PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Ինչպէ՞ս գիտենք Տէմիրէլը

17 Յունի­սի առա­ջին ժա­մերուն 91 տա­րեկան հա­սակին մէջ մա­հացաւ Թուրքիոյ Թ. նա­խագահ Սիւ­լէյման Տէ­միրէլ։ Առա­ւօտուն, երբ հե­ռուստա­կայան­նե­րը կը հա­ղոր­դէին մա­հուան լու­րը, զար­մա­նալով լսե­ցի թէ իր վար­չա­պետութեան շրջա­նը հա­զիւ 11 տա­րի տե­ւած է։ Մինչդեռ ես պի­տի կար­ծէի, որ ան բո­լոր ժա­մանակ­նե­րու վար­չա­պետը եղաւ մին­չեւ որ բարձրա­նայ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի աթո­ռը։ Վստահ եմ որ շա­տեր ալ ինձ նման զար­մա­ցած են այդ 11 տա­րիի սահ­մա­նու­մէն։ Բազ­մա­թիւ ածա­կան­նե­րու կող­քին «Հա­ճիեաթ­մազ» կը կո­չէին զինք։ Դիւ­րին բան չէ, երեք ան­գամ թա­ւարգլոր իջած էր վար­չա­պետի աթո­ռէն, բայց ան­հա­ւատա­լի ճար­պի­կութեամբ կրկին բարձրա­ցած նոյն գա­հին։

Սիւ­լէյման Տէ­միրէլ Թուրքիոյ աջա­կողմեան ճա­կատի, յե­տադի­մակա­նութեան, կրօ­նական զգա­ցումնե­րը կե­ղեքող քա­ղաքա­կանու­թեան խորհրդան­շա­նը դար­ձած էր։ 1965-ի ընտրու­թիւննե­րէ ետք, երբ կը ստանձնէր վար­չա­պետի պաշ­տօ­նը, հա­զիւ եր­կու տա­րուայ քա­ղաքա­կան ան­ցեալ ու­նէր։ Այդ օրե­րուն իր պատ­մութեան ամե­նափո­թոր­կա­լից շրջա­նը ապ­րե­ցաւ Թուրքիոյ մա­սոնա­կան կազ­մա­կեր­պութիւ­նը։ Ընտրուելէն ան­մի­ջապէս ետք ընդդի­մադիր­նե­րը եր­կու ածա­կան­ներ վա­յելե­ցու­ցին իրեն։ Նախ ակ­նարկե­լով քա­ղաքա­կան աս­պա­րէզ մտնե­լէ առաջ աշ­խա­տակ­ցած Ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թեան՝ «Մո­րիսոն Սիւ­լէյման» կո­չեցին զինք։ Ապա վրայ հա­սաւ մա­սոն ըլ­լա­լու մա­սին պնդումնե­րը։ Հա­ճիեաթ­մազ Տէ­միրէլ իր ան­դա­մակ­ցութիւ­նը հեր­քող գրու­թիւն մը բե­րաւ Թուրքիոյ մա­սոն կազ­մա­կեր­պութե­նէն։ Սա­կայն այդ գրու­թե­նէն ետք կազ­մա­կեր­պութիւ­նը եր­կուքի բաժ­նուեցաւ ան­դա­մակ­ցութիւ­նը ու­րա­նալը ամօթ հա­մարող­նե­րու եւ քա­ղաքա­կան հե­ռան­կարնե­րը կա­րեւո­րող­նե­րու մի­ջեւ։ Իսկ ինք շա­րու­նա­կեց իր հասկցած քա­ղաքա­կանութեան ու­ղիով։ Բազ­մա­թիւ անի­մաստ աֆո­րիզմներ նուիրեց Թուրքիոյ քա­ղաքա­գիտա­կան գրա­կանու­թեան։ Ո­խերիմ մըն էր Տէ­միրէլ եւ երկրի ամե­նաամ­բիծ երի­տասարդնե­րը ան­վա­րան կա­խաղան ղրկեց «երեք մեզ­մէ, երեք ձեզ­մէ» ստո­րին հա­շուա­փակու­մով։ Ի զուր չէ որ ՀՏՓ-ի երես­փո­խան Փէր­վին Պուլտան «Առանց ար­ժա­նի պա­տիժը գտնե­լու գնաց» պի­տի ըսէր Սիւ­լէյման Տէ­միրէ­լի մա­հուան առ­թիւ։

Իրաւ ալ Թան­սու Չիլ­լէ­րի կամ Մեհ­մէտ Աղա­րի նման Թուրքիոյ ամե­նախա­ւար շրջան­նե­րու քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը աս­պա­րէզ իջան Սիւ­լէյման Տէ­միրէ­լի գիր­կը պատ­րաստուելէ ետք։ Հե­ղինա­կը ան­յայտ ոճիր­նե­րու բազ­մա­հազար զո­հերու արիւ­նին թաթ­խուած է իր ձեռ­քե­րը։ Շա­բաթ­օրեայ Մայ­րե­րը յա­ւիտե­նապէս անէծ­քով պի­տի յի­շեն իր անու­նը։ Անոնց պի­տի ձայ­նակցին երկրի բո­լոր ազա­տատենչ ան­ձիք։ Ու­սա­նող­նե­րը, բա­նուոր­նե­րը նող­կանքով պի­տի յի­շեն Սիւ­լէյման Տէ­միրէ­լի անու­նը։

Այդ բո­լորին պատ­ճա­ռաւ է որ նա­խագահ Էր­տո­ղանի ներ­կա­յացու­ցած պաշ­տօ­նական Թուրքիան եւ վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղլուի կա­ռավա­րու­թիւնը եռօրեայ սուգ հռչա­կեցին։ Բնաւ զար­մա­նալի չէ որ այս կո­րուստին առ­թիւ իր սգակ­ցութիւ­նը յայտնե­լու փու­թաց Ատրպէյ­ճա­նի Նա­խագահ Իլ­համ Ալի­յէվ։ «Ատրպէյ­ճա­նի ժո­ղովուրդը իր ամե­նամեծ բա­րեկա­մը կորսնցուց» ըսած է ան։

Սիւ­լէյման Տէ­միրէլ իր հա­յատեաց ելոյթնե­րով ալ ան­մա­հացած անուն մը պի­տի դառ­նայ Թուրքիոյ պատ­մութեան մէջ։ Ան­մի­ջական բա­րեկամ­ներն էին Տէնքթաշ, հայր եւ որ­դի Ալի­յէվ­ներ, Հէն­րի Քի­սին­ճըր եւ նման­նե­րը։ Մօրս խօսքն էր՝ «ըսէ ըն­կերդ, ըսեմ ով ըլ­լալդ»։

Ան­շուշտ որ դեռ շատ բան ու­նիմ Սիւ­լէյման Տէ­միրէ­լի հա­մար ըսե­լու, բայց աս­կէ աւե­լին պատ­շաճ չէ նո­րոք հան­գուցեալի մը հա­մար։

Ինչ որ ալ ըլ­լայ իրո­ղու­թիւնը կը մնայ ան­փո­փոխ, գոր­ծած մեղ­քե­րուն հա­շիւը առանց տա­լու գնաց։