Սարգիս Սերովբեանի յիշատակին

Դժուարացանք կողմնորոշուիլ, քանի որ նամակաբերին յանձնած պահարանին վրայ գրուած էր «Սարգիս Սերովբեան», բայց երբ կարդացինք պահարանի վրայ գրուած «Բանտարկեալի նամակ՝ ստուգուած է» ծանօթագրութիւնը համարձակեցանք բանալու եւ տեսանք որ մեր սիրելի երէց եղբօր՝ սիրելի Սարգիս Սերովբեանին անհամար բարեկամներէն մէկը լսելով Սերովբեանի կորուստը, ուզած էր մեր ցաւը կիսել։ Մենք ալ այդ նոյն նամակը կը բաժնենք «Ակօս»ի ընթերցողներուն հետ։

2010-ի Յուլիս ամսուն էր որ պատահաբար ծանօթացայ Սարգիսի հետ։ Մշոյ Հասգիւղ (Տէրհաս) գաւառի Մղրագոմ գիւղի բնակիչ քիւրտ մըն եմ։ Շաբաթ օր մըն էր եւ մենք դէպի Տէրհասի լեռնադաշտերը շրջագայութեան ելանք ընկերոջս հետ։ Խաչարէշ լեռներու բարձունքները անտառապատ է եւ խոր հովիտներ կը գտնուին։ Քանի կը մօտենայինք կատար գագաթին, անկարելի կը դառնար ինքնաշարժով յառաջանալ։ Հասած ենք Մուշ եւ Պիթլիս նախանգներու սահմանը հանդիսացող կէտին։ Բաղէշի գիւղերէն Ղըզանկը, Իւշիւտը եւ Մաղմուքանը ստորոտը մնացած են։ Մարադուկ լերան լանջին ենք։ Կը յառաջանանք դէպի կանանչապատ անտառը։ Եւ քանի մօտենանք, կը նշմարենք նաեւ որոշ շինութիւններ։ Ի վերջոյ Թէփա Սէյրան կոչուած վայրի մէջ մեր դիմաց կը յայտնուի հսկայ վանք մը։ Ի դէմ բոլոր վնասուածութեան ան կանգուն է տակաւին եւ դէպի երկինք բարձրացող գմբէթով կարծես թէ վկայութիւն մը կը բերէ անցեալէն։ Տեղացիներ կը պնդեն թէ 366 սենեակներ ունեցած է այդ վանքը։ Ես իրենց ըսածն է որ կը փոխանցեմ։ Վանքի ներսը զանազան բաժիններ ունի, բայց վնասուած ըլլալուն, չենք կրցած հասկնալ թէ ի՞նչ է այդ բաժիններու գործածութեան ձեւը։ Այս կառոյցը յատուկ խնամքի կը կարօտէր ու ես դիմեցի զանազան հաստատութիւններու։ Տեսակցութիւններ ունեցայ Վանի, Մուշի, Պիթլիսի, Էլազըղի համալսարաններու հնագիտութեան բաժիններուն հետ։ Սակայն անոնք չբաժնեցին իմ ոգեւորութիւնս։ Նոյնիսկ չստանձնեցին այդ պատմական կառոյցը տեղւոյն վրայ քննելու ձանձրոյթը։ Իսկ ես իմ գիւտով խանդավառուած զանգահարեցի «Ակօս» եւ այսպէսով ծանօթացայ Սարգիս Սերովբեանի հետ։ Անոր հետ խօսելու պահուն զգացի որ ինք ալ կը բաժնէր իմ յուզումս։ Կարճ ժամանակ անց իր թելադրանքով երեք արժէքաւոր հիւրեր ունեցայ։ Երկուքը հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ էին։ Հայաստան Վանաձորէն Սեպուհ եւ Միքայէլ սրբազաններն էին եւ իրենց ընկերակցող Գալիֆորնիյայէն Արմանը։ Բացի Տէրասփիէն այցելեցինք Առաքելոց վանքը, Սուրբ Կարապետ, Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիները, Մուշի կեդրոնի եկեղեցիները։ Աւելի ուշ Իսթանպուլ եկայ եւ այցելեցի «Ակօս»ի գրասենեակին մէջ Սարգիս Սերովբեանը։ Պայմանաւորուեցանք որ Մուշ պիտի այցելէր եւ միասին պիտի այցելէինք Մեսրոպ Մաշտոցի գիւղը։ Այդ օրերուն ինծի պատմած էր նաեւ Լիլիթի մասին։ Լիլիթ սասնեցի էր եւ իր ամուսնոյն հետ յաճախ կ՚այցելէր Մուշ։ Եթէ ինք ինձմէ առաջ գար, պիտի նկարէր վանքը։

Այս բոլորը կը մտաբերեմ Սիլիվրիի արգելանոցին մէջ, ուր բերուած եմ իբրեւ քաղբանտարկեալ։ Մէկուկէս ամիս ուշացումով է որ ստացած եմ «Ակօս»ի 5 Յունիս թուակիր համարը։ Կ՚ափսոսամ որ մեծայարգ Սարգիս Սերովբեանի հիւանդութեան օրերուն կամ մահուան պահուն ձեր մօտ չեմ եղած։ Խնդրեմ ընդունէք իմ ակամայ ուշացած ցաւակցութիւնս, զոր կը յայտնեմ Սարգիսի սիրելի տիկնոջ, զաւակներուն եւ «Ակօս»ի համայն ընտանիքին։

Սիրով ու յարգանքով Հիյասէտտին Քրթան (Սարգիս միշտ Կյասէտտին կ՚ըսէր)։

13 Յուլիս 2015 Սիլիվրիի Արգելանոց

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ