Համասեան երաժշտութիւնով կը հատէ սահմանները

Հա­յաս­­տա­­­նի առաջ­­նա­­­կարգ երա­­ժիշտնե­­րու կար­­գին կը դա­­սուի ծա­­նօթ ճա­­զի դաշ­­նա­­­կահար Տիգ­­րան Հա­­մասեանը։ Ան վեր­­ջերս ձեռ­­նարկած է հիւ­­րա­­­համերգնե­­րու ծրագ­­րին, որ ու­­նի նաեւ ուխտագ­­նա­­­ցութեան բնոյթ։ Հա­­մասեան որո­­շած է աշ­­խարհի վրայ հա­­րիւր եկե­­ղեցի­­ներու կա­­մար­­նե­­­րու ներ­­քեւ հնչեց­­նել Կո­­միտա­­սեան մե­­ղեդի­­ները եւ հայ ժո­­ղովուրդի պատ­­մա­­­կան տա­­ղերը։

Հա­յաս­­տա­­­նի առաջ­­նա­­­կարգ երա­­ժիշտնե­­րու կար­­գին կը դա­­սուի ծա­­նօթ ճա­­զի դաշ­­նա­­­կահար Տիգ­­րան Հա­­մասեանը։ Ան վեր­­ջերս ձեռ­­նարկած է հիւ­­րա­­­համերգնե­­րու ծրագ­­րին, որ ու­­նի նաեւ ուխտագ­­նա­­­ցութեան բնոյթ։ Հա­­մասեան որո­­շած է աշ­­խարհի վրայ հա­­րիւր եկե­­ղեցի­­ներու կա­­մար­­նե­­­րու ներ­­քեւ հնչեց­­նել Կո­­միտա­­սեան մե­­ղեդի­­ները եւ հայ ժո­­ղովուրդի պատ­­մա­­­կան տա­­ղերը։ Նման հե­­ռապատ­­կե­­­րով Թուրքիա այ­­ցե­­­լող Հա­­մասեան այդ ուխտի շրջագ­­ծով շատ մը հա­­մերգներ սար­­քեց պատ­­մա­­­կան Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ։ Այսպէս ան այ­­ցե­­­լեց Կարս եւ Վան։ Ան­­շուշտ որ խիստ յու­­զա­­­կան էր Անիի աւե­­րակ­­նե­­­րուն մօտ Հա­­յաս­­տա­­­նեան այս խումբի կա­­տարումնե­­րը։ Ինչպէս որ պի­­տի ըսէր բա­­նաս­­տեղծը՝ «Տես­­նեմ Անին ու նոր մեռ­­նեմ» թե­­րեւս շա­­տերու հա­­մար այժմ կա­­րելի է երա­­զել «Լսեմ Անին ու նոր մեռ­­նեմ»։ Այսպէս Անիէն ետք, Հա­­մասեան եւ իրեն ըն­­կե­­­րակ­­ցող Հա­­յաս­­տա­­­նի Սե­­նեկա­­յին երգչա­­խումբը հա­­մերգ մըն ալ ու­­նե­­­ցան Վա­­նի Ախ­­թա­­­մար կղզիի Սուրբ Խաչ Եկե­­ղեց­­ւոյ կա­­մար­­նե­­­րուն տակ։ Տա­­կաւին հիւ­­րա­­­համերգնե­­րը պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուին Տի­­յար­­պէ­­­քիրի, Կե­­սարիոյ, Վա­­քըֆ­­գիւղի եւ Իս­­թանպու­­լի մէջ։ Ընդհա­­նուր առ­­մամբ «Լոյս ի լու­­սոյ» խո­­րագ­­րով ներ­­կա­­­յացուած նա­­խագի­­ծը աւե­­լի ետք իր եր­­թը պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ Եւ­­րո­­­պայի, Ասիոյ եւ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ եւս։ Կ՚ար­­ժէ նշել որ հա­­մերգնե­­րը տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ տար­­բեր տպա­­ւորու­­թիւննե­­րու տե­­ղի կու տան։ Այսպէս երբ Վա­­նի մէջ Հա­­մասեանի ծրա­­գիրը կ՚ող­­ջունուէր տեղ­­ւոյն քա­­ղաքա­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու կող­­մէ, անոնց պաշ­­տօ­­­նակից­­նե­­­րը չէին վա­­րաներ իրենց դժգո­­հու­­թիւնը ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու այդ նոյն մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու մա­­սին։ Սա­­կայն այդ բո­­լորը նշա­­նակու­­թիւն ալ չու­նին, քա­նի որ Հա­մասեանի մտա­հոգու­թիւնը այս պա­հուն ալ որե­ւէ մէ­կուն գո­հու­նա­կութեան հետ կապ չու­նի։ Ան ճշդած է իր ու­ղին եւ կը յա­ռաջա­նայ հե­տապնդե­լով որոշ նպատակ։