PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Փոխադարձ փորձութեան դաշտը

Աւար­տե­ցաւ 7 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րը եւ երկրի օրա­կար­գին գլխա­ւոր մտմտու­մը դար­ձաւ նոր կա­ռավա­րու­թեան մը կազ­մութեան այ­­լընտրանքնե­­րը:ԱՔՓ կու­­սակցու­­թեան 13 տա­­րուայ միահե­­ծան իշ­­խա­­­նու­­թիւնը վերջ գտաւ քրտա­­մետ ՀՏՓ-ի 80 երես­­փո­­­խան­­նե­­­րուն խորհրդա­­րան մտնե­­լով։

Նոր խորհրդա­­րանը Թուրքիոյ հա­­յու­­թ-
եան հա­­մար ալ նոր փոր­­ձի դաշտ մըն է։ Մօտ օրէն կը կա­­­յանայ պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր­­­նե­­­­­­­րու երդման արա­­­րողու­­­թիւնը եւ երեք հայ երես­­­փո­­­­­­­խան­­­ներ ալ կը ստանձնեն իրենց խիստ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւնը։

Պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատուու­­­թիւնը գի­­­տակ­­­ցութեան խնդիր մըն է եւ հաս­­­տատ վստահ ենք, որ հա­­­յազ­­­գի երեք երես­­­փո­­­­­­­խան­­­ներն ալ օժ­­­տուած են այդ գի­­­տակ­­­ցութեամբ։ Որ­­­քան ալ անոնք վա­­­յելեն իրենց ան­­­դա­­­­­­­մակ­­­ցած կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րուն զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը եւ նե­­­ցու­­­կը, ի վեր­­­ջոյ յի­­­շենք որ մեր ազ­­­գա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րը նստած են գայ­­­լե­­­­­­­րու սե­­­ղանին։ Այդ իրո­­­ղու­­­թիւնը առա­­­ջին յու­­­շողնե­­­րը եղան ՃՀՓ կու­­­սակցու­­­թեան ցե­­­ղապաշտ ջի­­­ղը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող ան­­­դամնե­­­րը։ Անոնք թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­թեան առա­­­ջին պա­­­հուն իսկ ճնշում բա­­­նեց­­­նել փոր­­ձե­­­ցին Սէ­­լինա Տո­­ղանի դէմ, իրեն պար­­տադրե­­լով ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ու­­րա­­­ցու­­մը։ Երի­­տասարդ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծի­­­չը, թէեւ ճար­­պի­­­կօրէն հա­­կազ­­դեց իր դէմ լա­­րուած այդ ծու­­ղա­­­կին, բայց կաս­­կած չկայ որ ար­­մա­­­տացած բիւ­­զանդա­­կան դա­­ւադիր մտայ­­նութիւ­­նը, որ իւ­­րա­­­ցուած է թրքա­­կան քա­­ղաքա­­կան միտ­­քի կող­­մէ ալ, ամէն առի­­թով պի­­տի դի­­մէ նոյն դա­­ւադ­­րութեան։

Սա­­կայն երեք հայ պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու հա­­մար ի զօ­­րու եղած գի­­տակ­­ցութիւ­­նը եւ պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւնը պի­­տի պա­­հան­­ջուի նաեւ թրքա­­հայու­­թե­­­նէն։ Մենք՝ իբ­­րեւ ազգ, սկսե­­լով պատ­­րիար­­քա­­­րանէ, մին­­չեւ ամե­­նափոքր կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն եւ ան­­հատներ, պի­­տի կա­­րենա՞նք զօ­­րակ­­ցիլ մեր ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն։ Պի­­տի կրնա՞նք իրենց զգաց­­նել որ առան­­ձին չեն, ամ­­բողջ ժո­­ղովուրդ մը ու­­նին իրենց ետին։ Այս հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նը բա­­ւակա­­նաչափ չէր յստա­­կացած Հրանդ Տին­­քի օրի­­նակով։ Կ՚ար­­ժէ խոս­­տո­­­վանիլ որ մեզ բո­­լորիս հա­­մար ալ նոր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ երեք հայ պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու խորհրդա­­րանի մէջ յայտնու­­թիւնը:

Մենք որ տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րէ ի վեր մատ­­նուած ենք «հա­­մայնք» բա­­ռի մատ­­նանշած ճղճիմ ըն­­կա­­­լու­­մին, այժմ կը պար­­տինք «ազգ» հաս­­կա­­­ցողու­­թեան թե­­լադ­­րանքնե­­րը յաղ­­թա­­­հարե­­լու՝ Կա­­րօ Փայ­­լան, Սէ­­լինա Տո­­ղան եւ Մար­­գար Եսա­­յեան, երեքն ալ ու­­նին իրենց ան­­հա­­­տակա­­նու­­թիւնը։ Փայ­­լան հիմ­­նարկու­­թեան նա­­խոր­­դող օրե­­րէն ի վեր պաշ­­տօն ստանձնած է ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րուն մէջ։ Ան լոկ հայ թեկ­­նա­­­ծու մը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու մա­­րամա­­ջէն աւե­­լի, այդ պաշ­­տօ­­­նին առա­­ջար­­կուեցաւ կու­­սակցու­­թեան մէջ ստանձնած պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով նաեւ։ Սէ­­լինա Տո­­ղան այս առու­­մով հա­­կապատ­­կերն է Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի։ Յան­­կարծա­­կի կեր­­պով հրա­­ւէր ստա­ցաւ կու­սակցու­թե­նէն եւ ըն­դա­ռաջեց այդ հրա­ւէրին, հա­մոզուելով, թէ իր չա­փերով կրնայ զօ­րակ­ցիլ այդ կու­սակցու­թեան ժո­ղովրդա­վար տար­րե­րուն։ Իրա­ւացի է Տո­ղանի այդ հա­մոզու­մը, քա­նի որ ՃՀՓ կու­սակցու­թե­նէ ներս կը շա­րու­նա­կուի ցե­ղապաշտնե­րու եւ սո­սեալ տէ­մոք­րաթնե­րու մի­ջեւ հրմշտու­քը։ Եսա­յեան նոյնպէս իր հե­ղինա­կու­թիւնը դրոշ­մած է ԱՔՓ կու­սակցու­թեան։ Ան իր յօ­դուած­նե­րով փա­ռաբա­նած էր նա­խագահ Էր­տո­ղանը եւ ԱՔՓ կու­սակցու­թիւնը։ Ու­րեմն ար­դա­րացի էր իր թեկ­նա­ծու­թիւնն ալ այդ կու­սակցու­թեան ցան­կե­րուն մէջ։

Մենք կը յար­գենք իրենց որ­դեգրած քա­ղաքա­կան հա­կումնե­րը, եւ այդ հա­կումնե­րէն ան­կախ, զի­րենք կ՚ող­ջունենք, իբ­րեւ Թուրքիոյ խորհրդա­րանի հայ պատ­գա­մաւոր­ներ։

Ար­դա­րանա­լու փո­խադարձ եր­կու հրա­մայա­կան­ներ են մեր եւ իրենց դի­մաց։ Անոնք պի­տի չմոռ­նան թէ պա­տաս­խա­նատու են հայ ազ­գին, իսկ ազ­գը նոյնպէս պի­տի չմոռ­նայ թէ պա­տաս­խա­նատու է իր զա­ւակ­նե­րուն։