Կէյպուլլայէվա քաղաքական ճնշումներու տակ

«Ակօս»ի մէջ Ատրպէյճանի վերաբերեալ լուրեր խմբագրող լրագրող Արզու Կէյպուլլայէվա ենթարկուած ծանր սպառնալիքներու բերումով հարկադրուեցաւ արտասահման մեկնելու։ Վերջերս Թուրքիա եկած մեր ընկերոջ հետ զրուցեցինք իր ներկայ պայմաններուն մասին։ Արզու Կէյպուլլայէվա տակաւին չէ թօթափած ենթարկուած ճնշումը։

ՖԱԹԻՀ ԿԷՕՔՀԱՆ ՏԻԼԷՐ

fgdiler@agos.com.tr

«Ակօս»ի մէջ Ատրպէյճանի վերաբերեալ լուրեր խմբագրող լրագրող Արզու Կէյպուլլայէվա ենթարկուած ծանր սպառնալիքներու բերումով հարկադրուեցաւ արտասահման մեկնելու։ Վերջերս Թուրքիա եկած մեր ընկերոջ հետ զրուցեցինք իր ներկայ պայմաններուն մասին։ Արզու Կէյպուլլայէվա տակաւին չէ թօթափած ենթարկուած ճնշումը։ Ան այժմ զրկուած է նաեւ իր ծննդավայրը այցելելու հնարաւորութենէն։ «Կ՚ուզէի Եւրոպական խաղերու ընթացքին Պաքու գտնուիլ։ Նոյնպէս կ՚ուզէի հօրս շիրիմը այցելել։ Բայց բարեկամներս խորհուրդ չեն տար։ Մանաւանդ գիտենք թէ սա պահուն բազմաթիւ լրագրողներ բանտարկուած են Ատրպէյճանի մէջ։ Շատ հաւանական է որ սահմանը անցած պահուս ոստիկանները թմրեցուցիչ դնեն պայուսակս եւ զիս մեղադրեն նարքօպիզնըսով։ Այս բոլորը խորհելով ես ալ հրաժարած եմ Պաքու երթալէ»։ Միւս կողմէ Կէյպուլլայէվա կը նշէ որ համեմատաբար աւելի նուազ ըլլալով հանդերձ Թուրքիոյ մէջ ալ սպառնալիքներ կը ստանայ հետեւաբար հոս ալ ազատ չէ։ Սակայն որքա՞ն երկար կրնամ մնալ օտարութեան պայմաններու տակ։ Ստիպուած վերադարձայ։ Վերադարձայ քանի որ այստեղ ունիմ նաեւ ինծի զօրակցող կազմակերպութիւններ եւ բարեկամներ։ Երախտապարտ եմ Միջազգային Փէնին, Պիանէթ Ընկերութեան, Լրագրողներ Առանց Սահմանի Կազմակերութեան, Թուրքիոյ Լրագրողներու Միութեան, «Էվրէնսէլ», «Ռատիքալ» եւ «Թարաֆ» թերթերու խմբագիրներուն։

Վերջին վեց ամիսները անցուցի Փրակայի մէջ։ Ստացած էի Վաքլավ Հավէլի անուան լրագրողներու յատուկ կրթաթոշակը։ Այսպէսով աշխատանք գտայ այս քաղաքի Ազատութիւն ռատիօկայանի մէջ։ Հիմնականօրէն Ատրպէյճանի հետ առնչուած լուրեր կը պատրաստէի։ Բայց յետոյ ռատիոյի պատասխանատուներ ալ նկատի ունենալով իմ պայմաններուս պահանջած զգուշութիւնը, խուսափեցան զիս այդ պաշտօնի մէջ աշխատեցնելէ։ Իրականութեան մէջ մեծ անարդարութիւն է այս, քանի որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիյէվ հոգ չէ թէ ի ցոյց մարդկան, բայց երկխօսութեան մէջ է Հայաստանի նախագահին հետ։ Այս պայմաններու տակ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել իմ վրայ գործադրուած այս ճնշումը։ Մինչեւ այսօր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հասարակական կազմակերպութիւնները զանազան նախագիծերու համար աշխատակցեցան իրարու հետ։ Սա պահուն ի՞նչ փոխուած է որ այսքան սրուած պայքար կը տարուի մեզ լրագրողներուն վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ