Երգչախումբին լեզուն

Այ­­սօր, այս պա­­հուն արեւմտա­­հայե­­րէնին ո՞վ պէտք ու­­նի։ Արե­­ւելա­­հայե­­րէնին շա­­տեր պէտք ու­­նին Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ, իսկ արեւմտա­­հայե­­րէնին ո՞վ եւ ո՞ւր պէտք ու­­նի։ Ի՞նչ պա­­րագա­­յի է որ պէտք կ՚ու­­նե­­­նանք, կա­­րիքը կը զգանք այս լե­­զուին։ Կա­­րիքը պէտք է ըլ­­լայ այս լե­­զուին, որ անոր շուրջ զար­­գա­­­նայ անոր շու­­կան, եւ շու­­կա­­­յին շուրջ փո­­ղոցը, եւ փո­­ղոցին շուրջ կա­­պերը եւ հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը, հա­­ղոր­­դակցու­­թեան շուրջ հա­­ւաքա­­կանու­­թիւնը։ Այդպի­­սով լե­­զուն ինքնըս­­տինքեան ապ­­րած կ՚ըլ­­լայ, եւ անոր շուրջ գո­­յացած կ՚ըլ­­լայ իրեն կա­­պուած մշա­­կոյ­­թը։

ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

vahaknk@gmail.com

Լեզուն ինքնի­րէն չի կրնար գո­յատե­ւել, ոչ իսկ լե­զուն գոր­­ծա­­­ծող հա­­ւաքա­­կանութեան ճի­­գով։ Քա­­նի որ լե­­զուն եւ իր հետ եկած մշա­­կոյ­­թը կը սնին նախ եւ առաջ կա­­րիքէն։ Լե­­զուին պէտք կա՞յ, ու­­րեմն ան կը շա­­րու­­նա­­­կէ գո­­յատե­­ւել, լե­­զուին պէտք չկա՞յ, ու­­րեմն ան կը ոչնչա­­նայ։ Մար­­դիկ չեն կրնար ապ­­րիլ առանց հա­­ղոր­­դակցե­­լու, առանց մաս կազ­­մե­­­լու հա­­սարա­­կու­­թեան մը, եւ հա­­սարա­­կութեան մը մաս կազ­­մե­­­լը հա­­ղոր­­դակցու­­թեամբ է որ կ՚ըլ­­լայ։

Այ­­սօր, այս պա­­հուն արեւմտա­­հայե­­րէնին ո՞վ պէտք ու­­նի։ Արե­­ւելա­­հայե­­րէնին շա­­տեր պէտք ու­­նին Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ, իսկ արեւմտա­­հայե­­րէնին ո՞վ եւ ո՞ւր պէտք ու­­նի։ Ի՞նչ պա­­րագա­­յի է որ պէտք կ՚ու­­նե­­­նանք, կա­­րիքը կը զգանք այս լե­­զուին։ Կա­­րիքը պէտք է ըլ­­լայ այս լե­­զուին, որ անոր շուրջ զար­­գա­­­նայ անոր շու­­կան, եւ շու­­կա­­­յին շուրջ փո­­ղոցը, եւ փո­­ղոցին շուրջ կա­­պերը եւ հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը, հա­­ղոր­­դակցու­­թեան շուրջ հա­­ւաքա­­կանու­­թիւնը։ Այդպի­­սով լե­­զուն ինքնըս­­տինքեան ապ­­րած կ՚ըլ­­լայ, եւ անոր շուրջ գո­­յացած կ՚ըլ­­լայ իրեն կա­­պուած մշա­­կոյ­­թը։

Տա­­կաւին կան աշ­­խարհի վրայ կարգ մը շրջան­­ներ, շրջա­­նակ­­ներ ու «սե­­նեակ»-ներ, ուր արեւմտա­­հայե­­րէնը անհրա­­ժեշ­­տութիւն է։ Առանց անոր մարդ չի կրնար գո­­յատե­­ւել, օրա­­պահի­­կը ապա­­հովել եւ կամ պար­­զա­­­պէս բա­­րեւ տալ շուրջին­­նե­­­րուն։ Հա­­լէպի հա­­յերը այդպէս կ՚ապ­­րէին, հի­­մա չենք գի­­տեր թէ ինչ պի­­տի ըլ­­լայ անոր ճա­­կատա­­գիրը։ Պէյ­­րութի Պուրճ Հա­­մու­­տը այդպէս է, եւ ան­­շուշտ կան նման օրի­­նակ­­նե­­­րը ամե­­նու­­րեք։

Իսկ ինչպէ՞ս է վի­­ճակը Պոլ­­սոյ մէջ։ Այստեղ մար­­դիկ ին­­չո՞ւ պէտք ու­­նե­­­նան արեւմտա­­հայե­­րէն գիտ­­նալու։ Ոչ շու­­կա­­­յին հա­­մար, ոչ գիրք կար­­դա­­­լու հա­­մար, ոչ գոր­­ծի ըն­­դունուելու հա­­մար, ոչ ալ սի­­րեկան մը գտնե­­լու հա­­մար հար­­կա­­­ւոր է արեւմտա­­հայե­­րէնը այստեղ։ Եւ ճիշդ այդ պատ­­ճա­­­ռով է որ այսքան սա­­կաւ է զայն գոր­­ծա­­­ծող­­նե­­­րուն թի­­ւը։ Այդ պատ­­ճա­­­ռով ալ նոյ­­նիսկ օրա­­կար­­գա­­­յին խնդիր չէ արեւմտա­­հայե­­րէնի գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը։ Սա­­կայն ու­­րիշ բան մը կայ։

Բան մը կայ, որ մղած է Սա­­յաթ Նո­­վա Երգչա­­խումբի երի­­տասարդ ան­­դամնե­­րը չբա­­ւարա­­րուիլ եր­­գա­­­ցան­­կով մը, եւ վրան գու­­մա­­­րել ըն­­թերցա­­նու­­թիւններ իրենց հա­­մեր­­գի ըն­­թացքին։ Այս ինքնին կար­­քի մը ար­­դիւնքը չէ՞ ար­­դեօք։ Սա­­յաթ Նո­­վացի­­ներ կա­­րիքը զգա­­ցած են տէր կանգնիլ իրենց լե­­զուին։ Ու­­րեմն լե­­զուն այս պա­­րագա­­յին կը վե­­րածուի ինքնին կա­­րիքի մը։ Մարդ կրնա՞յ ինքնու­­թիւն ու­­նե­­­նալ առանց լե­­զուին, իսկ ինքնու­­թիւնը յստակ է բո­­լորին որ պոլ­­սա­­­հայե­­րուն հա­­մար օրա­­կար­­գա­­­յին խնդիր է։ Ինքնու­­թիւնը օրա­­կար­­գա­­­յին դառ­­նա­­­լով, իր հետ քաշ կու տայ նաեւ լե­­զուն եւ մշա­­կոյ­­թը։

Սա­­յաթ Նո­­վացի­­ները ոչ թէ կ՚ապ­­րեցնեն հա­­յերէ­­նը, լե­­զուն պահ­­պա­­­նելու նպա­­տակով, այլ կա­­րիքը կը զգան հա­­յերէ­­նով ապ­­րե­­­լու։ Ոչ թէ կ՚եր­­գեն եր­­գած ըլ­­լա­­­լու սի­­րոյն, եւ կամ քա­­նի որ մօ­­տա է հա­­յերէն եր­­գե­­­լը ու հա­­յերէն կար­­դա­­­լը, այլ կ՚եր­­գեն կո­­րուստի մը կա­­րօտով ու «Կռունկ» կ՚անուանեն իրենց հա­­մեր­­գը։ Սա­­յաթ Նո­­վացի­­ները կը բա­­նան գիր­­քե­­­րը, փո­­շոտ դա­­րակ­­նե­­­րէն հա­­նելով, կը կար­­դան մոռ­­ցուած գրա­­կանու­­թիւնը, ու հեր­­թա­­­կան հա­­մեր­­գը կը վե­­րածեն լե­­զուի ու մշա­­կոյ­թի փա­ռատօ­նի մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ