իրենց յա­տուկ բա­րոյա­կան սկզբունքներ ու կա­նոն­ներ։ Կը յար­գէին ըն­թերցո­ղին իմա­նալու, տե­ղեակ դառ­նա­լու իրա­ւունքը։ Այդ իրա­ւունքը եր­բեք կա­խեալ չէր խմբա­գիր­նե­րու նա­խասի­րու­թե­նէն։ Իրենց վի­ճակա­ծը լու­ր հա­ղոր­դել էր, այլ ոչ թէ քօ­ղար­կել կամ ան­տե­սել։

Մե­տիան եր­բեք չու­նե­ցաւ այս պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը։ Ան կաշ­կանդուած էր որոշ շա­հերով եւ ակնկա­լու­թիւննե­րով։ Այս հան­գա­ման­քով թեր­թե­րը կորսնցու­ցին իրենց հա­ւաս­տիու­թիւնը։ Մար­դիկ նա­խապէս եղե­լու­թեան մը ճշգրտու­թիւնը կը դա­տէին թեր­թին մէջ գրուած ըլ­լա­լով։ Հա­մոզուած էին որ այն ինչ որ թուղթի յանձնուած է, չի կրնար սուտ կամ սխալ ըլ­լալ։ Մե­տիայի լրա­տուա­միջոց­նե­րը ապա­կանող այս շե­ղու­մը շատ ան­գամ կը բա­ցատ­րուի այն իրո­ղու­թեամբ, թէ թեր­թե­րը կը հրա­տարա­կէին խմբա­գիր­նե­րը, իսկ մե­տիայի հրա­տարա­կու­թիւնը ստու­գո­ղը գոր­ծա­տէր­ներն են։ Անոնք բա­ցի լրագ­րի կամ հե­ռուստա­կայա­նի մը սե­փակա­նատէ­րը ըլ­լա­լէ, կը վա­րեն մեծ ըն­կե­րու­թիւններ եւ հսկայ գու­մարնե­րով գոր­ծեր կը ստա­նան կա­ռավա­րու­թե­նէն։ Այս շա­հերու պատ­ճա­ռաւ ալ կ՚են­թարկուին իշ­խա­նու­թիւննե­րու հրա­մանին։ Որ­քան ալ բա­րոյա­կան առու­մով անըն­դունե­լի ըլ­լայ, գործնա­կան իմաս­տով կա­րելի է հասկնալ այս իրա­վիճա­կը։

Բայց ինչպէ՞ս ար­դա­րաց­նել քա­ղաքիս հա­յերէն օրա­թեր­թե­րու պա­հած լռու­թիւնը իր հա­րազատ ժո­ղովուրդին հա­մար խիստ էական նիւ­թի մը շուրջ։ Եր­կու շա­բաթ առաջ քան­դիչ սար­քեր խոր­տա­կեցին Գամփ Ար­մէ­նի ար­դէն գրա­ւուած շէն­քը։ Նոյն օր կարգ մը հե­ռուստաըն­կե­րու­թիւններ նախ ներքնա­գիրե­րու դրու­թեամբ, ապա թղթա­կից­նե­րու վկա­յու­թեամբ լու­րեր հա­ղոր­դե­ցին Թուզլա­յի հայ ման­կանց ճամ­բա­րէն։ Մեր օրա­թեր­թե­րէն միայն մէ­կը եր­կօ­րեայ լռու­թե­նէ ետք հա­զիւ վար­չա­պետ Տաւութօղլու այս մա­սին յայ­տա­րարու­թիւնով անդրա­դար­ձաւ դէպ­քին։ Յա­ջոր­դող օրե­րուն ալ դար­ձեալ զար­տուղի լրա­տուու­թիւննե­րով շա­րու­նա­կուե­ցան այդ վա­րանոտ լրա­տուու­թիւննե­րը։ Իսկ երկրորդ օրա­թեր­թը մին­չեւ օրս կը պա­հէ քար լռու­թիւն այս նիւ­թին շուրջ։

Միւս կող­մէ սփիւռքա­հայ մա­մու­լը մեծ ու­շադրու­թեամբ կը հե­տեւի Քամփ Ար­մէ­նի թա­լան­ման դէմ քա­ջարի դի­մադ­րութիւն ցու­ցա­բերող Նոր Զար­թօնք շար­ժումի ձեռքբե­րումնե­րուն։

Մենք յի­շեց­նե­լով գո­հանանք, խմբա­գիրը իր գրա­ծով ու չգրա­ծով կրնայ մե­ղադ­րուիլ հա­րիւր տա­րի ետք ալ։ Չէ որ գի­րը կը մնայ, նոյ­նիսկ եթէ բացակայ ըլլայ։