Դպրոցներու արձանագրութեան սկզբունքը յստակացած

Նախապէս անդրադարձած էինք Կրթութեան Նախարարութեան ազգային ինքնութեան մասին գաղտնագրի գործադրութենէն հրաժարելու մասին լուրը։ Վերջապէս հայ դպրոց յաճախելիք աշակերտը ճշդելու իրաւունքը փոխանցուած էր մեր դպրոցներու վարչութիւններուն։ Սակայն հայ փոքրամասնութեան դպրոցները ո՞ր չափանիշներով պիտի ընդունէին իրենց կատարուած դիմումները։ Ճիշդ այս հարցումը յստակացնելու համար 5 Օգոստոս Չորեքշաբթի օր Գումգաբույի Հայոց Պատիրաքարանի մէջ կայացած ժողովով մը յստակացաւ այդ չափանիշը։ Յետ այսու հայ փոքրամասնութեան դպրոցները յաճախել ուզողներէն պիտի պահանջուի մկրտութեան վկայագիր։ Այսպէս ծնողներուն մկրտուած ըլլալ կամ չըլլալէ անկախաբար, երախան պիտի կարողանայ արձանագրուիլ հայ վարժարան։ Անշուշտ որ շատ կարեւոր խնդիր մը այսպէսով կ՚արժանանայ իր լուծումին, անդին թողելով այս մասին վերապահութիւն ունեցող զանազաններու դժգոհութիւնը։