Դարադարձի յաղթական տօնակատարութիւն

Հար­ցում՝ «Ուրտե­ղացի՞ ես», պա­տաս­խան՝ «դեռ չեմ ամուսնա­ցած»։ Ժո­ղովուրդա­կան այս ծի­ծաղա­շարժ են­թադրու­թիւնը կ՚ար­դա­րաց­նեմ սրտանց իւ­րացնե­լով կնոջս ծննդա­վայ­րը։ Դեռ նշա­նուած էինք, երբ առա­ջին ան­գամ այ­ցե­լեցի Մու­սա Լե­րան լան­ջին Վա­քըֆ­լը գիւ­ղը։ «Վա­քըֆ­լը գիւղ» անուանու­մի հա­մես­տութեան ետին կար վիթ­խա­րի պատ­մութիւն մը։ Թէեւ հա­րեւան­ցիօրէն լսած էի այդ պատ­մութեան մա­սին, սա­կայն 1982 թուակա­նի այդ այ­ցե­լու­թիւնով թա­փան­ցե­ցի պատ­մութեան կեն­դա­նի վկա­ներու յու­շե­րուն։ Ծա­նօթա­ցայ Մու­սա Լե­րան քա­ռաս­նօ­րեայ հե­րոսա­կան դի­մադ­րութեան ակա­նատես եղած ծե­րու­նի­ներու հետ։ Այդ պա­տումնե­րը զար­մա­նալիօրէն կը հա­մապա­տաս­խա­նէին անուանի վի­պագիր Ֆրանց Վէր­ֆե­լի վա­ւերագ­րա­կան բնոյթ ու­նե­ցող «Մու­սա Լե­րան 40 Օրե­րը» վէ­պին։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հար­ցում՝ «Ուրտե­ղացի՞ ես», պա­տաս­խան՝ «դեռ չեմ ամուսնա­ցած»։ Ժո­ղովուրդա­կան այս ծի­ծաղա­շարժ են­թադրու­թիւնը կ՚ար­դա­րաց­նեմ սրտանց իւ­րացնե­լով կնոջս ծննդա­վայ­րը։ Դեռ նշա­նուած էինք, երբ առա­ջին ան­գամ այ­ցե­լեցի Մու­սա Լե­րան լան­ջին Վա­քըֆ­լը գիւ­ղը։ «Վա­քըֆ­լը գիւղ» անուանու­մի հա­մես­տութեան ետին կար վիթ­խա­րի պատ­մութիւն մը։ Թէեւ հա­րեւան­ցիօրէն լսած էի այդ պատ­մութեան մա­սին, սա­կայն 1982 թուակա­նի այդ այ­ցե­լու­թիւնով թա­փան­ցե­ցի պատ­մութեան կեն­դա­նի վկա­ներու յու­շե­րուն։ Ծա­նօթա­ցայ Մու­սա Լե­րան քա­ռաս­նօ­րեայ հե­րոսա­կան դի­մադ­րութեան ակա­նատես եղած ծե­րու­նի­ներու հետ։ Այդ պա­տումնե­րը զար­մա­նալիօրէն կը հա­մապա­տաս­խա­նէին անուանի վի­պագիր Ֆրանց Վէր­ֆե­լի վա­ւերագ­րա­կան բնոյթ ու­նե­ցող «Մու­սա Լե­րան 40 Օրե­րը» վէ­պին։

Այդ այ­ցե­լու­թե­նէ այս կողմ զա­նազան առիթ­նե­րով այ­ցե­լած եմ Վա­քըֆ։ Իսկ գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ ի հի­մանէ նո­րոքու­թե­նէն ետք ամէն տա­րուայ աւան­դութիւն մըն է տա­րին գո­նէ եր­կու ան­գամ գիւ­ղին եւ գիւ­ղա­ցինե­րուն մտեր­մութե­նէն բա­ժին ստա­նալու արա­րողու­թիւնը։ Իրաւ ալ արա­րողութեան մը բնոյ­թը ու­նի այդ այ­ցե­լու­թիւննե­րը ին­ծի հա­մար, քա­նի որ ամէն ան­գա­մ նոր յու­զումնե­րով, նոր հրճուան­քով հարստա­ցած կը վե­րադառ­նամ։

Տա­րակոյս չկայ, որ այդ ոգե­ւորու­թիւննե­րուն ամե­նաբարձրը ապ­րե­ցանք վե­րանո­րոգուած եկե­ղեցիի բաց­ման օրե­րուն։ 1997-ի ամառն էր եւ Հա­յաս­տա­նի նա­խագա­հական աթո­ռին վրայ կը գտնուէր Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան։ Իսկ Սուրբ Էջ­միած­նի Կա­թողի­կոսու­թեան գա­հին վրայ Գա­րեգին Ա. Հայ­րա­պետ։ Թուրքիոյ Հա­յոց Մես­րոպ Բ. Պատ­րիարք Սրբա­զանի ճա­ռախօ­սու­թեան մէջ հպար­տութեամբ ար­տա­սանած­նե­րը այ­սօ­րուան նման ականջնե­րուս մէջ է։ «Մու­սա­լեռ­ցին նա­խագահ կը հա­նէ, մու­սա­լեռ­ցին կա­թողի­կոս կը հա­նէ» գո­չած էր Մես­րոպ Սրբա­զանը։

Ապա կ՚ար­ժէ յի­շել խա­ղաղու­թեան երա­նելի այդ քա­նի մը տա­րինե­րը, ուր Թուրքիոյ ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թիւնը որ­դեգրած էր հա­րեւան եր­կիրնե­րու հետ բա­րեկա­մական յա­րաբե­րու­թիւններ մշա­կելու ռազ­մա­վարու­թիւնը։ Վե­րացած էր Սու­րիոյ եւ Լի­բանա­նի նման եր­կիրնե­րու հետ վի­զայի պար­տադրու­թիւնը։ Այդ առի­թէն օգ­տուելով բազ­մա­թիւ նախ­կին մու­սա­լեռ­ցի­ներ Հա­լէպէն, Պէյ­րութէն, Այնճա­րէն ու Քէ­սապէն օթօ­պիւսնե­րով եկած էին Վա­քըֆ­լը։ Ու­րա­խու­թիւնը եւ թա­խիծը իրար խառ­նուած էին անոնց այ­ցե­լու­թեան օրե­րուն։ Մէկ կող­մէն կ՚ապ­րուէր հա­րազատ­նե­րու հան­դի­պու­մով գո­յացած ու­րա­խու­թիւնը, միւս կող­մէ նախ­կին խտրպեկ­ցի­ներ, եօղու­նօ­լուքցի­ներ, հապ­լակցի­ներ, գէ­պու­սի­յէցի­ներ կամ պի­թիաս­ցի­ներ ար­ցունքոտ աչ­քե­րով կը դի­տէին իրենց նախ­նեաց եր­բեմնի տու­նե­րը, որոնց մէջ այ­սօր օտար­ներ կը բնա­կին։ Ակա­մայ կը մրմնջէին «սիրտս նման է էն փլած տու­ներ, կոտ­րեր գե­րան­ներ, խաղխթել են սիւ­ներ։ Բոյն պի­տի դնեն մէջ վայ­րի հաւ­քեր, տօ լա՜ճ տնա­ւեր»։

Ափ­սոս կարճ տե­ւեց գիւ­ղա­պետ Պեր­ճին կամ Շիշ­մա­նենց Պետ­րո­սին, Կար­պի­սին կամ Միհ­րա­նին «շա­բաթը մէկ եր­կու կ՚եր­թանք կու գանք իրա­րու» պատ­մած այդ ու­րախ օրե­րը։ Պա­տերազ­մը վրայ հա­սաւ եւ այս ան­գամ Քէ­սապի պա­պիկ­ներն ու տա­տիկ­նե­րը շատ աւե­լի տխուր պայ­մաննե­րու մէջ հիւ­րա­սիրուեցան Վա­քըֆ­ցի­ներու կող­մէ։

Յաղ­թա­նակի դա­րադարձ

2015-ը հա­յաշ­խարհի հա­մար միան­շա­նակ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադարձն է։ Աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թիւն ամ­բողջ տա­րուան ըն­թացքին յի­շեցին իրենց ան­մեղ զո­հերը, ան­գամ մը եւս մատ­նուելով սու­գի հո­գեբա­նու­թեան։ Պատ­կե­րը բո­լորո­վին տար­բեր է Մու­սա Լե­րան այս հա­մեստ գիւ­ղին մէջ։ Վա­քըֆ­ցի­ները այդ տխուր թուակա­նի դա­րադար­ձին կը յի­շեն իրենց նախ­նեաց քա­ռաս­նօ­րեայ հե­րոսա­կան դի­մադ­րութիւ­նը։ Այդ դի­մադ­րութեան շնոր­հիւ տա­րածաշրջա­նի եօթը գիւ­ղե­րուն շուրջ 5 հա­զար բնակ­չութիւ­նը միայն 18 զո­հերով դուրս եկաւ դժո­խային ար­հա­ւիր­քէն եւ յատ­կա­պէս ալ վա­քըֆ­ցի­ներ յա­ջողե­ցան հայ­րե­նի գիւ­ղը վառ պա­հել մին­չեւ օրս։ Ճիշդ է որ տա­րինե­րու ըն­թացքին անոնք ալ ապ­րե­ցան մեծ կո­րուստներ։ 1939-ին իրենց հա­րեւան­նե­րը կրկին բռնե­ցին գաղ­թի ճամ­բան։ Նոր օր­րաններ դար­ձան Քէ­սապ, Այնճար եւ 1945-էն ետք ալ Հա­յաս­տան։ Գիւ­ղի հայ­կա­կան դպրո­ցը փա­կուե­ցաւ 1940-ին։ Գիւ­ղա­ցինե­րը ստի­պուե­ցան իրենց հա­րազատ­նե­րուն լքած հո­ղատա­րածքնե­րուն հա­մար վարձք տալ Վա­քըֆ­նե­րու Տնօ­րէնու­թեան։ Մա­նաւանդ ալ նոր սե­րունդը ու­սա­նելու մար­մա­ջով մեկ­նե­ցաւ մեծ քա­ղաք։ Ան­վե­րադարձ եղաւ այդ մեկ­նումը, որուն հե­տեւան­քով աւե­լի նուազե­ցաւ գիւ­ղի բնակ­չութիւ­նը։ Ճիշդ է դար­ձեալ, որ գիւ­ղը ու­նի բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­տեսակ խնդիր­ներ։ Սա­կայն ներ­կայ դրու­թեան մէջ կայ նաեւ այդ խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու կամք ու կո­րով ու­նե­ցող երի­տասարդ տար­րեր։ Անոնց շնոր­հիւ է, որ գիւ­ղի տա­րեց­նե­րը աւե­լի լա­ւատես են ապա­գայի նկատ­մամբ։

Հա­րիսա­յի Խրախ­ճանք

Աս­տուածած­նի տօ­նակա­տարու­թեան յատ­կա­նիշ­նե­րէն է մա­տաղ­նե­րու մի­սով պատ­րաստուած հա­րիսան։ Ի յի­շատակ եօթը գիւ­ղե­րուն ամէն տա­րի եօթը կաթ­սա­ներու մէջ եփող աւան­դա­կան ճա­շատե­սակին հա­մար այս տա­րի հարկ եղած էր ու­թե­րորդ մըն ալ աւելցնել։ Ար­դա­րեւ բազ­մա­թիւ ուխտա­ւոր­նե­րու հա­մար հա­զիւ պի­տի բա­ւէր ութ կաթ­սա­ներու բո­վան­դա­կու­թիւնը։ Սա­կայն հա­րիսա­յի պատ­րաստու­թիւնը ար­դէն ինքնին տօ­նական ապ­րում մըն է։ Այդ օր նախ կա­նայք ցո­րենը կը պատ­րաստեն, կաթ­սա­ները կը մաք­րեն, երի­տասարդներ խա­րոյ­կին հա­մար ճիւ­ղեր կը պատ­րաստեն, իսկ տղա­մար­դիկ լծուած են մի­սի պատ­րաստու­թեան։ Նոյն պա­հուն կը հնչէ երաժշտու­թիւնը։ Այս տա­րի Աս­տուածած­նի տօ­նակա­տարու­թեան հա­մար Իս­թանպու­լէն ժա­մանած է «Ոմանք» երաժշտա­կան խումբը։ Անոնք նախ­քան իրենց յայ­տագրին, պաս­տառ մը կը պար­զեն, որուն վրայ գրուած է Քամփ Ար­մէ­նի զօ­րակ­ցութեան պատ­գամ մը։ Յի­շենք որ այս մի­ջոցա­ռու­մէն միայն եր­կու օր առաջ ֆա­շիստներ յար­ձա­կած էին Քամփ Ար­մէ­նի մէջ հեր­թա­պահու­թեամբ դի­մադ­րող տղոց վրայ։

Արի Հեր­կել, Սե­ւան Կա­րապե­տեան, Սա­րօ Ուսթա, Ռու­բէն Մել­քի­սէթօղ­լու եւ Իլ­քէմ Պալ­սէ­չէնէ բաղ­կա­ցող նուագա­խումբի մե­նակա­տարն է Լա­րա Նա­րին։ Ոմանք իր առա­ջին հնչիւննե­րով կը գրա­ւէ ունկնդրի ու­շադրու­թիւնը, որ վառ կը մնայ մին­չեւ վերջ։ Մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռեց Խորհրդա­րանի հա­յազ­գի պատ­գա­մաւոր­ներ Սե­լինա Տո­ղան եւ Կա­րօ Փայ­լա­նի ժա­մանու­մը։ Գիւղացիներ ու ներկաներ երկարատեւ ծափահարութիւններով ողջունեցին անոնց ներկայութիւնը։ Գիշերուան մինչեւ ուշ ժամեր տեւող խրախճանքի աւարտին գիւղի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար իր հետ ունենալով զոյգ երեսփոխանները եւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճանը, իր սրտի խօսքը փոխանցեց, թէ ներկաներուն եւ թէ այս հաւաքոյթը պատուող երեսփոխաններուն։ Բոլորին համար ուշագրաւ էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի բացակայութիւնը ժողովրդական այս խանդավառ միջոցառումի ընթացքին։

Յաջորդ օր Արամ Սրբազանի նախագահութեամբ կատարուեցաւ Սուրբ Պատարագ ձեռամբ գիւղի երէց Աւետիս Քահանայ Թապաշեանի։ Ս. Պատարագը խորհրդաւոր իմաստ կը ստանար գիւղի պատանիներէն կազմուած եւ ուխտաւոր դպիրներու մասնակցութիւնով զօրացած դպրաց կազմի երգեցողութիւններով։

Աւարտին ամէն կողմէ կը լսուէր նոյն բարեմաղթանքը՝ «Աստուած գալ տարուան արժանի ընէ»։

«Ըկուզ տարա սաղ ու բարու»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ