Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը իր խնդիրներով

Նախորդ տարուայ համեմատ՝ այս տարի Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը փոքրիկ աճ մը կը ներկայացնէ։ 2014-ի երկրորդ եռամսեայի համեմատ՝ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը այս տարի աճած է 1,8%-ով։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային Վիճակագրութեան Ծառայութիւնը (ՀՀ ԱՎԾ)՝ 2015թ. երկրորդ եռամսեակին Հայաստան այցելած է 256.917 զբօսաշրջիկ։ Անոնց մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն հայրենիքէն դուրս բնակուող հայեր, որոնք ամրան ամիսները կ՚օգտագործեն հայրենի բնաշխարհ այցելելու ու տեսարժան վայրերուն ծանօթանալու համար։

ԷՄՄԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Նախորդ տարուայ համեմատ՝ այս տարի Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը փոքրիկ աճ մը կը ներկայացնէ։ 2014-ի երկրորդ եռամսեայի համեմատ՝ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը այս տարի աճած է 1,8%-ով։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային Վիճակագրութեան Ծառայութիւնը (ՀՀ ԱՎԾ)՝ 2015թ. երկրորդ եռամսեակին Հայաստան այցելած է 256.917 զբօսաշրջիկ։ Անոնց մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն հայրենիքէն դուրս բնակուող հայեր, որոնք ամրան ամիսները կ՚օգտագործեն հայրենի բնաշխարհ այցելելու ու տեսարժան վայրերուն ծանօթանալու համար։

Միեւնոյն ժամանակ, այս տարուայ երկրորդ եռամսեային զբօսաշրջութեան նպատակով հանրապետութենէն մեկնած է 250.326 մարդ։ Այստեղ եւս նախորդ տարուայ համեմատ աճ կը նկատուի. 2014-թ. համապատասխան ժամանակաշրջանի նկատմամբ զբօսաշրջութեան նպատակով հանրապետութենէն մեկնած հայերու ցուցանիշը աճած է 1%-ով։

Հայերու համար մատչելի, բայց միեւնոյն ժամանակ նաեւ հաճելի հանգիստ կազմակերպելու հարցը երկընտրանքի առարկայ է. հանգստանալ Հայաստանի մէջ, թէ՞ Հայաստանէն դուրս։ Զբօսաշրջիկներու՝ առաւել մատչելի տարբերակ ընտրելու ցանկութիւնը հիմնականին կանգ կ՚առնէ Հայաստանէն դուրս գտնուող հանգստեան գօտիներու վրայ, քանի որ անոնք շատ աւելի մատչելի են, քան Հայաստանեան հանգստավայրերը, օրինակ Ծաղկաձորը, Սեւանը, Ջերմուկը, Աղվերանը կամ Դիլիճանը։ Նշուած հանգստեան գօտիներ կ՚այցելեն հիմնականին սոցիալական փաթեթէն օգտուող քաղաքացիները, այն ալ ընդամէնը մի քանի օրով։ Ծովի պակասը լրացնել ցանկացողներուն օգնութեան կը հասնի Սեւանալիճը, սակայն Սեւան այցելելու ցանկութիւնն ալ կը վերանայ, երբ առաջ կու գան հիւրանոցի բարձր գիները ու վճարովի լողափերը։ Իսկ ընդամէնը մի քանի հանրային լողափերը բաւական չեն բազմաթիւ քաղաքացիներու պահանջները բաւարարելու համար։

Նոյն եւ գուցէ աւելի լաւ պայմաններուն Հայաստանի համեմատ աւելի քիչ գումար ծախսելով հայերը իրենց ամարային հանգիստը կ՚անցնեն Հայաստանէն դուրս՝ Եւրոպայի, Եգիպտոսի, իսկ աւելի յաճախ՝ Վրաստանի մէջ, քանի որ այն շատ աւելի մօտ կը գտնուի Հայաստանին եւ այնտեղ ծովափերը վճարովի չեն։ Վրաստանի մէջ Հայաստանի համեմատ աւելի մատչելի են նաեւ հիւրանոցներու եւ հիւրատներու վարձավճարները։ Պաթումի մէջ, օրինակ, հիւրատան մէկ օրուայ արժէքը մէկ անձի համար մօտ 5.000 դրամ է, իսկ տան վարձակալութեան արժէքը՝ մէկ օրուան համար 20-25 հազար դրամ։ Ասոր փոխարէն Սեւանի մէջ մէկ օրուան համար միջին կարգի հիւրանոցի երկտեղանոց համարն կ՚արժէ 40 հազար դրամ։

ՀՀ քաղաքացի Մերի Կոլոլեանն, օրինակ, 2 տարի առաջ ամառային իր հանգիստը անցուցած է Սեւանալճի, հիւրանոցի մը մէջ եւ մէկ սենեակի համար վճարած է՝ 20 հազար դրամ։ Սեւանալճի մէջ անցուցած իր հանգստէն դժգոհ մնալով յաջորդ տարի արդէն Մերին որոշած է իր հանգիստը կազմակերպել դուրս. -Որոշեցի գնալ Քոբուլեթի, քանի որ շատերէն լսած էի, որ այնտեղ շատ աւելի մատչելի է, քան Հայաստանի հանգստավայրեր։ Եւ իսկապէս համոզուեցայ փորձելով։ Մէկ սենեականոց շատ յարմարաւետ տան համար վճարած ենք օրական ընդամէնը 10 հազար դրամ, ամէն յարմարութիւն ապահովուած էր։ Իսկ Սեւանի հիւրանոցի մէջ տաք ջուր անգամ չկար։ Մի քանի անգամ աւելի գոհ եմ Վրաստանի հանգստէն, քան Հայաստանի, - մեզ հետ զրուցած ատեն նշեց Մերի Կոլոլեանը։ Այս տարի նոյնպէս Մերին իր հանգիստը կազմակերպած է Հայաստանի սահմաններէն դուրս։ Արսէն Վարդանեանը շատ մը հանգստավայրեր այցելած է թէ Հայաստանէ ներս եւ թէ Հայաստանի սահմաններէն դուրս։ Հայաստան եղած է Աղվերան, Գորիս, Ստեփանավան, Սեւան եւ Դիլիջան հանգստավայրերը, Հայաստանէն դուրս՝ եղած է Իտալիա, Վրաստան, Ավստրիա, Գերմանիա, Փորթուկալիա, Թուրքիա եւ մի շարք այլ երկրներ։ Ան կ՚ըսէ՝ Հայաստան խնդիրը բարձր գները չեն, այլ ցածր աշխատավարձը. -Իրապէս շատ մարդիկ յանապազօրեայ հացի խնդիր ունին եւ շատ դժուար է նոյնիսկ մտածել հանգստի մասին։ Հանգստի մեկնելէ առաջ, ի հարկէ, կը քննես առաջարկուած գները։ Ի տարբերութիւն արտասահմանեան երկրներու՝ Հայաստանի մէջ հանգստի երթալու գները անհամեմատ թանկ կ՚երեւին՝ զուտ հիւրատներու քիչ կամ առհասարակ բացակայութեան պատճառով։ Հայաստան ունինք հզօր ժառանգութիւն՝ չունինք մատչելի թաքսի ծառայութիւն մատուցող կազմակերպութիւններ։ Տարբեր բնակավայրերու մէջ, սպասարկման ոլորտին բազմաթիւ թերացումներ կը տեսնուին։ Հասարակական զուգարաններու բացակայութիւնն իսկ ինքնին լուրջ խնդիր է։ Մարզերու մէջ ալ բաւարար չափով չեն տիրապետեր օտար լեզուներուն։ Օրինակ Թուրքիոյ մէջ այս ամէնուն կը տիրապետեն։ Պիտի խոստովանիմ, որ Իսթանպուլի մէջ միայն օդանաւակայանին վճարած եմ 25 տոլար գումար մուտքի վիզայի համար եւ անգամ կը դժուարանամ մտաբերել, թէ ինչքան քիչ գումար կը ծախսեմ այս քաղաքի մէջ. բացի այն, որ համեմատակամ կերպով աժան են ապրանքները, Իսթանպուլի մէջ ես առաջին անգամ տեսայ, թէ ինչպէս են սրճարաններուն, ճաշասրահներուն, հրուշակեղէնի խանութներուն մէջ կը հիւրասիրեն, կը սպասարկեն անվճար, երբ կ՚իմանան որ Հայաստանէն եկած ես,- նշում է Արսէնը։

Այս ցուցանիշները կը վկայեն, որ նմանատիպ պարագային Հայաստանի մէջ թուրիզմի զարգացման հաւանականութիւնը շատ չնչին է, քանի որ պատմական մեծ հետաքրքրութիւն ունեցող երկրներուն մէջ աւելի որակեալ հանգիստ անցնելու հնարաւորութիւնը Հայաստանի համեմատ կրկնակի աժան է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ