Եւրոհայերը կը զօրակցին ՀՏՓ-ին

Երբ միայն երկու շաբաթներ մնացած են Թուրքիոյ քա­ղաքա­կանու­թեան հա­մար ճակա­տագ­րա­կան նշա­նակու­թիւն ներ­կա­յաց­նող խորհրդա­րանի ընտրու­թիւննե­րուն, քա­ղաքա­կան դաշ­տը լրջօ­րէն սրուած է։ Քա­նի մը օր առաջ տա­սը վայրկեանի հե­տեւու­թեամբ ռումբեր պայ­թե­ցան ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Մէր­սի­նի եւ Ատա­նայի կուսակցական կեդ­րոննե­րուն մէջ։ Ռումբե­րը զե­տեղուած էին թա­ղարի եւ փոստի մէջ, յանձնուած կու­սակցա­կան­նե­րուն։

Երբ միայն երկու շաբաթներ մնացած են Թուրքիոյ քա­ղաքա­կանու­թեան հա­մար ճակա­տագ­րա­կան նշա­նակու­թիւն ներ­կա­յաց­նող խորհրդա­րանի ընտրու­թիւննե­րուն, քա­ղաքա­կան դաշ­տը լրջօ­րէն սրուած է։ Քա­նի մը օր առաջ տա­սը վայրկեանի հե­տեւու­թեամբ ռումբեր պայ­թե­ցան ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Մէր­սի­նի եւ Ատա­նայի կուսակցական կեդ­րոննե­րուն մէջ։ Ռումբե­րը զե­տեղուած էին թա­ղարի եւ փոստի մէջ, յանձնուած կու­սակցա­կան­նե­րուն։ Մէր­սի­նի մէջ պայ­թումէն հա­զիւ քա­նի մը րո­պէ առաջ կու­սակցա­կան­նե­րը պատշգամ հա­նեցին թա­ղարը եւ պայ­թումը կա­տարուեցաւ առանց զո­հեր խլե­լու։ Եթէ այդ զգու­շացման քայ­լին դի­մած չըլ­լա­յին, շատ հա­ւանա­կան է որ պայ­թումը պա­տահէր ժո­ղովի ըն­թացքին եւ պատ­ճառ դառ­նար հա­ւաքա­կան սպան­դի մը։ Կու­սակցու­թեան շրջա­նակ­նե­րը կը յայտնեն թէ քա­րոզար­շա­ւի սկսե­լէն ի վեր այս 50-րդ յար­ձա­կումն է իրենց հան­դէպ։ Փոր­ձա­գէտ­ներ այս յար­ձա­կողա­կան մի­ջավայ­րը կը վե­րագ­րեն նա­խագահ Էր­տո­ղանի գրգռիչ ելոյթնե­րուն։ Իսկ այդ ելոյթնե­րը կը բա­ցատ­րուին իշ­խող կու­սակցու­թեան քուէնե­րու հա­ւանա­կան նուազու­մով։ Վեր­ջին հարցախոյզներու հա­մաձայն ՀՏՓ կը յաղ­թա­հարէ տա­սը տո­կոսի արգելագիծը եւ կը կրկնա­պատ­կէ խորհրդա­րանէ ներս զբա­ղեցու­ցած աթոռ­նե­րը։ Այս կը նշա­նակէ թէ իշ­խող կու­սակցու­թիւնը չի յա­ջողիր 400 պատ­գա­մաւոր­ ունենալու իր երազին հաս­նեիլ։ Այսպէ­սով կը դժուարա­նայ նաեւ նա­խագահ Էր­տո­ղանի ցան­կա­ցած նա­խագա­հական համակարգին անցնե­լու օրի­նական կար­գադրու­թիւննե­րը։

Այս լու­րե­րուն գրուած պա­հուն յար­ձակման նոր լուր մըն ալ կը հաս­նէր Իս­թանպու­լի Սա­րըեէր թա­ղամա­սէն։ Հոս ալ ՀՏՓ-ական­նե­րը են­թարկուեցան ազ­գայնա­կան­նե­րու խու­ժա­նի յար­ձա­կու­մին։

Նշենք որ Յու­նաստա­նի Սի­րիզա շար­ժումէն ետք, Եւ­րո­պայի Հայ Դաշնակցութեան գրա­սենեակն ալ զօ­րակ­ցութիւն կը յայտնէ ՀՏՓ-ին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ