Հայաստան-Իրան նոր ելեկտրագիծ

Յու­լիս ամ­սուան ըն­թացքին ստո­րագ­րուած Իրան-Մի­ջազ­գա­յին վե­ցեակ պայ­մա­նագի­րը, բա­ցի ատո­մական իր պա­րու­նա­կու­թե­նէն, մեծ ազ­դե­ցու­թիւններ կը շա­րու­նա­կէ ու­նե­նալ տա­րածաշրջա­նի եւ մի­ջազ­գա­յին հար­դակնե­րու վրայ։ Ըստ մէկ­նա­բան­նե­րու, Իրա­նի հետ նոր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը պի­տի ու­նե­նան Սու­րիական պա­տերազ­մէն մին­չեւ Ռու­սա­կան-Ամե­րիկեան յա­րաբե­րու­թիւններ, եւ Եւ­րո­պական ու­ժա­նիւ­թա­յին տարածք։

Հայաստան եր­բեք ալ չէ սահ­մա­նափա­կած յա­րաբե­րու­թիւննե­րը իր մե­ծագոյն դրա­ցի երկրին՝ Իրա­նի հետ։ Բայց ան­շուշտ հա­մաշ­խարհա­յին նման հա­մաձայ­նութիւն մը մեծ ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ նաեւ Իրան-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն վրայ։ Ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թացքին Իրա­նական Ար­տա­հան­ման Բան­կի եւ Հա­յաս­տա­նի Բարձրա­վոլտ Էլէկտրա­ցան­ցեր ըն­կե­րու­թեան մի­ջեւ ստո­րագ­րուած հա­մաձայ­նա­գիրի մը հա­մաձայն, պի­տի կա­ռու­ցուի Հա­յաս­տա­նէն Իրան ելեկ­րա­կանու­թիւն փո­խան­ցող եր­րորդ ցան­ցը։

Իրա­նական Բան­կը ստանձնած է ցան­ցի կա­ռուցման ծախ­քին 80 տո­կոսը, որը կը կազ­մէ շուրջ 83 մի­լիոն եւ­րո, մնա­ցածը պի­տի ֆի­նան­սա­ւորուի Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ։ Ներ­կայ տնտե­սական պայ­մաննե­րու մէջ, խիստ կա­րեւոր կը նկա­տուի այս նոր հա­մագոր­ծակցու­թիւնը։ Վեր­ջերս Հա­յաս­տա­նի բջի­ջային հե­ռաձայ­նի ըն­կե­րու­թիւննե­րէն Ֆրան­սա­կան Օրան­ժը յայ­տա­րարած էր թէ շու­տով պի­տի դա­դարեց­նէ իր գոր­ծունէու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Բան մը՝ որ մտա­հոգու­թիւն առա­ջացու­ցած էր Հա­յաս­տա­նի տնտե­սական կա­յու­նութեան իմաս­տով։

Իսկ Իրա­նի հետ Հա­յաս­տա­նը տա­կաւին ու­րիշ հա­մագոր­ծակցու­թեան ոլորտներ ու­նի, որոնք կը սպա­սէին Իրա­նի իս­լա­մական հան­րա­պետու­թեան մի­ջազ­գա­յին դաշ­տի վրայ կա­յու­նա­նալուն։ Անոնցմէ ամէ­նէն կա­րեւո­րը թե­րեւս ըլ­լայ Իրան-Հա­յաս­տան եր­կա­թու­ղիի նա­խագի­ծը։ Տաս­նեակ տա­րի է ի վեր սե­ղանի վրայ դրուած, սա­կայն տա­կաւին լոյս չտե­սած նա­խագի­ծը Հա­յաս­տա­նը ոչ միայն պի­տի կա­պէ Իրա­նեան մեծ քա­ղաք­նե­րուն, այլ նաեւ Պար­սից Ծո­ցին, Ծո­ցի հսկա­յական տնտե­սական շու­կա­յին, եւ վեր­ջա­պէս դառնայ այ­լընտրան­քա­յին ծո­վային ելք մը Հա­յաս­տա­նին հա­մար, Վրաս­տան-Թուրքիա սեւ­ծովեան ել­քէն։

Թեհ­րա­նի մէջ երբ կը ստո­րագ­րուէր եր­րորդ ելեկտրա­գիծի հա­մաձայ­նա­գիրը, Իրա­նեան պան­քի տնօ­րէնը յայ­տա­րարեց թէ այս ցան­ցը ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի եւ Իրա­նի մի­ջեւ ելեկտրա­կան փո­խանա­կու­մը պի­տի բազ­մա­պատ­կէ երեք ան­գա­մով, այլ Իրանին պիտի կապէ Վրացական եւ Թրքական ելեկտրացանցերը Հայաստանի վրայով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ