PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Յիշելով Յունիսեան զոհերը

Այս շաբաթավերջին կ՚աւարտի «Կէզի»ի ապստամբութեան երկրորդ տարին։ Կ՚արժէ վերյիշել 2013 թուի Յունիս ամիսը։ Այդ տարի Մայիս ամսուայ վերջին օրերուն քանդիչ մեքենաներ Թաքսիմի «Կէզի» զբօսայգին մտան ու սկսան արմատախիլ ընել այդ տեղի հին ու հսկայ սօսիները։ Կառավարութիւնը օրեր առաջունէ յայտարարած էր զբօսայգիին տարածքին մէջ նախապէս գտնուած զօրամասը վերակառուցելու մասին իր որոշումը։ Քաղաքաշիութեան մասնագէտներ հակազդած էին այս որոշումին ներկայացնելով իրենց պատճառաբանութիւնները։ Կառավարութիւնը բնաւ նկատի չէր առած կատարուած այդ առարկութիւնը եւ ինչպէս նախապէս ալ ըրած էր, զանազան առիթներով յանկարծակիօրէն այդ սարքերը ղրկած էր այգի փլուզումը իրականացնելու համար։ Այս լսող բազմաթիւ բնապահպաններ իսկոյն այգի փութացին փլուզման արգելք ըլլալու միտումով։ Բայց ոստիկանութիւնը շատ բիրտ կերպով յարձակեցաւ այդ բնապահներուն վրայ եւ փորձեց բռնի ուժի գործադրութեամբ կոտրել անոնց դիմադրութեան կամքը։ Սակայն անոնց այս վերաբերումը ալ աւելի գրգռեց այգիի պաշտպանութեան համար եկողները։ Աւելին, քաղաքի շատ տարբեր թաղամասերէն մարդիկ փութացին այգի ապշտպանելու համար հոն դիրք բռնած երիտասարդութիւնը։ Ոստիկաններու միջամտութիւնը քանի բրտացաւ, փոխադարձաբար բրտացաւ նաեւ տարածքը պաշտպանողներու դիմադրութեան կամքը։ Բոլորին համար անսպասելի երեւոյթ էր այս։ Այգիի ծառերը պաշտպանելու միտումով սկսած դիմադրութիւնը շուտով վերածուեցաւ իշխանութեան դէմ բողոքի ալիքի մը։ Երկրի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ մըն էր ծագածը։ Կառավարութիւնը ամէն գնով կ՚ուզէր հալածել ցուցարար երիտասարդները։ Անոնց կը վայելեցնէր ինչ ինչ ածականներ եւ յատկութիւններ։ Վարչապետը բոլորին համոզել կ՚աշխատէր թէ այս եղածը երբեք կապ չունի այգի մը պաշտպանելու հետ եւ ասիկայ իրականութեան մէջ գործող կառավարութիւնը տապալելու փորձ մըն է։ Թերեւս իրեն հաւատացողներ ալ կային, քանի որ իշխանութիւնը իր հակակշռին տակ ունէր մամուլի հսկայ ուժ մը։ Բայց ժողովուրդը աւելի հետաքրքրիր էր իր սեփական աչքերով տեսածով եւ այդ մէկուն մէջ բնաւ ալ իրաւացի չէր թուեր սա կամ նա օտար ուժերու գործիք դարձած երիտասարդութեան մը առկայութիւնը։ Ընդհակառակը մարդիկ աւելի տարուած էին դէպքին էութիւնով։ Որովհետեւ, նախ եւ առաջ տրամաբանութենէ հեռու էին իշխանութեան պնդումները։ Եւ մարդիկ կը տեսնէին ու կը գնահատէին այս իրողութիւնը։ Տուեալ պայմաններու մէջ խիստ անիմաստ կը թուէր կառավարութեան այս տեսակի պնդումները։ Դէպքերէն երկու տարի ետք չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել թէ այդ օրերուն ապրուածները ամբողջովին նպաստած էին երկրի զարգացման։ Իրաւ ալ յանուն ժողովրդավարութեան «Կէզի»ի ապսամբութիւնը շատ շահեկան փորձ մը եղաւ Թուրքիոյ մէջ։ Ժողովուրդը առաջին անգամ զգաց իր կամքի ներկայացուցած ուժը։ Չէ որ բոլոր կանխամիջոցները ապարդիւն մնացած էին եւ մարտնչող երիտասարդները յաղթանակով դուրս եկած բոլոր ծուղակներէ։ Բայց ինչպէս չցաւիլ բոլոր այն ծնողաց, որոնք այս դէպքերու պատճառաւ ապրեցան զաւկի կորուստ կոչուած աղէտը։ Իրաւ ալ ութը երիտասարդներ ինկան խաղաղի մը բնոյթը ունեցող այդ կռիւներու ընթացքին։ Այսօր, երբ կը թեւակոխենք Յունիսեան ապստամբութեան երկրորդ ամեակին, մենք կը սգանք երկրի ժողովրդավարացման համար իրենց կեանքերը զոհած երիտասարդները։