Տպաւորութիւններ մշակոյթներու օրրան Միտյաթէն

Ասորական աշխարհագրութեան մէջ «Թուրապտին» կոչուած շրջանի մէջ կը մտնեն Մարտին, Միտյաթ, Մծբին, Կէր­ճուշ, Հա­սան­քէյֆ, Քեր­պուրան, Իտիլ, Պաթ­ման քա­ղաք­նե­րը։ Ստու­գա­բանա­կան առու­մով Թու­րապտին կը նշա­նակէ «Աստուծոյ աղա­խին­նե­րու եր­կիր»։

ՔԷՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ

Ասորական աշխարհագրութեան մէջ «Թուրապտին» կոչուած շրջանի մէջ կը մտնեն Մարտին, Միտյաթ, Մծբին, Կէր­ճուշ, Հա­սան­քէյֆ, Քեր­պուրան, Իտիլ, Պաթ­ման քա­ղաք­նե­րը։ Ստու­գա­բանա­կան առու­մով Թու­րապտին կը նշա­նակէ «Աստուծոյ աղա­խին­նե­րու եր­կիր»։

Առա­ջին ան­գամ 2009-ի Ապ­րիլ ամ­սուն այ­ցե­լած եմ այս կող­մե­րը։ 29 Յու­լիս 2015-ին չո­րորդ ան­գամ Թու­րապտին եկայ, ասո­րինե­րու հե­րոս Շէ­մուն Հան­նա Հայ­տօի կեան­քը ու­սումնա­սիրե­լու հա­մար։

Վեր­ջին վեց տա­րինե­րու ըն­թացքին ալա­ւելի ըն­թարձա­կուեր, զար­գա­ցեր է Միտ­յաթ։ Նախ­քան հիւ­րա­նոց իջե­ւանեմ, այ­ցե­լեցի ասո­րի բա­րեկամ­նե­րուս։ Ոս­կե­րիչ Կեպ­րօ Թոք­կէօզ մտա­հոգու­թեամբ նկա­րագ­րեց ներ­կայ իրա­ւիճա­կը։ «Դար­ձեալ բա­խումնե­րու շրջա­նը վե­րադար­ձանք։ Ամէն րո­պէ բան մը կրնայ պա­տահիլ։ Կը պատ­ժուինք մեր խա­ղաղու­թեան ի նպաստ քուեար­կելուն հա­մար։ Մեր կեան­քը վտան­գուած է, տնտե­սական կեանքը կանգ առած։ Մտա­հոգ ենք եւ սար­սա­փահար»։

Նման կար­ծիքներ կը յայտնէ Մար­տի­նի հա­մաքա­ղաքա­պետ Ֆէպ­րունի­յէ Ագեօլի հայ­րը՝ ոս­կե­րիչ Մե­լեք Ագեօլ։ «Նա­խագահ Էր­տո­ղան իրեն ի նպաստ չքուէար­կողնե­րը կը պատ­ժէ»։

Իջե­ւանած եմ Թու­րապտին Հոթէլ։ Հիւ­րա­նոցի սե­փակա­նատէր Յա­կոբ եւ Տի­պա Գաբ­րիէլ 17 տա­րի Շուէտ աշ­խա­տելէ ետք 2002-ին վե­րադար­ձած են Թու­րապտին։ Տի­պա ՀՏՓ կու­սակցու­թեան շար­քե­րէն ընտրուած է նաեւ Միտ­յա­թի քա­ղաքա­պետա­րանի խոր­հուրդին։ «Խա­ղաղու­թեան տի­րանա­լու յոյ­սեր սնու­ցած պա­հուն վե­րադար­ձանք բա­խումնե­րու մի­ջավայ­ր։ Քիւրտե­րը եւ բո­լոր խա­ղաղու­թիւն տեն­չա­ցող­նե­րը յիաս­թա­փու­թիւն կ՚ապ­րին։ Հիւ­րա­նոցը դա­տարկ է։ Եւ­րո­պայի ասո­րիներն ալ կը խրտչին եր­կիր գա­լու» կը պատ­մէ Տի­պա Գաբ­րիէլ։

Յա­կոբ Գաբ­րիէլի ինքնա­շար­ժով դէ­պի Սա­րէ գիւ­ղը կ՚ու­ղղուինք։ «ՀՏՓ յոյս մը եղաւ այս տա­րած­քաշրջա­նի հա­մար։ Բազ­մա­թիւ տե­ղեր քա­ղաքա­պետա­րանը ՀՏՓ-էն շա­հեցաւ։ Ասո­րինե­րու կեան­քին մէջ որոշ հանգստու­թիւն մը նկա­տուե­ցաւ։ Բայց այս կու­սակցու­թեան դէմ եղող քիւրտե­րը կը շա­րու­նա­կեն մե­ր դէմ թշնա­մու­թիւնը։ Երկրա­պահ կո­չուած այդ քիւրտե­րը գրա­ւած են մեր տա­րածքնե­րը եւ հի­մա յսկայ գու­մարներ վճա­րելով կը փոր­ձենք ետ տի­րանալ։ ԱՔՓ-ի կա­ռավա­րու­թիւնը խոս­տա­ցած էր Մոր Գաբ­րիէլ վան­քի գրա­ւուած տա­րածքնե­րը վե­րադարձնել։ 30 կտոր հո­ղամա­սէն միայն 12-ը վե­րադար­ձուած են։ Հինգ տա­րի առաջ գի­նիի գոր­ծա­րան մը հիմ­նած էինք։ Միտ­յա­թի քա­ղաքա­պետա­րանը կը մեր­ժէ գոր­ծա­րանին ջուր տալ։ Ջուր չեն տար, ճամ­բան չեն սար­քեր բայց հար­կե­րը ամէն տա­րի կ՚աւելցնեն»։

Սա­րէ գիւ­ղը իր մաք­րութիւ­նով ու կա­նոնա­ւորու­թեամբ կը հմա­յէ մեզ։ Շէ­մուն Հան­նէ Հայ­տո­յի տան շէ­մին ենք։ Շէ­մու­նի թո­ռը Իս­մէթ Թու­րան եւ այլ գիւ­ղա­ցիներ կը դի­մաւո­րեն մեզ։ Տխուր է գիւ­ղին պատ­մութիւ­նը։ «Նախ­քան 1915, 200 ասո­րի ըն­տա­նիք կ՚ապ­րէր հոս։ 1995-ին երկրա­պահ­նե­րը գրա­ւեցին գիւ­ղը։ 150 հա­զար եւ­րո հա­տու­ցե­լով այդ հինգ երկրա­պահ ըն­տա­նիքէն ետ առինք մեր գիւ­ղը։ Մեր մի­ջոց­նե­րով վե­րանո­րոգե­ցինք գիւ­ղի եկե­ղեցին։ Այժմ հինգ ասո­րի ըն­տա­նիք­ներ կը բնա­կին գիւ­ղին մէջ»։

Աֆ­րէմ թէ իմ թարգմա­նիչս է եւ թէ ու­ղե­ցոյցս։ Յա­ջորդ օր իր հետ Քեր­պուրան գա­ցինք։ Այս գիւղն ալ նման տխուր պատ­մութիւն մը ու­նի։ Քեր­պուրա­նը ար­դէն հի­մա ըն­թարցա­կուած եւ վե­րածուած է գիւ­ղա­քաղա­քի, անունն ալ թրքա­ցուած, դար­ձած է «Տար­կէ­չիթ»։ Սու­րիայէն գաղ­թած ըն­տա­նիք մը եկե­ղեցիի պա­հակու­թիւնը կ՚ընէ։ Փշա­թէլե­րով պաշտպա­նուած եկե­ղեցին ընդվզում յա­ռաջա­ցուց իմ մօտ։ Այս է՞ր կրօնքնե­րու նկատ­մամբ յար­գանքը։ Ապա այ­ցե­լեցինք վա­րին Քաֆ­րօ գիւ­ղը։ Այժմ Գեր­մա­նիա, Հոլ­լանտիա կամ Շվէտ ապ­րող նախ­քին Քաֆ­րօ­ցիներ իրենց մի­ջոց­նե­րով վե­րանո­րոգած են եկե­ղեցին եւ գե­րեզ­մա­նը։

Նոյն օրուան երե­կոյին ասո­րինե­րէ եւ քիւրտե­րէ բաղ­կա­ցած բա­րեկա­մական սե­ղանի մը շուրջ բո­լորուեցանք Թու­րապտին Հո­թէլի մէջ։ Զրոյ­ցի գլխա­ւոր նիւ­թը խա­ղաղու­թիւնն էր։ Բո­լորն ալ հա­մոզուած էին որ Էր­տո­ղան իրեն ի նպաստ չքուէար­կողնե­րը պատ­ժել կ՚աշ­խա­տի։ Բայց եթէ ընտրու­թիւնը կրկնուի այսքան ձայնն ալ պի­տի չստա­նայ։

Օրուան աւար­տը Միտ­յա­թի կրթա­կան քննի­չը բե­րաւ Նա­զըմ Հիք­մէ­թի տո­ղերով՝ «Ապ­րիլ՝ ծառի մը նման մինակ ու ազատ, եւ անտառի մը նման եղբայրաբար»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ