PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Մեծ պատասխանատուութեան շեմին

Երկրէ մը ներս ժողովրդավարական կարգավիճակի գոյութիւնը պայմանաւորուած է տուեալ երկրի ժողովուրդին ձեռք բերած զարգացումէն։                                                         Թուրքիոյ բնակիչները այդ իմաստով բաւական լուրջ թերութիւններ ունին, որոնք կարելի է վերագրել կրօնի եւ մշակութային աւանդութիւններուն։ Իսլամ կրօնը, ի տարբերութիւն քրիստոնէութեան, տակաւին չէ ապրած վերակառուցման շրջան մը։ Հետեւաբար իսլամական երկիրներու մէջ չէ ապրուած լուսաւորման շրջան մըն ալ։ Բայց միւս կողմէ համաշխարհային ճարտարագիտութիւնը վերջին երկու դարերուն արձանագրած է զգլխեցուցիչ նուաճումներ։ Այդ նուաճումները անխուսափելի կերպով թափանցած է նաեւ իսլամ երկիրներէ ներս։ Զուգահեռաբար զարգացած է մտային, գաղափարական նոր հասկացողութիւններ, որոնք նոյնպէս արձագանգ գտած են իսլամ ժողովուրդներու մօտ ալ։ 

Իր աւանդապաշտ բարքերուն մէջ բնական յառաջընթացով շարունակուող Օսմանեան կայսրութիւնը կործանեցաւ նոյնպէս բնական պայմաններով։ Ազգային գիտակցութեան զարգացման դիմաց գաղութատիրական կառոյցներու քայքայման շրջանն էր։ Կործանումը խթանեցին երկու արտակարգ գործօններ՝ գերտէրութիւններու նոր աշխարհաբաժանումը եւ արտերկրացի պատեհապաշտ թուրքերու խմբակի մը՝ Երիտթուրքերու պետութեան տիրանալու մարմաջը։

Երիտթուրքերը ներշնչուելով արեւմտեան բարքերէ, յեղափոխական բռնակալութեամբ մերժեցին երկրէ ներս տիրող բոլոր աւանդութիւնները։ Իսլամ կրօնը ընկալեցին, իբրեւ յետամնացութեան գործօն եւ պայքարեցան պետական վարչակարգը կրօնի ազդեցութենէն դուրս բերելու համար։

Այս մասին շատ կարեւոր ձեռքբերումներ ապահովելով հանդերչ, չմիջամտեցին այդ նոյն գործօնի հետեւանքով տիրող տգիտութեան դէմ։ Ընդհակառակ՝ թափ տուին, փառաբանեցին ու քարոզեցին այդ տգիտութիւնը։ Լաջակաւորներու գոյութենէն անհանգիստ չեղան, պայմանաւ որ անոնք չյայտնուին հասարակութեան մէջ։

Այժմ կ՚ապրինք այս տարօրինակ կարգավիճակի քայքայման երեւոյթները։ Հանրապետութեան հիմնադիր մտայնութիւնը հալածող ԱՔՓ կուսակցութիւնը հիմա իր իշխանութիւնը հաստատելու համար կը փարի այդ նոյն մտայնութեան սկզբունքներուն։ Սակայն շատ ջուրեր հոսած են կամուրջի տակով։ Դժուար է իր շարժած հոսանքը հիմա հակառակ ուղղութեան առաջնորթել։ Ընկերային կեանքի կանոնները չեն համապատասխաներ թուաբանութեան կամ ճարտարագիտութեան կանոններուն։ Ճարտարագիտութեան մերձեցումով շարժումին հրաման տուողը, կրնայ կասեցնել նաեւ շարժումը։ Սակայն ընկերային ապրումներու մէջ շարժման անցնող միտքը չի կրնար իր ուզած պահուն շարժումը կասեցնել։

Ճիշդ ալ այս ապրումներու ընդմէջէն կ՚երթանք խորհրդարանի ընտրութիւններուն։ Նախագահ Էրտողան ընտրարշաւը այն աստիճանի սրեց որ, հիմա իր կուսակցութենէն կարգ մը գործիչներ մտահոգ են որ նախագահի քարոզչութիւնը ժխտական արդիւնք տայ։ Եթէ քրտական զինեալ ապստամբութիւնը խաղաղ լուծումի մը տանելու համար քարոզչութիւն ընողները այսօր կը մերժեն խնդրին գոյութիւնը իսկ, անշուշտ որ այդ ետքայլի հաշիւը պիտի տան ընտրութեան պահուն։ Եթէ երէկ «մարդասիրական օգնութիւնէ կոչուած սնտուկներու պարունակութիւնը կը պարզուի «զէնք ու զինամթերք» ըլլալով, կարելի չէ այս սուտը քօղարկել լրատուութիւնը խմբագրողները լրտես կամ դաւաճան հռչակելով։

Այս պայմաններու մէջ խիստ կարեւոր է 7 Յունիսին գործածուելիք քուէները։ Այդ քուէներով պիտի ճշդենք երկրին եւ մեր ապագային ուղղութիւնը։